Առաջնորդարանէն, Մեր ծուխերէն

ՌՈՏ ԱՅԼԸՆՏԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ ՏԱՆ ԽՕՍՆԱԿ ՇԵՔԱՐՉԻ ԵՒ ՆԱՀԱՆԳԱՅԻՆ ԾԵՐԱԿՈՒՏԱԿԱՆ ԹԻՔՈՅԵԱՆ ՄԵԾԱՐՈՒԵՑԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻ ՃԱՇԿԵՐՈՅԹԻՆ

Ձախէն աջ՝ Ռիչըրտ Հեննինկ (Փրաւիտընսի Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Թեմի Եպիսկոպոս), Տէյվիտ Փ. Թիքոյեան (Ռոտ Այլընտի նահանգային ծերակուտական), Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, Ք. Ճոզէֆ Շեքարչի (Ռոտ Այլընտի Ներկայացուցիչներու Տան խօսնակ), Քաթրին Ղազարեան (Ռոտ Այլընտի Ներկայացուցիչներու Տան մեծամասնութեան պետ) եւ Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ (Փրաւիտընս) հոգեւոր հովիւ՝ Արժպ. Տ. Գաբրիէլ Քհն. Նազարեան

Ուրբաթ, 19 Մայիսին, Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի նիստերու երկրորդ օրուան աւարտին, Ազգային Առաջնորդարանը կազմակերպած էր տարեկան ճաշկերոյթը Crowne Plaza Hotelի մէջ (Ուորուիք, Ռոտ Այլընտ)։ Միացեալ Նահանգներու, Հայաստանի եւ Արցախի ազգային քայլերգներու երգեցողութենէն, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի բացման աղօթքէն ու ընթրիքէն ետք, հանդիավարը՝ Ազգային Վարչութեան ատենապետ՝ Յակոբ Ա. Սրկ. Խաչատուրեան, բացման խօսքը կատարեց, յայտնելով, թէ երեկոյեան պատուոյ հիւրերն էին Ռոտ Այլընտի Ներկայացուցիչներու Տան խօսնակ՝ Ք. Ճոզէֆ Շեքարչի, եւ Ռոտ Այլընտի նահանգային ծերակուտական՝ Տէյվիտ Փ. Թիքոյեան։

Պեթանի Սօուսա Ռշտունի եւ Ռաֆֆի Ռշտունի

Թալին Տօնոյեան եւ Ռոստոմ Մկրտիչեան

Պրն. Խաչատուրեան շնորհակալութիւն յայտնեց հիւրընկալող՝ Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ (Փրաւիտընս, Ռոտ Այլընտ), անոր հոգեւոր հովիւ՝ Արժպ. Տ. Գաբրիէլ Քհն. Նազարեանին, Հոգաբարձութեան, Տիկնանց Միութեան, Արանց ակումբին եւ կազմակերպիչ յանձնախումբին, որոնք իրենց ջանքերը չէին խնայած ժողովի հեզասահ կազմակերպութեան համար։ Ան յայտնեց, թէ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի նամակը Ազգային Երեսփոխանական Ժողովին կը բխէր «խորին համոզումէն, որ ուժեղ Սփիւռք մը կը նշանակէ ուժեղ Հայրենիք մը, եւ, փոխադարձաբար, ուժեղ Հայրենիք մը նախապայմանն է ուժեղ Սփիւռքի մը համար»։

Լեւոն Աթթարեան (Փրաւիտընսի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ատենապետ) բարի գալուստ կը մաղթէ

Եզրակացնելով իր խօսքը, ան դիտել տուաւ, որ  Ազգային Վարչութեան գործունէութեան այս տարուան ծրագիրը եւ այս ժողովի ընթացքին յանձնախումբերու քննարկումները «պէտք է դարձեալ ուժեղացնեն մեր յանձնառութիւնը ծառայելու Հաւատքով, Յոյսով եւ Սիրով, եւ ամէն բանէ վեր, ուժեղացնեն մեր սփիւռքահայ ինքնութիւնը»։

Ձեռնարկի գեղարուեստական բաժնին իրենց մասնակցութիւնը բերին Ռաֆֆի Ռշտունի (դաշնակ), Պեթանի Սօուսա Ռշտունի (ջութակ), Թալին Տօնոյեան եւ Ռոստոմ Մկրտիչեան (մեներգ)։

Ձախէն աջ՝ Բարշ. Յակոբ Ա. Սրկ. Խաչատուրեան (Ազգային Վարչութեան ատենապետ), Արփի Տօնոյեան, Մայքլ Սիմոնեան, Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, Ներսէս Տօնոյեան, Սարգիս Մէնիսեան եւ Արժպ. Տ. Գաբրիէլ Նազարեան

Բարի գալուստի խօսքը արտասանեցին Արժպ. Տ. Գաբրիէլ Քհն. Նազարեան եւ Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ատենապետ՝ Լեւոն Աթթարեան։ Վերջինս անդրադարձաւ խօսքէ դէպի գործ երթալու կարեւորութեան մասին՝ «մեր փոքրիկ Հայաստանը վերակառուցելու համար», ակնարկելով համավարակին յաջորդող ժամանակաշրջանին Արեւելեան Թեմին մէջ։ «Արդէն ենթակառուցուածքը ունինք.  նպատակը անոր պահպանումն էր եւ բարելաւումը՝ անցեալէն աւելի լաւ։ Պէտք է հետեւինք երեք քայլերու. նորարարութիւն, ներշնչում եւ յանձնառութիւն»։

Արժպ. Տ. Գաբրիէլ Նազարեան բարի գալուստ կը մաղթէ

Յայտագրի յաջորդ բաժնին մէջ, Առաջնորդարանի գնահատագրեր յանձնուեցան Փրաւիտըսնի համայնքէն չորս երիտասարդներու՝ Արփի Տօնոյեանին, Մայքլ Սիմոնեանին, Ներսէս Տօնոյեանին եւ Սարգիս Մէնիսեանին, Հայ Եկեղեցւոյ կեանքին մէջ անոնց օրինակելի մասնակցութեան եւ համայնքի երիտասարդութեան իբրեւ օրինակ ծառայելուն համար։ Դրուատալից եւ ներշնչող խօսքերով, Գաբրիէլ Քհն. ներկայացուց երիտասարդները, որոնց գնահատագրերը յանձնուեցան Առաջնորդ Սրբազան Հօր կողմէ։

Ռոտ Այլընտի Ներկայացուցիչներու Տան խօսնակ Ք. Ճոզէֆ Շեքարչի կը ստանայ «Արծիւ՝ Առաջնորդարանի» մրցանակը

Քաթրին Ղազարեան՝ Ռոտ Այլընտի Ներկայացուցիչներու Տան մեծամասնութեան վարիչ, ներկայացուց Ներկայացուցիչներու Տան խօսնակ Ճոզէֆ Շեքարչին, ընդգծելով անոր հայանպաստ աշխատանքը, ներառեալ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումն ու ոգեկոչումը, որոնք իրեն արժանի դարձուցած էին «Արծիւ՝ Առաջնորդարանի» մրցանակին, զոր յանձնեց Անուշաւան Արքեպիսկոպոս։ Պրն. Շեքարչի շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր ու Առաջնորդարանին այս մեծարանքին համար եւ վերահաստատեց իր հայանպաստ դիրքորոշումը, հաստատելով, որ «այնքան ատեն, որ Ներկայացուցիչներու Տան խօսնակ եմ, հայերը բարեկամ մը պիտի ունենան հոն»։

Ռոտ Այլընտի նահանգային ծերակուտական Տէյվիտ Փ. Թիքոյեան կը ստանայ «Տարուան Մարդ» մրցանակը

Արժպ. Տ. Կոմիտաս Ա. Քհն. Պաղսարեան՝ նախկին հոգեւոր հովիւ Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ (Փրաւիտընս, Ռոտ Այլընտ), ներկայացուց եկեղեցւոյ երկարամեայ ծխական՝ ծերակուտական Տէյվիտ Թիքոյեանը, իբրեւ Ազգային Առաջնորդարանի «Տարուան Մարդ»ը։ Ծերակուտական Թիքոյեան շնորհակալութիւն յայտնեց «այս իմաստալից մրցանակով մեծարուելու անհաւատալի ու խորունկ պատիւը», աւելցնելով, թէ «չեմ կրնար առանձինս ընդունիլ այս պատիւը, որովհետեւ օրհնուած եմ շրջապատուած ըլլալով ընտանիքով, բարեկամներով եւ հոգեւոր ղեկավարներով, որոնք իրենց աջակցութիւնը տուած են ինծի, զիս առաջնորդած եւ ուղեցոյց եղած եմ՝ միշտ ճիշդը գործելու եւ լաւ ընտրութիւններ կատարելու»։

Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի իմաստալից փակման խօսքերէն եւ «Կիլիկիա» երգի յոտնկայս երգեցողութենէն ետք, օրուան վերջին պահը կազմեցին Ազգային Առաջնորդարանի եւ Արեւելեան Թեմի Առաջնորդարանի Տիկնանց Միութիւններու Ընկերակցութեան վիճակահանութիւնները։

Անուշաւան Արքեպիսկոպոս փակման խօսքը կը կատարէ