Հայաստան կատարած իր մէկ այցելութենէն ծնած այս ուղեգրութեան սկիզբը, ֆրանսահայ արձակագիր ու բանաստեղծ Գրիգոր Պըլտեան գրած է.
«Գրել Հայաստանի մասին։ Ահա ինչ որ ուզեր եմ ընել, ամեն այցելութեան։ Հաւաքեր եմ նօթեր, նշանակեր տեղ, թուական, դէպքերու դէմքեր։ Բախեր եմ դժուարութեան։ Չեմ վերլուծած, բացած, դիմակալած զայն։ Կը թուի թէ ընդուներ եմ զայն, ընկրկեր, թերեւս ատեն մը վերագրեր եմ իմ կարողութեանս անմիջական տուեալ մը բռնելու, ըմբռնելու, բանտարկելու, պարզելու տեսանկիւնէ մը։ Գրելիքս վերապահեր եմ որոշ հեռակայումի մը, սպասելով որ տոգորումի արարքը, ներյայտ կամ անգիտակից աշխատանքը կատարուի ակամայ, կարծես ուզէի գրել բացակայելով ես ինձմէ»։