Հաւատքի Առաքելութիւն, Արամ Ա․ Կաթողիկոս (լաթակազմ)
$19.99
In stock
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Արամ Ա. Կաթողիկոսի այս գիրքը բաղկացած է երկու մասերէ։ Առաջին մասը կ՚ընդգրկէ առաւելաբար մեր եկեղեցւոյ կեանքին ու առաքելութեան, մեր մշակոյթին ու ազգային պահանջատիրութեան հետ աղերս ունեցող պատգամներ եւ գրութիւններ, որոնք համախմբուած են գլխաւոր վեց նիւթերու շուրջ։ Երկրորդ մասը կազմուած է Վեհափառ Հայրապետի՝ հայագիր, արաբագիր, ֆրանսագիր եւ անգլիագիր մամլոյ օրկաններու հետ զանազան առիթներով ունեցած հարցազրոյցներէ։ Վերոյիշեալ նիւթերուն կողքին, այս բաժինը կը պարունակէ նաեւ միջ-եկեղեցական, միջ-կրօնական եւ ընկերութեան այլ բնագաւառներու հետ կապուած նիւթեր։ Այս հատորին մէջ պարզուած մտածումները, մտահոգութիւններն ու տեսակէտները արտայայտուած են յատուկ պայմաններու ու շրջագիծերու մէջ, սակայն անոնք կը պահեն իրենց ընդհանրական բնոյթը, այժմէականութիւնն ու թարմութիւնը։
| Weight | 1.95 lbs |
|---|
Shipping and handling will be added when the order is placed.

Reviews
There are no reviews yet.