Թորգոմ եպս. Գուշակեանի՝ Նարեկացիի «Մատեան ողբերգութեան» յայտնի թարգմանութեան այս նորագոյն հրատարակութեան մէջ, բառերու եւ լեզուական հինցած ձեւերու շատ թեթեւ փոփոխութիւններ կատարուած են, լեզուն պատշաճեցնելու համար արդի աշխարհաբարին։
Փոքրադիր այս հրատարակութիւնը նաեւ կատարուած է յատուկ պահարանի մէջ պահուող տարբերակով։