Մեկնութիւն Իմաստութիւն Սողոմոնի, Ներսէս Լամբրոնացի, աշխարհաբարի վերածեց Անուշվարդ (թղթակազմ)
$15.00
In stock
Ներսէս Արքեպիսկոպոս Լամբրոնացի 12-րդ դարու Հայ Եկեղեցւոյ պատմութեան այն դէմքերէն է որ իր հաւատքով, կենցաղով ու գործով պայծառակերպեց հայ աշխարհը եւ իր իւրայատուկ կնիքը ձգեց հայ հոգեւոր գրականութեան վրայ։
«Իմաստութիւն Սողոմոն»ի գործին մեկնութեան ընդմէջէն, զոր աշխարհաբարի վերածած է Անուշվարդ (Անուշաւան Արքեպիսկոպոս), երեւան կու գայ բազմաշնորհ հեղինակ մը, որ իր անձնական փորձառութեամբ գործնական քայլերով ընթերցողը կ՚առաջնորդէ ոգեղէն կեանքի ոլորտներով ՝ հասնելու առ Աստուած։ Այս հասկացողութեամբ, Տարսոնի Սուրբ Սոֆիա մայր տաճարի քարոզիչ Ներսէս Արքեպիսկոպոս Լամբրոնացի մեզ կը հրաւիրէ ճանչնալէն վեր՝ հպելու աստուածային էութեան, որ որպէս Սէր, սէրէն մղուած, Սէրը ղրկեց աշխարհ, որպէսզի սիրենք Աստուած եւ մարդիկ։
Հայ Եկեղեցւոյ ոգեղինութեան հարուստ հանք մըն է ներկայ հատորը, որմէ կրնայ օգտուիլ ամէն ոք անխտիր։
| Weight | 0.5 lbs |
|---|
Shipping and handling will be added when the order is placed.

Reviews
There are no reviews yet.