ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔԸ ՎԵՐՋ ԳՏԱՒ
Ազգային Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքը առցանց դասընթացք մը կազմակերպած էր կիրակնօրեայ վարժարաններու ուսուցիչներու համար։ «Ս. Գիրքը մտիկ ընել. Աստուածաշունչը մեկնաբանելու ռազմավարութիւններ» խորագրով դասընթացքը ներկայացուց հիմնական մեթոտներ՝ Աստուածաշունչը կարդալու եւ մեկնաբանելու աշխարհականի տեսանկիւնէն։ Անոր ընթացքին կատարուեցաւ պատմական շրջապատի հետախուզութիւնը, գրական շրջագիծի ու լսարանի յայտնաբերումը, բանաւոր ու գրաւոր ձեւերու առանձնացումը, կառոյցի վերլուծումը, բառերու եւ նախադասութիւններու հետազօտութիւնը եւ ամբողջ նիւթի համադրումը։ Դասընթացքը վարեց բաժանմունքի վարիչ՝ Բարշ. Շանթ Ա. սրկ. Գազանճեանը։
Ամսական մէկ ժամուան դրութեամբ Մայիս 2023-ին սկսած դասընթացքին մասնակցեցան 17 ուսուցիչներ եւ տնօրէններ հետեւեալ եկեղեցիներէն՝ Ս. Լուսաւորիչ (Նիւ Եորք), Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ (Ֆիլատելֆիա), Ս. Վարդանանց (Ռիճֆիլտ, Նիւ Ճըրզի), Ս. Սարգիս (Տակլըսթըն, Նիւ Եորք), Ս. Վարդանանց (Փրաւիտընս, Ռոտ Այլընտ), Ս. Երրորդութիւն (Ուստըր, Մէսէչուսէթս), Ս. Ստեփանոս (Ուոթըրթաուն, Մէսէչուսէթս) եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ (Նորթ Անտովըր, Մէսէչուսէթս)։