ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ՆԻՒ ՊՐԻԹԸՆ ԱՅՑԵԼԵՑ
Կիրակի, 26 Փետրուարին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, նախագահեց Ս. Պատարագին եւ քարոզեց Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ (Նիւ Պրիթըն, Քընէթիքըթ)։ Ս. Պատարագը մատուցանեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժպ. Տ. Սամուէլ Քհն. Աճէմեան։ Յաւարտ Ս. Պատարագի, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը նախագահեց ՀՕՄի մահացած անդամներուն, հիմնադիրներուն եւ բարերարներուն հոգեհանգստեան արարողութեան։
Իր պատգամին մէջ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը գնահատեց Հայ Օգնութեան Միութեան գործունէութիւնը, աւելի քան 110 տարիներ հայ կեանքը ոռոգելով բարեսիրական, մշակութային եւ ընկերային ծառայութիւններով։ Ան յատկապէս շեշտեց, որ ՀՕՄը միշտ ներկայ է առաջին գծի վրայ հոն ուր որ հայ կեանքը կը տագնապի աղէտներով, եզրակացնելով, որ Ազգային Առաջնորդարանի միշտ զօրավիգ կը կանգնի ՀՕՄի աստուածահաճոյ առաքելութեան։