Աւելի քան կէս դար, Յակոբ Կարապենց (1925-1994) սփիւռքահայ գրականութեան եզակի ու բեղուն արձակագիրներէն եղած է, աշխատակցելով հայկական եւ ամերիկեան գլխաւոր թերթերուն ու պարբերականներուն։ Իր արձակին իւրայատուկ ոճը զինք ճանչցուած անուն մը դարձուցած է Սփիւռքի եւ, երկրորդ անկախութենէն ետք, Հայաստանի մէջ։ Իր գործերը՝ պատմուածք ու վէպ, ամփոփուած են ինը հատորներու մէջ։
«Անկատար» հատորը կը խմբէ 15 նորավէպեր ու պատմուածքներ։ Արդիական ու ինքնատիպ գրելաձեւով եւ խորհրդածութիւններով մարդկային ու ազգային նիւթերը կը տպաւորեն ընթերցողը։