Աշխատութիւնը նուիրուած է Հայ Եկեղեցւոյ բարենորգութեան նախաձեռնութիւններուն, որոնք 19րդ դարու վերջին քառորդին եւ 20րդ դարու առաջին կէսին երեւան եկած են հայկական չորս հոգեւոր կեդրոններուն՝ Էջմիածնի, Կոստանդնուպոլսոյ, Երուսաղէմի եւ Անթիլիասի մէջ։ Գերմանիոյ մէջ ուսում ստացած հայ աստուածաբաննները էական մղում տուած են բարենորոգչական շարժման։
Հոգեւորականութեան կողմէ նախաձեռնուած բարենորոգումները, ինչպէս եւ անոնց յաջողութեան կամ ձախողութեան պատճառնեըը լուսաբանուած են ժամանակաշրջանի քաղաքական իրադարձութիւններու ծիրին մէջ։