Առաջնորդարանէն

«ՄԵԾՆ ՆԵՐՍԷՍ» ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆ 30ԱՄԵԱԿԸ

Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, կը մեկնի Հայաստան նախագահելու համար «Մեծն Ներսէս» բարեգործական կազմակերպութեան 30ամեակի ձեռնարկներուն։

Այս առթիւ, տեղի պիտի ունենայ յատուկ հանդիսութիւն մը յառաջիկայ Հինգշաբթի, 29 Յունիսին, Երեւանի Յակոբ Պարոնեանի անուան թատրոնին մէջ։ Կազմակերպուած են նաեւ արուեստի եւ գրականութեան մրցոյթներ Երեւանի գեղարուեստի ակադեմիայի եւ Հայաստանի Գրողներու Միութեան կեդրոնին մէջ, որոնց արդիւնքները պիտի յայտարարուին 27 եւ 28 Յունիսին։

«Լաւագոյն մաղթանքներս եւ խորունկ հիացումս կը յայտնեմ «Մեծն Ներսէս» բարեսիրական ծրագրին միջոցաւ կատարուած ու կատարուող բարի աշխատանքին համար», ըսաւ կազմակերպութեան որբերու ծրագրի հովանաւորներ դոկտ. Թոմըս Սամուէլեան։ «Պատիւ մըն է չնչին կերպով անոր սատարել»։

Երեք ճակատագրական տասնամեակներ ապրած ենք «Մեծն Ներսէս»ի հաստատումէն ի վեր։ Պէտք է յիշել, որ անոր հիմքը դրուած էր նախապէս, 1988ի աղէտալի երկրաշարժին։  Թեմիս լուսահոգի Առաջնորդ՝ Մեսրոպ Արքեպիսկոպոս այս դժբախտութիւնը վերածած էր  հայրենիքին ծառայելու պատեհութեան մը՝ նուիրատուութիւններ հանգանակելով եւ կարիքաւորներուն օգնութեան հասնելով։ Ան 1993ին հիմը դրաւ «Մեծն Ներսէս» կազմակերպութեան։

Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, շարունակելով նախորդ առաջնորդներու առաքելութիւնը, ամբողջութեամբ յանձնառու է զօրավիգ կանգնելու «Մեծն Ներսէս» կազմակերպութեան գործունէութեան, միշտ աշխատելով նոր միջոցներ գտնել ձեռք երկարելու Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններուն մէջ կարիքի մէջ գտնուող անձերու։