Կայսերական Յաղթերգութիւն, Հինէն ու Նորէն, Երբ Պզտիկ են, Յակոբ Օշական (թղթակազմ)
$7.00 Original price was: $7.00.$5.00Current price is: $5.00.
In stock
Յակոբ Օշականի «Կայսերական յաղթերգութիւն» շարքը լոյս տեսած է «Ճակատամարտ»ի մէջ Զինադադարի օրերուն եւ կը նախատեսուէր անոր հրատարակութիւնը 1922-ին, բայց դէպքերու բերումով մնացած է մամուլին մէջ մինչեւ այս հրատարակութիւնը։ Գերմանիոյ կայսր Վիլհելմին ձօնուած իր «Յառաջաբանի տեղ» գրութեան մէջ, հեղինակը կը գրէ.
«Այս պատմուածքներուն նախնական պատկերները ինծի եկած են Եղեռնի տարին, երբ ամենակարող կայսեր մը ծիրանի պատմուճանը կը վարագուրէր մէկը այն աննախընթաց նախճիրներէն, որոնցմով աղտոտած ըլլայ երբեք մարդերուն պատմութիւնը»։
Այս շարքին կցուած են «Հինէն ու նորէն» եւ «Երբ պզտիկ են» շարքերը, նոյնպէս մամուլին մէջ մնացած եւ հրատարակուած՝ 1910-1930-ական թուականներուն, որոնք իրենց ոճով ու արուեստով կ՚արձագանգեն անոր։
| Weight | 0.73 lbs |
|---|
Shipping and handling will be added when the order is placed.
