1915ի ցեղասպանութեան մասին լաւ պատկերացում ունենալու համար, պէտք է անպայման կարդալ անոր վերաբերեալ յուշագրութիւնները։ Անոնք ընդհանրապէս տեղեկութիւններ կու տան բռնագաղթէն առաջ տիրող տնտեսական եւ ընկերային կացութեան, բռնագաղթի ընթացքին, ինչպէս նաեւ զինադադարին յաջորդող հանգրուանին մասին։
Այս ժողովածուն կ՚ընդգրկէ ո՛չ միայն սովորական պատումները, այլեւս անոնց՝ գեղարուեստական գրականութեան տեսքով անդրադարձները, քանի որ վերջինները եւս վաւերագրութիւններ են, թէկուզ արտայայտուած գրականութեան միջոցով։ Ընդգրկուած են 1894-1923 ժամանակաշրջանին վերաբերող պատումները։