Prelacy News, Prelacy News

2014 NRA Message

ՊԱՏԳԱՄ
ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻ
ՏԻԹՐՈՅԻԹ, 14-17 ՄԱՅԻՍ, 2014


Գերաշնորհ, հոգեշնորհ եւ արժանապատիւ հոգեւոր եղբայրներ,
Մեծայարգ հիւրեր եւ ժողովականներ,
Քրիստոնէական եւ հայրական ջերմ սիրով կþողջունեմ ձեզ բոլորդ, Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի Ազգային Երեսփոխանական Ժողովին առիթով։ Սրտանց կþաղօթեմ, որ ամենակալ Աստուծոյ օրհնութեամբ եւ շնորհքներով ժողովական մեր նիստերը ընթանան հեզասահ, արդիւնալից եւ օգտաշատ՝ մեր մտածումները եւ ծրագրումները կեդրոնացնելով մեր եկեղեցւոյ եւ ժողովուրդին յառաջդիմութեան, հոգեւոր եւ ազգային կեանքի կենսունակութեան եւ մեր գործունէութեան նպատակասլաց ճիգերուն վրայ։Ամէն բանէ առաջ փառք եւ գոհութիւն կը յայտնեմ բարձրեալն Աստուծոյ, որ իր առատ ողորմութեան եւ քաղցր սիրոյ մէջ պահեց մեզ՝ որպէս իր կամքը կատարող մշակներ, որպէսզի Աւետարանի քարո- զութեամբ եւ մեր եկեղեցւոյ սկզբունքներուն, կանոններուն եւ աւան- դութիւններուն հաւատարմութեամբ ծառայենք մեր պանծալի ժողո- վուրդին։ Յաւիտեան փառք քեզի, Տէր։

Երախտագիտութեան զգացումներով եւ որդիական ակնածանքով շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան արժանընտիր Վեհափառ Հայրապետին, Նորին Սուրբ Օծութիւն Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, իր ցուցաբերած հայրական հոգածութեան եւ ցուցմունքներուն համար։ Վեհափառ Հայրապետին խորհուրդներն ու թելադրութիւնները մեծապէս նպաստեցին Թեմիս արդիւնաւոր գործու- նէութեան։ Նախանցեալ տարուան Հոկտեմբեր ամսուն ընթացքին, հա- կառակ նախապէս կատարած մեր ծրագրումներուն, դժբախտաբար կա- րելի չեղաւ Վեհափառ Հայրապետը ունենալ մեր մէջ եւ արժանանալ Հայրապետական իր այցերուն եւ օրհնութեան։ Սուրիոյ քաղաքացիական կռիւները եւ մեր մայր գաղութին՝ Հալէպի դժնդակ եւ անորոշ վիճակին մէջ Վեհափառ Հայրապետը ջնջեց պաշտօնական հովուապետական այցե- լութիւնը՝ մօտիկ ըլլալու իր հարազատ հօտին եւ մօտէն հետաքրքրուելու անոնց վիճակով եւ պատշաճ ցուցմունքները տալու եւ ապահովելու նիւթական կարիքները մեր հարազատ քոյրերուն եւ եղբայրներուն։

Եղբայրական ողջոյնի խօսք ունիմ Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Բարձրաշնորհ Տ. Մուշեղ Արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեանին։ Ողջոյններ Քանատայի Թեմի նորընտիր Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Մեղրիկ Եպիսկոպոս Բարիքեանին, որ անցեալ շաբաթ ստանձնեց իր առաջնոր- դական պաշտօնը, յաջորդելով Բարձրաշնորհ Տ. Խաժակ Արքեպիսկոպոս Յակոբեանին։ Ինչպէս անցնող տարիներուն, նոյնպէս ալ յառաջիկային մեր յարաբերութիւնները քոյր թեմերուն հետ պիտի շարունակուին մնալ մտերիմ ու եղբայրական։ Երկու առաջնորդներուն յաջողութիւն կը մաղ- թենք աստուածահաճոյ իրենց առաքելութեան մէջ, որպէսզի կարենան ամենայն նուիրումով առաջ տանիլ իրենց վստահուած պատասխանատու պաշտօնը՝ մեր եկեղեցւոյ եւ ժողովուրդին բարօրութեան եւ վերելքին համար։

Եղբայրական ողջոյններ Էջմիածնական Թեմի Առաջնորդ Բարձրաշնորհ Տ. Խաժակ Արքեպիսկոպոս Պարսամեանին, որուն հետ մեր յարաբերու- թիւնները եղան մտերիմ եւ յարգալիր, եւ զանազան մարզերէ ներս գործակցելով ջանացինք եւ կը ջանանք ամրացնել Հայ Եկեղեցւոյ ներքին կեանքը։

Յանուն Ազգային Վարչութեան Կրօնական եւ Վարչական Ժողով- ներուն, մեր Թեմի եկեղեցական բոլոր համայնքներուն եւ հաւատացեալ- ներուն, յատուկ ողջոյնի խօսք ունիմ Տիթրոյիթի Սուրբ Սարգիս Եկեղեց- ւոյ Հոգեւոր Հովիւին՝ Արժանապատիւ Տ. Հրանդ Քահանայ Գէորգեա- նին, Հոգաբարձութեան եւ յարակից մարմիններուն, որոնք կը հիւրնըկա- լեն ներկայ Ազգային Երեսփոխանական Ժողովը եւ մեր կեցութիւնը կը դարձնեն հանգիստ եւ հաճելի։

Այս առիթով, սրտանց յաջողութիւն կը մաղթեմ Տիթրոյիթի Սուրբ Սարգիս Եկեղեցւոյ համայնքին եւ քոյր կազմակերպութիւններուն իրենց նոր ծրագիրներուն մէջ։ Վստահ ենք որ ծանօթ էք դուք բոլորդ, թէ մեր համայնքը տարիներէ ի վեր կը մտածէր եկեղեցին եւ կեդրոնը փոխադրել աւելի հայահոծ շրջան մը մեծագոյն Տիթրոյիթի մէջ, որպէսզի կարենան աւելի լայն ծառայութիւն մատուցանել մեր ժողովուրդին, ստեղծելով առաւել յարմարութիւններ եւ միջավայր։ Արդէն իսկ կատարած ենք հողօրհ- նէքը նոր գնուած ընդարձակ հողաշերտին եւ յուսով ենք որ մօտիկ ապա- գային մեր մտածումներն ու ծրագիրները կեանք կþառնեն։

Սրտի պարտք կը զգամ շնորհակալութիւն յայտնել Առաջնորդա- կան Փոխանորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Անուշաւան Եպիսկոպոս Դանիէլեանին, մեր հոգեւոր հովիւներուն եւ քահանայ հայրերուն, ինչպէս նաեւ Ազգային Վարչութեան Կրօնական եւ Վարչական Ժողովներուն անդամներուն, մեր թեմի բոլոր հոգաբարձական կազմերուն, նուիրեալ ազգայիններուն եւ բարերարներուն, որոնք հաւատարմութեամբ եւ ժրաջանութեամբ ծառայեցին մեր ժողովուրդին եւ նպաստեցին ներդաշնակ եւ արդիւնալից գործունէութեան եւ իրագործումներուն։

***

Սիրելի Ժողովականներ,

Այս տարուան իմ պատգամս կþուզեմ կեդրոնացնել երեք բնագա- ւառներու վրայ։

1.- Հայ ժողովուրդին կեանքը, Հայաստանի մէջ թէ ամբողջ Սփիւռքի տարածքին, վերջին երեք տարիներուն ընթացքին եղաւ անցկալից եւ խորապէս մտահոգիչ՝ Սուրիոյ մէջ տիրող քաղաքացիական կործանարար կացութեան պատճառով։ Ցեղասպանութենէն ետք մեր ժողովուրդի վերածնութեան մայր գաղութը, յատկապէս Հալէպը, ապրեցաւ եւ տա- կաւին կþապրի ահաւորութիւնը քաղաքացիական պատերազմին եւ անորո- շութիւնը գալիքին։ Հազարամեայ Քեսապը, վերջին մնացորդը Կիլիկեան մեր թագաւորութեան, անգամ մը եւս հայաթափուեցաւ, օժանդակու- թեամբը եւ մասնակցութեամբը նոյն թշնամիին, որ ցեղասպանութեան ոճիրով մեզ բռնի տեղահանեց մեր դարաւոր հայրենիքէն։ Սուրիահա- յութեան ցաւալի առօրեային հոգեպէս եւ մտապէս մասնակից պէտք է դառնայ իւրաքանչիւր հայ, ուր որ ալ գտնուի։ Ազգային Առաջնորդա- րանս իր մնայուն ծրագրին մաս կազմած է հանգանակութեան արշաւը, նոյնիսկ զեղչելով կարգ մը այլ ծրագիրներ, որոնք առաջադրած էինք սկսիլ։ Լաւագոյն օրինակը Առաջնորդարանի նոր շէնքին շինութիւնն էր, որ առժամապէս հասկնալի պատճառներով յետաձգած ենք։

Ինչպէս ըսի, իւրաքանչիւր հայու սրտի պարտքն է, անսակարկելի պարտաւորութիւնը՝ օժանդակելու կարեկից մեր քոյրերուն եւ եղբայր- ներուն, կանգուն եւ կենդանի պահելու համար այն գաղութը որ մշտահոս մայր աղբիւր եղաւ սփիւռքի մէջ յետ-եղեռնեան հայու կեանքին։ Այո, հայուն եւ քրիստոնեային անդրանիկ պարտաւորութիւնն է ձեռք երկա- րել անոնց, այլապէս մեր արեան կանչը եւ քրիստոնէական հաւատքը կը դառնան սոսկական մտածում եւ զգացում։ Հայը ան չէ որ հայրենասի- րութիւն կը քարոզէ, քրիստոնեան ան չէ որ միայն Աստուածաշունչ կը կարդայ, այլ հայրենասիրութիւնը պէտք է ցոյց տայ իր զոհողութեամբ եւ քրիստոնէական հաւատքը՝ գործով ու կեանքով։

Մեր սրտագին աղօթքն է առ Աստուած, որ շուտով լռեն պատե- րազմի ձայները, համակեցութեան ոգին զօրանայ, որպէսզի Սուրիան գտնէ նախկին իր խաղաղ ու շինարար կեանքը։

2.- 100-ամեակ Հայկական Ցեղասպանութեան

Ցեղասպանութեան Եղեռնի ենթարկուած ոեւէ ժողովուրդի վերապ- րումի կեանքը կարելի չէ կատարեալ եւ ամբողջական կերպով նկա- րագրել, քանի ցեղասպանութեան ահաւոր եւ խոր սպիները անբուժելի կերպով կը մնան այդ ժողովուրդին հաւաքական յիշողութեան մէջ։ Այս հոգեվիճակին մէջ ապրեցաւ հայ ժողովուրդը 1915-էն մինչեւ այսօր։ Եւ եթէ ուզենք գրի առնել հայ ժողովուրդին կրած ցեղասպանութեան պատ- մութիւնը, անպայման պիտի հաստատենք որ անիկա սոսկ ընդունուած ցեղասպանութիւն մը ըլլալով հանդերձ՝ ցեղասպանութենէն անդին հրէշային արարք մըն էր, որ ծրագրուած ու կազմակերպուած կերպով 1915-1923 տարիներու ընթացքին գործադրուեցաւ եւ մինչեւ այսօր կը գործադրուի մեր ժողովուրդին վրայ, քանի մենք՝ վերապրողներս, տակաւին շարունակութիւնն ենք ցեղասպանութեան պատմութեան, որ մարդկային սպանդէն ետք ապրեցանք ցաւն ու տառապանքը մեր ընտա- նիքներէն ներս, սպանութենէն ազատած մեր ծնողներուն եւ մեծ-ծնողնե- րուն ներկայութեամբ։ Այո, ցեղասպանութենէն աւելի խոր եւ ահաւոր եղեռն էր եւ է, ինչ որ պատահեցաւ մեր ժողովուրդին – մարդկային միլիոնաւոր զոհ, մշակութային ջարդ (որ տակաւին կը շարունակուի), հայրենի տունի եւ հայրենիքի կորուստ, որուն որպէս պահանջատէր ժառանգորդներ, ահաւասիկ 99 տարիներ կը շարունակենք պաքարիլ, եւ դիմանալ՝ հոգեկան եւ զգացական բեկումներով։ Վեհափառ Հայրապետը, Նորին Սուրբ Օծութիւն Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս երեք բառերու մէջ կը խտացնէ մեր պայքարը, որ չէ ուղղուած միայն ոճրագործ թուրքին եւ համայն մարդկութեան, այլ մանաւանդ մեզի, իրաւունքի եւ դատի տէր հայորդիներուս – Յիշել, յիշեցնել, պահանջել։

Այնպէս ինչպէս Հայաստանի մէջ եւ աշխարհի բոլոր ծագերուն՝ մեր ժողովուրդը կը պատրաստուի ոգեկոչել ցեղասպանութեան ոճիրին հարիւրամեակը, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան շրջանն ալ, երբեմն գործակցաբար Արեւմտեան շրջանին, շուրջ տարիէ մը ի վեր աշխատանքի մէջ ենք՝ ծրագրելու եւ գործադրութեան դնելու ոգեկոչման եւ անոր կապուած զանազան ձեռնարկներ, որոնք նախ կը միտին յիշելու մեր մարդկային, հողային եւ մշակութային ահաւոր կորուստը, յիշեցնե- լու ամբողջ մարդկութեան Հայկական Ցեղասպանութիւնը, երախտագէտ ըլլալով այն ժողովուրդներուն, որոնք ցաւակից եղած են մեզի եւ մեր կողքին կանգնած են, եւ մա՛նաւանդ պահանջելու մեր իրաւունքները, հաւաքական եւ միասնական ճիգով։

Ահա այս առաջադրանքով Էջմիածնական Առաջնորդ՝ Բարձրաշնորհ Տ. Խաժակ Արքեպիսկոպոս Պարսամեանին հետ համախորհուրդ, հրաւի- րեցինք Հայ Եկեղեցւոյ Կաթողիկէ եւ Աւետարանական համայնքները, քաղա- քական կուսակցութիւնները, բարեսիրական միութիւնները եւ Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբն ու Հայկական Համախմբումը, եւ կազմեցինք միացեալ Կեդրոնական Յանձնախումբը, որպէսզի միասնական ճիգերով եւ աշխատանքով արժանաւորապէս կազմակերպենք յառաջիկայի մեր ծրագիրները եւ իրագործենք զանոնք, ձեռնարկները տարածելով 2015 տարուան ամբողջ տեւողութեան, մեր բոլոր համայնքներուն մէջ։

Առիթը պիտի ունենանք Երեսփոխանական այս պատկառելի ժողո- վի ընթացքին աւելի երկար խօսելու, քննելու եւ լսելու զանազան հարցերու եւ առաջարկներու մասին։ Նկատի առնուած բոլոր ձեռնարկներէն կþա- ռանձնացնեմ 2015 Մայիս, 7-11—ին Ուաշինկթընի ձեռնարկները, որոնք լաւագոյն արտայայտութիւնը պիտի ըլլան մեր միասնական մասնակ- ցութեան։ Չորս օրերու վրայ տարածուած ձեռնարկները իրենց ներկա- յութեամբ եւ մասնակցութեամբ պիտի հովանաւորուին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս՝ Նորին Սուրբ Օծութիւն Տ.Տ. Գարեգին Բ. Հայրապետին եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս՝ Նորին Սուրբ Օծութիւն Տ.Տ. Արամ Ա. Հայրապետին կողմէ։ Մեր սպասումն է, որ այս ձեռնարկներուն մեր բոլոր համայնքները գործօն մասնակցութիւն բերեն՝ արժանավայել կեր- պով յիշելու մեր ցեղասպանութեան զոհերն ու դատը, յիշեցնելու զայն եւ պահանջելու մեր արդար եւ անժամանցելի իրաւունքները։

Ուստի կը թելադրենք ջերմօրէն, որ ձեր խորհուրդներով եւ առաջարկներով նեցուկ կանգնիք մեր համայնքներէն ներս ծրագրուած բոլոր ձեռնարկներուն։ Այս մասին յատուկ հրահանգ պիտի ուղղուի հոգեւոր հովիւներուն եւ հոգաբարձութեանց, որպէսզի Կեդրոնական Յանձնախումբին օրինակով իրենք ալ կազմեն միացեալ յանձնախումբեր եւ մեր ժողովուրդը հրաւիրեն տէր կանգնելու նահատակներու կտակին եւ անոնց արդարութեան սպասող կանչին։

3.- Այս տարի կþաւարտի առաջնորդական պաշտօնիս չորրորդ շրջանը։ Այլ խօսքով, ահաւասիկ 16 տարուան ծառայական շրջան մը կը բոլորեմ, տարիներ՝ որոնք իմ համեստ ոյժերովս նուիրեցի եկեղեցւոյ եւ բարե- պաշտ մեր ժողովուրդին պայծառութեան եւ հոգեւոր սնուցումին։

Չեմ ուզեր այստեղ յիշատակել այն բոլոր ծրագիրները (դաստիա- րակչական, վարչական, հրատարակչական, ընկերային եւայլն), որոնք յաջողութեամբ իրագործուեցան շնորհիւ Կրօնական եւ Վարչական Ժողովներուն, ինչպէս նաեւ մեր հոգեւոր հովիւներուն, հոգաբար- ձութեանց եւ յարակից մարմիններուն աջակցութեամբ եւ քաջալերան- քով։ Ամէն բանէ առաջ սրտանց շնորհակալութիւն կը յայտնեմ բոլորին անխտիր, իրենց ցուցաբերած նուիրումին համար։

Ասիկա ըսելով հանդերձ երբ կը վերատեսեմ ծառայական կեանքիս 16 տարիները, կը գիտակցիմ որ առանց մասնաւոր դիտաւորութեան ամէն ինչ կատարեալ յաջողութեամբ չկրցայ պսակել։ Ասիկա՝ ոչ թէ որովհետեւ դժուարութիւն ունէի անտեսելու, թերագնահատելու կարգ մը ծրագիրներ եւ անոնց գործադրութիւնը, այլ ներքին ու արտաքին կացութիւններ, տնտեսական համեստ կարելիութիւններ եւ մարդկային տկարութիւններ, պատճառ դարձան որ կարելի չըլլայ ամէն ինչ, ծրագիր եւ իրագործում, նկարագրել պայծառ ու վառ գոյներով։ Յաջողութիւն- ները կը պատկանին մեր բոլոր գործակիցներուն, իսկ բացթողումները՝ ինծի, մարդկային տկար բնութեան։

Այստեղ կþուզեմ քանի մը մտածումներով արտայայտել փորձառու- թենէս բխող մտահոգութիւններ, որոնք դիտելու ենք անշահախնդիր կերպով եւ ապագան տեսնելու աւելի շինիչ կեցուածքով։

ա.– Անցեալ տարուան իմ պատգամիս մէջ յատուկ տեղ տուեր էի ղեկավարութեան պատրաստութեան եւ նուիրեալ պատասխանատու- ներու պարտաւորութեանց։ Առանց առողջ, լայնախոհ, խորաքնին եւ ծառայասէր ղեկավարութեան, կարելի չէ ակնկալել բարենպաստ իրա- գործումներ, որովհետեւ հոգեւոր թէ աշխարհական ղեկավարութեան առաջնահերթ մօտեցումը իրենց առաքելութեան եւ պաշտօնին հանդէպ, պէտք է ըլլայ անանձնական եւ կատարեալ նուիրումով։ Հոգեւորականի պատրաստութեան բաժինը ամենէն առաջ կþիյնայ Առաջնորդարանին, Կրօնական Ժողովին եւ մանաւանդ Առաջնորդին ուսերուն։ Կոչում ունեցող երիտասարդներուն պատրաստութիւնը, որոնք կոչուած պէտք է ըլլան բաւարարել Միացեալ Նահանգներու մեր հոգեւոր կարիքները, դժուար եւ պատասխանատու պարտականութիւն է։ Որովհետեւ առանց լաւապէս պատրաստուած եկեղեցականի, մեր համայնքները անխուսա- փելիօրէն պիտի մնան տկար, առանց դիմագրաւելու հոգեւոր դաստիա- րակութեան եւ կազմակերպուած գաղութի մը պահանջքները։ Եւ երբ Հոգեւոր Հովիւը իր ընթացիկ ծիսական եւ արարողական պարտաւորու- թեանց, ինչպէս նաեւ հոգեւոր առողջ սնուցումին առընթեր կրնայ ներգրաւել պատանի անձեր, զանոնք հարստացնել հոգեւոր եւ ազգային արժէքներով եւ անոնց հետզհետէ վստահիլ համեստ պաշտօններ, այն ատեն բնականաբար ապագային համար պիտի ունենանք գիտակից, եկեղեցասէր ու ազգասէր, ծառայութեան ոգիով մտահոգուող ղեկավա- րութիւն, որոնք պիտի կարենան աւելի կազմակերպել, շէնցնել ու պայ- ծառացնել եկեղեցական կեանքը։ Առանց այս ճիգերուն, այսինքն եկե- ղեցական եւ աշխարհական ղեկավարութեան պատրաստութեան, ապագային կրնանք դէմ յանդիման գտնուիլ նորանոր դժուարութիւններու, որոնք պիտի տկարացնեն մեր ազգային-եկեղեցական կեանքը։ Անձնապէս, ամ- բողջ էութեամբս դէմ եմ յուսահատ եւ պարտուողական ոգիին։ Բոլորիս պարտականութիւնն է ձեռք-ձեռքի, ոգի ի բռին գործել՝ միշտ ապագան կերտելու համար, աւելի պայծառ ու յաջողագոյն սպասումներով։

բ.– Ազգային Առաջնորդարանը մեր բոլոր համայնքներուն հաւա- քական աշխատանքին ու տեսիլքին գրաւականն է։ Յաճախ ըսած եմ, որ առանց մեր համայնքներուն Առաջնորդարանը չի կրնար գոյութիւն ունենալ, եւ առանց կենսունակ Առաջնորդարանի կարելի չէ ինքնուրոյն, իր ճակատագրին ձգուած համայնք ունենալ։ Այս հաստատումին որպէս պարզ ու բնական եզրակացութիւն, պէտք է ընդունինք եւ յայտարա- րենք, որ Թեմիս հաւաքական կեանքը գերադաս է տեղական նեղ սահ- մաններով ու շահերով դիտարկումներէ։ Առաջնորդարանը պէտք է դիտել որպէս հաւաքական ամբողջութիւն, որուն առաջնահերթ մտահոգու- թիւնն է մեծ թէ փոքր մեր համայնքներու յաջողութիւնը։ Ոեւէ համայնքի յաջողութիւնը պէտք է ուրախութեամբ եւ գոհունակութեամբ դիտուի այլ համայնքներուն կողմէ։ Առաջնորդարանիս մտահոգութեան մէջ կþիյնան բոլոր համայնքները, անշուշտ Առաջնորդարանին վերապահելով անաչառ որոշումը՝ իր պատախանատու կեցուածքին եւ որոշումին մէջ։ Համայնքի մը կեանքին բարգաւաճումը եւ ղեկավարութեան նախան- ձախնդրութիւնը Ազգային Առաջնորդարանս մեծապէս կը գնահատէ, բայց կþակնկալէ նաեւ որ Առաջնորդարանիս որոշումները աւելի լայն շրջագիծի մը դիտուին որպէս բարենպաստ եւ շինիչ քայլ, ընդհանրական շահի հասկացողութեան ոգիով։ Այլապէս կը վերածուին առանձինն-առանձինն միաւորներու, որոնց վախճանը կրնայ տխուր ըլլալ։

գ.– Ոեւէ կազմակերպութեան, միութեան եւ հաւաքական կեանքի մէջ դժուարութիւններ միշտ ալ գոյութիւն ունին։ Մարդկային մեր տկար բնութեան բերումով, յաճախ թեքուած ենք ընտրելու դիւրին ճամբան, այսինքն՝ քննադատել անձեր, որոշումներ եւ իրագործումներ։ Սխալ  չհասկցուինք։ Քննադատութիւնը չեմ թերագնահատեր՝ եթէ շինիչ են, որովհետեւ թերացումներու մատնանշումները միշտ ալ օգտակար են։ Սակայն միմիայն քննադատելով, ախտաճանաչումներ կատարելով եթէ բաւարարուինք, այն ատեն մեր բռնած ուղին յաջողութեան ճամբան չի կրնար ըլլալ։ Կը յաջողինք այն ատեն, երբ սխալները մատնանշելէ ետք մտածենք եւ տքնինք լուծումներ գտնելու մասին, արդիւնաւոր պտղա- բերումի ձեւեր ու միջոցներ որոնելու մասին։

Եւ լաւագոյն ճամբան ծրագրումն է, այսինքն մեր եկեղեցական-ազգային կեանքին ընթացքը չձգել պատահականութեան։ Ասիկա կը պա- հանջէ ամբողջ առաքինութիւններու ծրար մը – խորիմաստ հասկացո- ղութիւն, համբերութիւն, իրերահասկացողութիւն, սէր, զոհողութիւն, նուիրում, նոյնիսկ ռազմավարութիւն, որպէսզի կարենանք պատմութեան դատաստանին դիմաց կանգնիլ բաց ճակատով, գոհունակ, հպարտ ու յաղթական։

Երեսփոխանական այս Ժողովը մեր յաւերժական երթին մէկ օղակն է, որ ոսկեայ դարձնելու պարտաւորութիւնը կþիյնայ մեր բոլորին ուսերուն։

Ուրեմն՝ յառաջ։

Շնորհակալութիւն։

ՕՇԱԿԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *