Ղեւտացւոց գիրքի քննական բնագիրը մաս կը կազմէ «Հայ հնագոյն թարգմանական յուշարձաններ» մատենաշարին, որ սկսած էր հայրենի բանասէր Անդրանիկ Զէյթունցեան, լոյս ընծայելով Ծննդոց եւ Ելից գիրքերու քննական բնագիրները։
Բնագիրը կազմուած է Երեւանի, Վենետիկի, Երուսաղէմի, Ս. Փեթերպուրկի, Վիեննայի մատենադարաններու 42 ձեռագիրնրերու հիմամբ։ Ներածութեան մէջ նկարագրուած է իւրաքանչիւր ձեռագիր, որուն կը հետեւի գրաբար բնագիրը՝ մանրամասն ծանօթագրութեամբ։