Առաջնորդարանէն

ՄԵԾ ՊԱՀՔԻ ԾՐԱԳՐԻ ՉՈՐՐՈՐԴ ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ՆԻՒԹՆ ԷՐ՝ ԿԻՆԵՐԸ ԵՒ ՂԵԿԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

Չորեքշաբթի, 6 Մարտին, տիկ. Նայիրի Պալճեան-Պել դասախօսեց Ազգային Առաջնորդարանի եւ Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ  համատեղ կազմակերպած Մեծ Պահքի յայտագրին՝ հսկումի կարճ արարողութենէն ետք։Դասախօսութիւնը դիտելու համար, սեղմեցէք այստեղ։

Տիկ. Նայիրի Պալճեան-Պել Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ (Ուոթըրթաուն, Մէսէչուսէթս) կիրակնօրեայ վարժարանի ներկայ տնօրէնուհին, կրօնքի մագիստրոսի տիտղոս ունի Կորտըն-Գոնուէլ աստուածաբանական ճեմարանէն եւ կը դասաւանդէ իր մասնագիտութեամբ։ Անոր նիւթն էր՝ «Անհաւանական վկաները. ի՞նչ կ՚ուսուցանեն մեզի Աւետարանի կիները ղեկավարութեան մասին մերօրեայ եկեղեցւոյ մէջ»։ Դասախօսը վեր առաւ ղեկավարութեան վեց կալուածներ ուր կիներ, ինչպէս եւ տղամարդիկ, կը ծառայեն եկեղեցւոյ, օրինակներ բերելով Նոր Կտակարանէն եւ Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ ժամանակակից կեանքէն։

Դասախօսութեան աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն, զոր կը հովանաւորէր ՀՕՄ-ի «Մայր» մասնաճիւղը։

Չորեքշաբթի, 13 Մարտին, տոքթ. Արի Սրկ. Նալպանտեան պիտի դասախօսէ «Եթէ կ՚ուզէք, որ ձեր զաւակները եկեղեցի ըլլան վաղը, ստիպեցէք, որ այսօր երթան» նիւթին շուրջ։