ԿԻՐԱԿԻ, 5 ՓԵՏՐՈՒԱՐ Դ․ ԿԻՐԱԿԻ ԾՆՈՒՆԴԷՆ ԵՏՔ
ՃՇ. ԸՆԹԵՐՑՈՒՄ
Եսայի 63. 7-18
ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 6. 22-38
Յաջորդ օր, ժողովուրդը՝ որ մնացած էր լիճին միւս կողմը, տեսաւ թէ հոն միայն մէկ նաւակ կար, որուն մէջ Յիսուսի աշակերտները մտան եւ առանձինն գացին. իսկ
Յիսուս աշակերտներուն հետ նաւակ չմտաւ: Յետոյ Տիբերիայէն ուրիշ նաւակներ ալ եկան հոն, ուր Յիսուս Աստուծոյ գոհութիւն տալով բազմացուցած էր հացը եւ տուած ժողովուրդին, որպէսզի ուտեն: 24Ժողովուրդը տեսնելով թէ Յիսուս հոն չէր, ոչ ալ իր աշակերտները, նաւակները առին եւ Կափառնաում եկան Յիսուսը փնտռելու համար:
Երբ զինք գտան լիճին միւս կողմը, հարցուցին.
– Վարդապե՛տ, ե՞րբ եկար հոս:
Յիսուս անոնց պատասխանեց.
– Կ’ըսեմ ձեզի, վստահաբար դուք զիս կը փնտռէք՝ ո՛չ թէ որովհետեւ հրաշքներ տեսաք, այլ որովհետեւ այդ հացէն կերաք եւ կշտացաք: Փոխանակ կորստական ուտելիքը փնտռելու, ջանացէք ապահովել այն կերակուրը որ յաւիտենական կեանքի մէջ կը մնայ: Այդ կերակուրը Մարդու Որդին պիտի տայ ձեզի, որովհետեւ Հայրն Աստուած իր հաւանութեան կնիքը դրաւ անոր վրայ:
Անոնք հարցուցին.
– Ի՞նչ ընենք, որ Աստուծոյ ուզածը կատարած ըլլանք:
Յիսուս անոնց պատասխանեց.
– Աստուծոյ ուզած գործը այն է, որ հաւատաք անոր՝ որ ինք ղրկեց:
Անոնք ըսին.
– Ի՞նչ հրաշք պիտի գործես, որպէսզի տեսնենք եւ քեզի հաւատանք. ի՞նչ պիտի ընես: Մեր հայրերը մանանան կերան անապատին մէջ, ինչպէս գրուած է. «Անոնց երկինքէն հաց տուաւ ուտելու համար»:
Յիսուս անոնց ըսաւ.
– Ճշմարտութիւնը կ’ըսեմ ձեզի, թէ ինչ որ Մովսէս ձեզի տուաւ՝ երկինքէն իջած հացը չէր: Հայրս է որ ձեզի կու տայ երկինքէն իջած ճշմարիտ հացը: Որովհետեւ Աստուծոյ տուած հացը ան է՝ որ երկինքէն կ’իջնէ եւ կեանք կու տայ աշխարհին:
Անոնք ըսին.
– Տէ՜ր, մի՛շտ տուր մեզի այդ հացը:
Յիսուս ըսաւ անոնց.
– Ես եմ կեանքի հացը: Ան որ ինծի կու գայ՝ բնաւ պիտի չանօթենայ եւ ան որ ինծի կը հաւատայ՝ երբեք պիտի չծարաւնայ: Բայց նախապէս ըսի ձեզի, տեսաք ալ զիս, եւ տակաւին չէք հաւատար: Բոլոր անոնք որ Հայրը ինծի կու տայ՝ ինծի պիտի գան, եւ ես ինծի եկողը պիտի չմերժեմ. որովհետեւ ես երկինքէն իջայ՝ ո՛չ թէ իմ կամքս կատարելու, այլ կամքը անոր՝ որ զիս ղրկեց:
Բ. ՆԱՄԱԿ ՏԻՄՈԹԷՈՍԻՆ 3. 1-12
Սա՛ եւս գիտցիր, թէ վերջին օրերուն դժուար ժամանակներ պիտի գան, որովհետեւ մարդիկ պիտի դառնան անձնասէր, դրամապաշտ, ամբարտաւան, հպարտ, հայհոյիչ, ծնողներուն անհնազանդ, ապերախտ, սրբութիւնները ոտնակոխող, տմարդի, անգութ, չարախօս, անհանդուրժող, դաժան, բարիին թշնամի, մատնիչ, անպատկառ, գոռոզ, եւ աւելի հեշտանքը սիրող՝ քան զԱստուած: Երեւութապէս աստուածապաշտ են անոնք, բայց խորքին մէջ չեն հաւատար աստուածպաշտութեան զօրութեան: Զգուշացի՛ր անոնցմէ: Անոնց մէջ կան նաեւ այնպիսիներ, որոնք տունէ տուն կը մտնեն եւ իրենցմով կը հրապուրեն մեղքերով ծանրաբեռնուած եւ զանազան ցանկութիւններէ բռնուած թեթեւաբարոյ կիները, որոնք միշտ կ’ուզեն գիտնալ, բայց երբեք ճշմարիտ գիտութեան չեն հասնիր: Այնպէս ինչպէս Եանէս եւԵամբրէս մոգերը Մովսէսի հակառակեցան, միտքով ապա-կանած եւ հաւատքով սնանկ այս մարդիկն ալ ճշմարտութեան կը հակառակին: Բայց իրենց յաջողութիւնը երկար չի տեւեր, որովհետեւ իրենց անմտութիւնը շուտով յայտնի պիտի ըլլայ բոլորին, ճիշդ ինչպէս այն երկուքինը եղաւ:
Բայց դուն կառչա՛ծ մնա իմ ուսուցումիս, կեանքի օրինակիս, յօժարութեանս, հաւատքիս, համբերատարութեանս, սիրոյս եւ յարատեւութեանս, որոնք ցուցաբերեցի՝ նոյնիսկ հալածանքներուս եւ չարչարանքներուս մէջ: Գիտես թէ ի՛նչ պատահեցաւ ինծի Անտիոքի, Իկոնիոնի եւ Լիստրայի մէջ. թէ ի՛նչպիսի հալածանքներ կրեցի, եւ այդ բոլորէն Տէրը զիս ազատեց: Նոյնպէս, բոլոր անոնք որոնք կ’ուզեն աստուածպաշտութեամբ Քրիստոս Յիսուսի միացած ապրիլ, անպայման հալածանքներու պիտի ենթարկուին: