Ի՞նչ Պատահեցաւ Այս Շաբաթ Հայոց Պատմութեան Մէջ

ՄՈՎՍԷՍ Գ. ՏԱԹԵՒԱՑԻ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ (մահ՝ Մայիս 14, 1632)

15-17րդ դարերու խաւարի ժամանակաշրջանը Հայաստանի մէջ նաեւ զուգադիպեցաւ Ս. Էջմիածնի կաթողիկոսութեան անկումի շրջանին, երբ կայուն եկեղեցական իշխանութիւն չկար, վանքերը ամայացած էին, իսկ եկեղեցականներու մեծամասնութիւնը զուրկ էր հոգեւոր կրթութենէ։ 1441-1629ի անկումային շրջանը, երբ եկեղեցականներ իրար ձեռքէն կը խլէին կաթողիկոսական աթոռը, վերջ գտած է Մովսէս Գ. կաթողիկոսի գործունէութեամբ ու պաշտօնավարութեամբ։
Մովսէս Տաթեւացի ծնած է 1578ին, Սիւնիքի Բաղք գաւառի Խոտանան գիւղի մէջ, ուր անցուցած է իր մանկութիւնը։ Մանուկ հասակէն բացառիկ սէր ունեցած է եկեղեցւոյ հանդէպ։ Յաճախ գացած է մօտակայ Տաթեւի մենաստանը։ Ազգականական կապ ունեցած է Տաթեւի Յովհաննէս արքեպիսկոպոսին հետ, որուն կողմէ կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուած է 1593ին։ Տաթեւի միաբան ըլլալով, յիշուած է իբրեւ Տաթեւացի, թէեւ յաճախ նաեւ կը հանդիպինք Սիւնեցի կամ Խոտանանցի անուանումներուն։
Այնուհետեւ մեկնած է Ամիտ (Տիարպեքիր) եւ մինչեւ 1606 աշակերտած՝ Սրապիոն Եդեսացիին։ 1610ին մեկնած է Երուսաղէմ, դառնալով Ս. Յարութիւն տաճարի լուսարար։ 1611ին մեկնած է Կ. Պոլիս, ուր իր ուսուցիչը՝ Գրիգոր Կեսարացի, պատրիարք դարձած էր։ Վերջինս զինք վարդապետ ձեռնադրած է։ 1613ին վերադառնալով Տաթեւ, մտած է Սիւնեաց Մեծ անապատը։ Կաթողիկոս դառնալէ առաջ, դպրոցներ հիմնած ու անոնց բարեկարգութեան հարցերով զբաղած է, ինչպէս եւ Սիւնիքի վանքերը կարգաւորած է։ Նաեւ քրիստոնէական վայելուչ կեանքի քարոզախօսութեամբ զբաղած է։
1620ի շուրջ Երեւանի Ս. Կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ քարոզած է, վերաշինած է քաղաքի Ս. Անանիա առաքեալի անապատը, կարգաւորած է Այրարատ նահանգի եկեղեցիներն ու վանքերը եւ վերաբացած՝ Յովհաննավանքի եւ Սաղմոսավանքի վանական դպրոցները։ 1623ին եպիսկոպոս ձեռնադրուած է, իսկ 1626ին Սպահան գտնուած է։ 1627ի Յունուարին Ս. Ծննդեան տօնին ներկայ գտնուելով, Պարսկաստանի Աբբաս Ա. շահը (1587-1628) հիացած է Մովսէս Տաթեւացիի կատարած արարողութեամբ։ Այդ առիթով որպէս պարգեւ ընդառաջած է Ս. Էջմիածնի վանքի լուսարարի պաշտօնը ստանալու խնդրանքին, ինչպէս եւ վանքը նորոգելու թոյլտուութեան՝ յանձնելով հրովարտակը։ Յունիս 1627ին կը սկսի վերանորոգել Ս. Էջմիածնի վանքը, Վեհարանը, օժանդակ կառոյցները եւ պարիսպները։ Մովսէս Տաթեւացի յիշուած է իբրեւ «ընտրեալ կաթողիկոս» 1628ի սկիզբէն եւ պաշտօնապէս օծուած՝ Յունուար 13, 1629ին։
Մովսես Գ. կաթողիկոսը Աբբաս Ա.ի յաջորդ Սէֆի շահէն ստացած է իր կաթողիկոսութեան հաստատման եւ Ս. Էջմիածնի վանքին պարտքի զիջման հրովարտակները։ Իր կարճատեւ պաշտօնավարութեան ընթացքին, ան վճարած է Ս. Էջմիածնի յետնեալ պարտքերը, հաստատած է նոր դպրոցներ ու վանքեր եւ կազմակերպած է վանական կեանքը։
Մովսէս կաթողիկոս վախճանած է Մայիս 14, 1632ին, Ս. Անանիա առաքեալի անապատին մէջ, Երեւան։ Թաղուած է Երեւանի Կոզեռնի գերեզմանատունը, Կոնդի թաղամասը (Ս. Զօրաւոր եկեղեցիի կողքին)։
Այս սիւնակին նախորդ գրութիւնները կրնաք գտնել Առաջնորդարանիս կայքէջին մէջ (www.armenianprelacy.org).