Ի՞նչ Պատահեցաւ Այս Շաբաթ Հայոց Պատմութեան Մէջ

ԲԱԳՐԱՏ ՈՒԼՈՒԲԱԲԵԱՆ (մահ՝ 19 Նոյեմբեր, 2001)

Գրող ու պատմաբան Բագրատ Ուլուբաբեան եղած է նաեւ հանրային գործիչ։ Կարեւոր դեր ունեցած է Լեռնային Ղարաբաղը Հայաստանին միացնելու պայքարին մէջ, որուն հետեւանքով պարտադրուած է Հայաստան փոխադրուիլ։ Այնուհետեւ, մինչեւ կեանքին վերջը շարունակած է այդ պայքարը՝ գործով թէ գրիչով։

Ծնած է 9 Դեկտեմբեր, 1925ին, Արցախի Մուշկապատ գիւղին մէջ։ 1944ին աւարտած է Շուշիի մանկավարժական հիմնարկը, իսկ 1946ին՝ Պաքուի մանկավարժական հիմնարկի հայոց լեզուի եւ գրականութեան բաժինը։ Այնուհետեւ, հայոց լեզու եւ գրականութիւն դասաւանդած է Մարտունիի շրջանի Գիշի գիւղի դպրոցին եւ Ստեփանակերտի ուսուցչական հիմնարկին մէջ։

1949ին, Բ. Ուլուբաբեան Լեռնային Ղարաբաղի Գրողներու Միութեան  պատասխանատու քարտուղար ընտրուած է։ Ան միաժամանակ եղած է «Սովետական Ղարաբաղ» թերթի խմբագիր, մշակոյթի մարզային վարչութեան պետ եւ Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզի գործադիր կոմիտէի փոխնախագահ։ 1965ին, ստորագրողներէն մէկը եղած է «13-ի նամակին», որ Ղարաբաղի ողբալի վիճակը պարզող բովանդակութեամբ ուղարկուած էր Խորհրդային Միութեան Համայնավար Կուսակցութեան Կեդր. Կոմիտէին, Գերագոյն Խորհուրդին եւ Նախարարաց Խորհուրդին։ 1967ին, Լեռնային Ղարաբաղը Հայաստանին միացնելու պայքարին իր գործօն մասնակցութեան համար, հեռացուած է իր պաշտօնէն եւ յաջորդ տարի տեղափոխուած է Հայաստան, ուր անդամակցած է Գրողներու Միութեան։

Բանաստեղծական երկու հատոր հրատարակելէ ետք 1950ական թուականներուն, այնուհետեւ արձակի անցած է, հրատարակելով հինգ պատմուածքներու եւ վիպակներու ժողովածուներ (1960-1976), ինչպէս եւ երեք վէպեր, որոնցմէ ամենէն նշանաւորը «Սարդարապատ» պատմավէպն է, որ մնացած է արգիլուած մինչեւ 1988։

Գրական գործունէութեան կողքին, Ուլուբաբեան աւելի ծանօթ եղած է իր պատմագիտական աշխատութիւններով։ 1969ին «Արցախի պատմութիւնը հնագոյն ժամանակներէն մինչեւ 10րդ դարը» նիւթով ատենախօսութիւն պաշտպանած է եւ պատմական գիտութիւններու թեկնածուի աստիճան ստացած, իսկ 1973ին՝ դոկտորի տիտղոս, « Խաչէնի իշխանութեան պատմութիւնը (9ից 10րդ դարեր)» ատենախօսութեան համար։ Աշխատած է Հայաստանի Գիտութիւններու Ակադեմիայի պատմութեան հիմնարկին մէջ իբրեւ աւագ գիտաշխատող։ Պատմագիտական գործերը գլխաւորապէս նուիրուած են Արցախի պատմութեան ու մշակոյթին, պատմա-ճարտարապետական յուշարձաններուն, գործիչներուն, որոնց նուիրած է 11 հատոր, եւ Հայաստանի զարգացած աւատապետութեան պատմութեան։ Աշխարհաբարի վերածած է Ղազար Փարպեցիի եւ Մովսէս Խորենացիի պատմութիւնները։

Մահացած է 19 Նոյեմբեր, 2001ին, Եղվարդի մէջ։ Թաղուած է Երեւան։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *