Մեր ծուխերէն

Ս. ՍՏԵՓԱՆՈՍ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԹԻՐԱԽ ԵՂԱԾ Է ԱՏԵԼԱՎԱՌ ՊԱՏԳԱՄԻ ՄԸ

Երկուշաբթի, 25 Սեպտեմբերի առաւօտեան, Ուոթըրթաունի (Մէսէչուսէթս) Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ ճակատի ցուցանակի մը վրայ փակցուած էր գրութիւն մը, որ կ՚ըսէր. «Արցախը ոչ եւս է։ Ղարաբաղը Ատրպէյճան է»։

Ուոթըրթաունի ոստիկանատունը գրութեան պարագան ատելութեան ոճիր համարած է եւ հետաքննութիւն կը կատարէ։ Ոստիկանութիւնը աւելցուցած է հսկողութիւնը եկեղեցւոյ եւ Ս. Ստեփանոս ամէնօրեայ վարժարանի շրջանին մէջ, յատկապէս դպրոցական ժամերուն։ Կամաւորներու խումբ մը պիտի շրջապատէ դպրոցը աշակերներու ժամանումի եւ մեկնումի ժամերուն։