ԿԻՐԱԿԻ, 28 ԱՊՐԻԼ, ԵՐԵՒՄԱՆ Ս. ԽԱՉ
Ընթերցումներ՝ Գաղատացիներուն 6.14-18, Մատթէոս 24.30-36. 1) Ղուկաս 11.33-12.12; 2) Առաքեալներու Գործերը 17.1-15, 1 Յովհաննէս 1.1-10, Յովհաննէս 7.14-23, 3) Մատթէոս 13.53-58, Յովհաննէս 19.25-30, 4) Մարկոս 6.30-44
ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 7.14-23
Տաղաւարահարաց տօնակատարութեան մօտաւորապէս կէսին, Յիսուս տաճար ելաւ եւ սկսաւ ուսուցանել: Հրեաներ կը զարմանային եւ կ’ըսէին.
– Ի՞նչպէս այս մարդը Սուրբ գիրքերը գիտէ, երբ բնաւ չէ ուսած զանոնք:
Յիսուս պատասխանեց անոնց.
– Ինչ որ ձեզի կ’ուսուցանեմ՝ իմ վարդապետութիւնս չէ, այլ անորը՝ որ զիս ղրկեց: Ով որ կ’ուզէ Աստուծոյ կամքը կատարել, պիտի հասկնայ՝ թէ Աստուծմէ՞ է այս վարդապետութիւնը, թէ ես իմ հեղինակութեամբս կը խօսիմ: Ան որ իր հեղինակութեամբ կը խօսի՝ իր անձին համար փառք կը փնտռէ, իսկ ան որ զինք ղրկողին փառքը կը փնտռէ, ճշմարիտ է եւ խաբէութիւն չկայ անոր մէջ: Մովսէս ձեզի Օրէնքը չտուա՞ւ. սակայն ձեզմէ ո՛չ ոք կը հնազանդի Օրէնքին: Ինչո՞ւ կ’ուզէք զիս սպաննել:
Ժողովուրդը պատասխանեց.
– Դիւահա՞ր ես, ի՞նչ ես. ո՞վ կ’ուզէ քեզ սպաննել:
Յիսուս պատասխանեց.
– Հրաշք մը գործեցի եւ բոլորդ վրդովեր էք: Մովսէս հրահանգեց թլփատել ձեր զաւակները –թէեւ Մովսէս չէր սկսողը, այլ ձեր նախահայրերը– եւ դուք ձեր զաւակները կը թլփատէք Շաբաթ օրով: Եթէ մէկը կը թլփատէք Շաբաթ օրով, որպէսզի չբեկանուի Մովսէսի Օրէնքը, ինչո՞ւ զայրացած էք ինծի դէմ, որովհետեւ մէկը ամբողջութեամբ բժշկեցի Շաբաթ օրով:
ԱՌԱՔԵԱԼՆԵՐՈՒ ԳՈՐԾԵՐԸ 17:1-15
Ամփիպոլիս եւ Ապոլոնիա քաղաքները շրջելէ ետք, Պօղոս եւ Շիղա Թեսաղոնիկէ եկան, ուր Հրեաներու ժողովարան մը կար: Պօղոս ըստ իր սովորութեան ժողովարան գնաց եւ երեք Շաբաթ օրեր անոնց խօսեցաւ: Կը բանար ու կը բացատրէր Սուրբ գիրքերը, անոնցմով կ’ապացուցանէր, թէ ի՛նչպէս Քրիստոս պիտի չարչարուէր ու մեռելներէն յարութիւն առնէր, եւ կ’ըսէր.
– Այն Յիսուսը, որ ես ձեզի կը քարոզեմ, ա՛ն է Քրիստոսը՝ խոստացուած Փրկիչը:
Թեսաղոնիկեցի Հրեաներէն ոման հաւատացին եւ Պօղոսի ու Շիղայի յարեցան: Նոյնպէս անոնց յարեցան շատ մը աստուածապաշտ Յոյներ եւ նկատառելի թիւով երեւելի կիներ:
Հրեայ ղեկավարները նախանձեցան եւ փողոցներէն քանի մը դատարկապորտ անօրէններ հաւաքելով՝ ամբոխ կազմեցին, ամբողջ քաղաքը խռովեցին եւ Յասոնի տան վրայ խուժեցին՝ Պօղոսն ու Շիղան բռնելու եւ ժողովուրդին առջեւ հանելու համար: Բայց երբ զանոնք չգտան, Յասոնն ու քանի մը ուրիշ հաւատացեալներ քաշեցին տարին քաղաքի իշխաններուն առջեւ, պոռալով.
– Այս մարդիկը, որոնք ամբողջ աշխարհը իրար անցուցին, հիմա մեր քաղաքը եկեր են, եւ Յասոն իր տունը առեր է զիրենք: Ասոնք բոլորը կայսրին հրահանգներուն հակառակ կը գործեն, որովհետեւ ուրի՛շ թագաւոր մը կը ճանչնան՝ Յիսուս անունով:
Այս խօսքերով անոնք խռովեցուցին ամբոխը եւ քաղաքի իշխանները: Սակայն իշխանները Յասոնէն եւ միւս քրիստոնեաներէն երաշխաւորութիւն առնելով՝ ազատ արձակեցին զանոնք:
Հազիւ գիշերը վրայ հասած՝ քրիստոնեաներ Բերիա ղրկեցին Պօղոսն ու Շիղան, որոնք երբ հոն հասան՝ Հրեաներու ժողովարանը գացին: Բերիայի Հրեաները աւելի ազատամիտ էին քան Թեսաղոնիկեցիները, ուստի մեծ յօժարութեամբ ընդունեցին Աստուծոյ խօսքը եւ ամէն օր Սուրբ գիրքերը կը քննէին, տեսնելու համար թէ ճշմարի՞տ են Պօղոսի քարոզածները: Անոնցմէ շատեր հաւատացին: Նմանապէս հաւատացին բազմաթիւ ազնուական Յոյն կիներ եւ այրեր: Բայց երբ Թեսաղոնիկէի Հրեաները իմացան թէ Պօղոս Բերիայի մէջ եւս Աստուծոյ խօսքը քարոզեց, հոն ալ եկան՝ ժողովուրդը գրգռելու եւ խռովութիւն ստեղծելու համար: Ուստի հաւատացեալները անմիջապէս Պօղոսը մինչեւ ծովեզերք ղրկեցին, իսկ Շիղա եւ Տիմոթէոս հոն մնացին: Պօղոսի ընկերացողները զինք մինչեւ Աթէնք հասցուցին եւ ապա Բերիա դարձան, Շիղայի եւ Տիմոթէոսի համար Պօղոսէն պատուէր առնելով՝ որ շուտով գան իր մօտ:
1 ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ 1:1-10
Մենք լսեցինք, մեր աչքերով տեսանք եւ մեր ձեռքերով շօշափեցինք Որդին, Բանը, որ սկիզբէն իսկ կեանքի ստեղծիչն էր: Անիկա նոյնինքն կեանքն էր, որ յայտնուեցաւ: Մենք տեսանք եւ կը վկայենք, ձեզի պատմելով անոր մասին, այսինքն՝ յաւիտենական կեանքին մասին, որ Հօրը հետ էր եւ այժմ մեզի յայտնուեցաւ: Ինչ որ տեսանք ու լսեցինք՝ կը պատմենք ձեզի, որպէսզի դո՛ւք ալ մասնակից դառնաք այն հաղորդակցութեան որ մենք ունինք Հօրը եւ անոր Որդիին՝ Յիսուս Քրիստոսի հետ, եւ ձեր ուրախութիւնը կատարեալ ըլլայ: Ահա թէ ինչո՛ւ կը գրենք ձեզի այս նամակը:
Պատգամը, որ իրմէ լսեցինք եւ ձեզի կը փոխանցենք, սա է՝ թէ Աստուած լոյս է, բնաւ խաւար չկայ անոր մէջ: Արդ, եթէ ըսենք՝ «Հաղորդակից ենք իրեն», եւ միւս կողմէ շարունակենք խաւարի մէջ ապրիլ, կը ստենք ահա եւ ճշմարտութիւնը չենք գործադրեր: Իսկ եթէ լոյսի մէջ քալենք, ինչպէս ինք լոյսի մէջ է, այն ատեն ճշմարտապէս հաղորդակից կ’ըլլանք իրարու, եւ իր Որդւոյն Յիսուսի արիւնը կը սրբէ մեզ ամէն մեղքէ:
Եթէ ըսենք՝ «Մեղք չունինք», մենք մեզ կը խաբենք եւ մեր մէջ ճշմարտութիւն չկայ: Իսկ եթէ խոստովանինք մեր մեղքերը, վստահ եղէք՝ թէ Աստուած, որ արդար է, պիտի ներէ մեր մեղքերը եւ մեզ պիտի սրբէ մեր բոլոր անիրաւութիւններէն: Եթէ «Մեղք չգործեցինք» ըսենք, ստախօս կը հանենք զԱստուած, եւ մեր մէջ իր խօսքը չկայ: