Մուսա Տաղի Խըտըր-Պէկ գիւղը ծնած ու 1938ին իր ծննդավայրէն արմատախիլ եղած՝ բանաստեղծ ու արձակագիր Եդուարդ Պօյաճեան (1915-1966), իր ամբողջ գործին մէջ ապրած ու ցոլացուցած է կորսուած ծննդավայրին կարօտը։ Անոր գործերը՝ քաղաքական պատճառներով, միայն ծանօթ դարձած են հայրենի ընթերցողին խորհրդային վարչակարգի անկումէն ետք լոյս տեսած այս հաւաքածոյով, ուր ներկայացուած են հեղինակի չորս հատորներէ՝ «Սէր եւ վիշտ», «Հողը», «Տոմար տարագրի» եւ «Ծննդավայր կորուսեալ» առնուած գործեր։
Առ ի ծանօթութիւն, Եդուարդ Պօյաճեանի զաւակը՝ Հրայր, կ՚ապրի Փենսիլվենիա եւ կը հովանաւորէ «Մեծն Ներսէս» բարեգործական կազմակերպութեան խնամքին յանձնուած Եդուարդ Պօյաճեանի դպրոցը Երեւանի մէջ։ |
Description
Additional information
Weight | 0.93 lbs |
---|
Shipping & Delivery
Shipping and handling will be added when the order is placed.