Յակոբ Օշականի այս նշանաւոր վէպը առաջին անգամ առանձին գիրքով լոյս տեսած է 1932-1934ին, եւ աւելի քան կէս դար ետք Օշականի աշակերտներէն՝ գրաքննադատ Պօղոս Սնապեանի խմբագրութեամբ վերահրատարակուած է։ Մեծ գրագէտին այս գլուխ-գործոցը կ՚ընդգըկէ «ԺԹ. դարու կէսերէն մինչեւ տարագրութեան դժոխքը երկարող» ժամանակահատուածը։ Իբրեւ հիմնական նիւթ երկու ընտանիքներու կեանքը ունի՝ Նիկիոյ լիճին շրջակայքը դարեր առաջ բնակութիւն հաստատած հայ գիւղերէն մէկուն փարթամ ընտանիքի մը աւարտական փուլը, եւ Պրուսայի թուրք բարձրաստիճան զինուորականի մը բարդ առօրեան։ Ան կը նկարագրէ հայ գիւղն ու գիւղացին՝ իրենց անցեալով ու ներկայով, եւ թուրք քաղաքն ու քաղաքացին՝ իրենց ողջ բնորոշ գիծերով։ Օշական, ճանաչման խորունկ ու հաւաստի տուեալներով, կը ներկայացնէ երկու ժողովուրդներուն յարաբերութիւնը, անոնց հանդիպման առաջին օրերէն մինչեւ Հայոց Ցեղասպանութեան նախօրեակը։
-25%
Մնացորդաց, Ա․ Հատոր, Յակոբ Օշական (լաթակազմ)
$20.00 Original price was: $20.00.$15.00Current price is: $15.00.
Գրականութեան Համար, Յակոբ Օշական (թղթակազմ)
$7.00 Original price was: $7.00.$5.00Current price is: $5.00.
Մնացորդաց, Գ․ Հատոր, Յակոբ Օշական (լաթակազմ)
$20.00 Original price was: $20.00.$15.00Current price is: $15.00.
In stock
SKU:
OHA012
Category: Literature
Description
Additional information
Weight | 2.22 lbs |
---|
Shipping & Delivery
Shipping and handling will be added when the order is placed.