Առաջնորդարանէն

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ՝ Ս. ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Կիրակի, 8 Մարտին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, ներկայ եղաւ Ս. Պատարագին Սուրբ Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ։ Պատարագեց ու քարոզեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժպ. Տ. Մեսրոպ Ա. Քհն. Լագիսեան։ Սրբազան Հայրը նախագահեց յատուկ հոգեհանգստեան պաշտօնին  Սումկայթի, Կիրովապատի (1988) եւ Պաքուի (1990) նահատակներուն յիշատակին։

Յաւարտ Սուրբ Պատարագի, հոգեւոր հովիւը եւ հոգաբարձութիւնը Կանանց Միջազգային Օրուան առթիւ գեղեցիկ գաղափարը յղացած ըլլալով, Սրբազան Հօրմէն խնդրած էին, որ անձամբ վարդով պատուէ իգական սեռի բոլոր անդամները։ Սրբազան Հայրը ուրախութեամբ նշեց, որ այս օրը, որքան որ միջազգային կանանց օր է, նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի ծննդեան տարեդարձն է։ Այս առթիւ, ան քաջառողջութիւն եւ բազմաբեղուն կեանք մաղթեց Նորին Սրբութեան։ Միաժամանակ, ան մաղթեց, որ մեր մայրերը եւ քոյրերը առաքինի կեանքով եւ իրենց կոչումին վերապահուած բարձրագոյն գիտակցութեամբ վառ պահեն մեր ընտանեկան սրբութիւններն ու աւանդութիւնները։

Այնուհետեւ, տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն մը «Փաշալեան» սրահին մէջ։ Հոգաբարձութեան ատենապետ՝ մեթր Արմէն Մորեան, բարի գալուստ մաղթեց, իսկ մեթր Անահիտ Ուղուրլայեան ներկայացուց օրուան դասախօս՝ Աննա Աստուածատրեան-Թըրքոթ, որ իր անձնական փորձառութեան ընդմէջէն կենդանի կերպով ներկայացուց Պաքուի, Սումգայթի եւ Կիրովապատի ահաւոր ջարդերը, եւ այնուհետեւ բաժնեկից դարձուց ներկաները չարը բարիով յաղթանակելու իր յանձնառութեան, ստեղծելով «Սէր Արցախ», «Սէր Սիւնիք» բարեսիրական հոյակապ ծրագիրները։

Հոգեւոր հովիւ Տէր Մեսրոպ Քհն. շնորհաւորեց օրուան դասախօսը, որ ընդառաջելով եկեղեցւոյ հրաւէրին, յանձն առած էր ճամբորդել Մէյնէն իր դասախօսութեան համար։ Հուսկ ապա, Սրբազան Հայրը բարձրօրէն գնահատեց Աննա Աստուածատրեան-Թըրքոթի աստուածատուր շնորհքը, որով ո՛չ միայն տեղի չէր տուած ազերի իշխանութիւններու 400 հազար հայերու դէմ կիրարկուած խժդժութեանց եւ տեղահանման, այլ հայու աննահանջ կամքով վէրքը վերածած էր երգի՝ վեր հանելով անցեալի դէպքերը եւ միաժամանակ դնելով աւելի լուսաւոր ապագայի հիմքերը իր նախաձեռնած ծրագիրներով։

Յայտագրի աւարտին, դասախօսը ստորագրեց իր հեղինակած գործերը։