Սիմէոն Կաթողիկոս Երեւանցի
18րդ դարու կարեւոր դէմքերէն մէկուն՝ Էջմիածնի Կաթողիկոս Սիմէոն Երեւանցիի այս գործը (ջամբռ բառը ֆրանսերէն chambre «սենեակ» կը նշանակէ), լեզուաբան Վազգէն Համբարձումեանի աշխարհաբարի վերածումով, կը ներկայացնէ կարեւոր վաւերաթուղթ մը՝ թէ՛ Հայ Եկեղեցւոյ պատմութեան, իր առաջին տասներկու գլուխներու ամփոփումով, եւ թէ՛ Էջմիածնի կաթողիկոսութեան այդ ժամանակաշրջանի իրաւական, տնտեսական ու քաղաքական վիճակին մասին։ Գիրքին պարունակած պատմական, աշխարհագրական, ընկերա-տնտեսական, վիճակագրական եւ փաստագրական հարուստ նիւթերը թէ՛ 17-18րդ դարու մեր պատմութեան հիմնական աղբիւր մը կը կազմեն եւ թէ՛ արդիական տեսանկիւնէն կարեւորութիւն կը ներկայացնեն։
Reviews
There are no reviews yet.