ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՆԻՒ ՃԸՐԶԻԻ ՄԷՋ

Հինգշաբթի, 27 Փետրուարին, Սրբոց Վարդանանց տօնին առիթով, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, պատարագեց ու քարոզեց Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ (Ռիճֆիլտ, Նիւ Ճըրզի)։ Ներկայ էին Նիւ Ճըրզիի «Յովնանեան» վարժարանի բարձր դասարաններու աշակերտները։ Սրբազան Հայրը քարոզին անդրադարձաւ Վարդանանց ճակատամարտի ճակատագրական դերին մեր հայ քրիստոնեայ լինելութեան եւ ինքնութեան գիտակցութեան հզօրացման ի խնդիր։ Ան յայտնեց, թէ Վարդանանց ուխտը օրինակելի է բոլոր դարերու մեր ժողովուրդի զաւակներուն համար, որպէսզի մեր ազատ կամքը գործադրենք աստուածարմատ մեր հաւատքի պահպանման համար, ըսելով, թէ, ինչպէս բոլոր դարերուն, այսօր եւս մեր ազատ կամքի գործադրութիւնը կրնայ նշանակալից ըլլալ մեր անձնական, ընտանեկան, հաւաքական թէ ազգային կեանքի ուղղութեան մէջ։ Իր խօսքը ուղղելով յատկապէս «Յովնանեան» վարժարանի աշակերտներուն, Սրբազան Հայրը ըսաւ, թէ, որպէս նոր սերունդի ներկայացուցիչներ, լաւագոյնս օգտուին հայ կրթօճախէն ներս իրենց փորձառութիւններէն՝ իրենց հայու նկարագիրը կերտելու համար։
Յաւարտ Ս. Պատարագի, եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ յատուկ տօնակատարութիւն, որ ճոխացաւ «Յովնանեան» վարժարանի աշակերտներու ասմունքներով եւ մեներգներով նուիրուած Վարդանանց նահատակներուն։ Եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ատենապետ՝ Հրաչ Մեսրոպեան, բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, յայտնելով, թէ Վարդանանց տօնակատարութիւնը ամենայն կանոնաւորութեամբ տեղի կ՚ունենայ վարժարանի աշակերտներու ներկայութեամբ, որովհետեւ եկեղեցին վարժարանի ծննդավայրը հանդիսացած է։ Տօնախմբութիւնը աւարտեցաւ Սրբազան Հօր պատգամով։ Սրբազան Հայրը նախ իր ուրախութիւնը, որ եկեղեցին օժտուեցաւ նոր հոգեւոր հովիւով յանձին Հոգշ. Տ. Վաչէ Վրդ. Պալըգճեանի եւ բարձրօրէն գնահատեց եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան տարած աշխատանքները։ Ապա վեր առաւ գաղութին մէջ գործող միակ հայկական ամէնօրեայ վարժարանը, որ հաւատքի կողքին գրաւականն է մեր մշակոյթի պահպանման։ Ան քաջալերեց ծնողները իրենց զոհողութեան երթին մէջ, որ ամենայն գիտակցութեամբ իրենց զաւակները հայ դպրոց կը բերեն։
Ձեռնարկին ներկայ էին Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժպ. Տ. Մեսրոպ Քհն. Լագիսեան, եւ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ (Թրոյ, Նիւ Եորք) հոգեւոր հովիւ՝ Արժպ. Տ. Վահան Քհն. Գույումճեան։