Առաջնորդարանէն

ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԹԵՄԻ 50ԱՄԵԱԿԻ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԵԱՆ

Չորեքշաբթի, 21 Դեկտեմբերին, Արեւմտեան Թեմի Ազգային Առաջնորդարանը օփերայի համերգ մը կազմակերպած էր Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին (St. Mary) եկեղեցւոյ մէջ, որ մաս կը կազմէր Թեմի 50ամեակի տօնակատարութեան, նախագահութեամբ Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպիսկոպոսի։ Ներկայ էին Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, եւ Գանատայի Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս։

Ձեռնարկին ընթացքին խօսք առնելով, Անուշաւան Արքեպիսկոպոս հետեւեալ պատգամը տուաւ.

Յանուն Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի մեծ ընտանիքին, կը շնորհաւորեմ Արեւմտեան Թեմի կազմութեան յիսնամեայ տօնախմբութիւնը, որ լռելեայն կը ներառէ 65ամեայ ծառայութեան վաստակ մը, ընդ հովանեաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Սուրբ Աթոռին։

Ինչպէս ծնողաց համար անհուն հրճուանք է իրենց զաւակներու աճումն ու զարգացումը, յաջողութիւնն ու երջանկութիւնը,Մայր Թեմիս եւս խոր ուրախութիւն կը պատճառեն Արեւմտեան Թեմի վիթխարի քայլերով ու կոթողական նուաճումներով յառաջդիմութիւնը, զարգացումը եւ ներդրումը ի սպաս հայ կեանքին։

Այսպէս կոչուած ներքին Սփիւռքէն ետք, որ կը պարփակէ նախկին խորհրդային եւ ներկայ ռուսական տարածաշրջանը, գալիֆորնիահայութիւնը կը հանդիսանայ մեծագոյն գաղութը քանակական եւ որակական զոյգ մակարդակներով։ Արդարեւ, Մայր Հայրենիքէն, Պարսկաստանէն եւ առ հասարակ Միջին Արեւելքէն հոսող պարզ անհատներու եւ գիտութեան ու արուեստի բոլոր մարզերէն ներս տաղանդներու  ընդունարան հանդիսացաւ այս շնչող ու ապրող աւազանը, դառնալով սփիւռքեան մեծագոյն գաղութը, որմէ կ՚ակնկալուի բարձրագոյն մակարդակի պատասխանատուութիւն եւ դերակատարութիւն համահայկական ծառայութեան ծիրէն ներս։ 

Հոգելոյս Տէր Զարեհ Ա Հայրապետի մարգարէական տեսիլքով ու հայրական գուրգուրանքով 1957 թուականին ծնունդ առած Ամերիկայի Կիլիկեան Տիրախնամ Թեմը, 1973ին Արեւմտեան, իսկ 2002ին Գանատայի ճիւղաւորեալ թեմերով, վառ կը պահեն հայ հաւատքն ու ինքնութիւնը երկնասլաց գմբէթներով, Մաշտոցեան դրօշակակիր ուսումնարաններով, գաղափարական կեդրոններով, մարդասիրական, մշակութային, մարմնակրթական ու երիտասարդական կառոյցներով ի պատիւ հայ ժողովուրդին եւ ի փառս Աստուծոյ։

Դարերու դիմաց հայ ժողովուրդի լինելութեան գանձանակին մէջ զետեղուած Հիւսիսային Ամերիկայի մեր Թեմերու աստուածահաճոյ ծառայութեան լումայի առարկայական գնահատումն է որ կը տօնախմբենք այսօր, եւ որ պատմութիւնը արդար կերպով պիտի արձանագրէ ի լուր յաջորդ սերունդներուն։ Եւ որքան որ փառապանծ առիթ մըն է այս օրը՝ ոգեկոչելու մեր նախորդ սերունդներու անպատում երազներն ու զոհողութիւնները, նոյնքան եւ մղիչ ոյժ կը հանդիսանայ իրապաշտ կերպով կերտելու տոկուն ապագան։

Սիրելիներ, հայ ժողովուրդը Բագրատունեաց  եւ Ռուբինեանց թագաւորութիւններու անկումէն ետք տարբեր երկիրներու մէջ ունեցած է գաղութներ, որոնք ոչինչէն սկսելով զարգացած եւ բացառիկ յաջողութիւններ ձեռք ձգած, եւ ժամանակի սղոցի դէմ տժգունած ու հիւծած են։ Հետեւաբար, բոլորիս հրամայական ձգտումը պէտք է ըլլայ,  հազարամեայ սփիւռքեան մեր փորձառութեան պատուանդանին վրայ, օգտագործելով ներկայի ընձեռած աշխարհագրական, ընկերային, նիւթական այլազան բարիքները, կառուցել հրաշափառ ապագան։

Մեր լինելութեան սրբազան երթին մէջ Ցեղասպանութենէն ետք ամենէն ճակատագրական այս ժամանակաշրջանին, մեր հայրերէն եկող գոյութենական պատգամը, որ կը խտացուի անլռելի զանգակատուն հանդիսացող չարենցեան նուիրական նշանաբանով՝ «Ո՛վ հայ ժողովուրդ,  քո միակ փրկութիւնը քո հաւաքական ոյժի մէջ է», ապրինք, գործենք ու հզօրանանք իրարմով, յանուն մեր հերոս նահատակներուն, յանուն մեր Հայրենիքին եւ սփիւռքեան մեր գոյապահպանման ամրոցներուն, յանուն նորահաս սերունդին, եւ, նահատակ գրագէտ Դանիէլ Վարուժանի բառերով, յանուն մեր ժողովուրդի «վարդահեղեղ արշալոյս»ներուն։

Այս հաւատքով ու յոյսով կը շնորհաւորեմ Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի յիսնամեակը եւ կ՛աղօթեմ որ անկիւնադարձային այս տօնախմբութիւնը տասնապատկուի ու հարիւրապատկուի ի խնդիր հայութեան արդար իրաւունքներու իրագործման եւ մարդկութեան յառաջդիմութեան, մեր աչքերը միշտ յառած Երկինքէ՛ն կախ ընկած Լուսաւորչի Կանթեղին եւ յաւերժահարս Արարատին։