ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՔԱՐՈԶԸ (13 Դեկտեմբեր, 2020)
Այսօրուան Ս. Պատարագի Խորհուրդին ընդմէջէն եկած ենք անգամ մը եւս միասնաբար գոհութիւն յայտնելու ամենայն բարեաց տուիչ Ամենակալ Աստուծոյ եւ փառաբանելու Իր նախախնամութիւնը, որ կ՚անդրանցնի մարդկային ամէն միտք, խօսք եւ հասկացողութիւն, եւ որ խոստացաւ անճառելի բարիքներ բոլոր անոնց որոնք հաւատալով կը հետեւին Իրեն։ Այդ մեծ հետեւողներէն մին եղաւ այս շաբթուան մեծ սուրբը՝ Գրիգոր Լուսաւորչի ազգական՝ Սուրբ Յակոբ Մծբնացի հայրապետ, որ մեր ժողովուրդի սրտին մօտիկ բացառիկ դէմքերէն մէկն է, ծանօթ իր աստուածապաշտութեամբ, նախանձախնդրութեամբ եւ իր կատարած հրաշքներով։
Այս մեծ Սուրբը, որքան իր հաւատքով, նոյնքան անկարելին Աստուծմով կարելի դարձնելու համարձակութեամբ՝ սքանչելի դարձաւ, երբ իր յառաջացեալ տարիքին ուզեց բարձրանալ Արարատ լեռ։ Այս մեծ երազով տոգորուած, սուրբը ճամբայ կ՚ելլէ իրագործելու իր ուխտը, ապաւինելով Տէրունական խօսքին, թէ՝«խնդրեցէք եւ պիտի տրուի, փնտռեցէք եւ պիտի գտնէք» (Մտ. 7.7)։ Ան ճամբայ ելաւ ո՛չ փառքի եւ ո՛չ պատիւի համար, այլ որպէսզի հաւատացեալներուն նուէր բերէ Նոյեան Տապանէն մասունք մը։ Այն Տապանը որ հանդիսացած էր համայն մարդկութիւնը իր մեղքերէն փրկող լաստին՝ Ս. Խաչին նախագաղափարը, եւ որ հանգչած էր, ըստ Ս. Գրքին, Արարատ լերան վրայ։ Առաջին օրը հասնելով որոշ բարձրութեան մը, ան կը հանգչի։ Երկրորդ օրը, երբ կը պատրաստուի շարունակելու իր ճանապարհը, ինքզինք կը գտնէ նոյն մեկնակէտին ուրկէ սկսած էր իր վերելքը։ Երրորդ օրը եւս, երբ ինքզիիք կը գտնէ նոյն կացութեան դիմաց, մեծ Սուրբը կը խնդրէ Ամենակալին կամքի կատարումը, եւ ահա Տիրոջ հրեշտակը երեւնալով իրեն կը յայտնէ, թէ ո՛չ մէկ մահկանացուի արտօնուած է տեսնել այն ինչ որ ինք կը փնտռէ, սակայն բարեգութն Աստուած հաճած է, որ իրեն յանձնուի Տապանէն մասունք մը, որմէ նշխար մը մինչեւ օրս կը պահուի Ս. Էջմիածնի մէջ։
Չորրորդ դարը որքան որ մեծ սուրբերու դարը եղած է, նոյնքան եւ հանդիսացած է մեծ ուխտագնացութեանց ժամանակաշրջանը, որոնցմէ ամենէն նշանաւորն է Կոստանդիանոս կայսեր մօր՝ Սրբուհի Հեղինէի Հռոմէն Երուսաղէմ ուխտագնացութիւնը, որպէսզի խաչափայտը գտնէ։ Ճիշդ է, որ երկու սուրբերուն սրտի գերագոյն իղձերը տարբեր կերպով իրագործուեցան, սակայն երկուքն ալ արժանացան աստուածային միջամտութեան պարգեւին, իրենց մեծ գիւտի ուրախութեան մասնակից դարձնելով նաեւ Ընդհանրական եկեղեցւոյ հաւատացեալները։
Սուրբ Յակոբ, որքան որ եղած է հաւատքի հզօրացման աղբիւր իր ժամանակակիցներուն, նոյնքան եւ այսօր կը գօտեպնդէ մեզ, եւ կ՚առաջնորդէ նուաճելու կեանքի նորանոր բարձունքներ։ Արդարեւ, Ս. Գրքի մէջ, կամ նոյնիսկ առասպելներու եւ կամ պատմութեան մէջ առհասարակ, լեռները խորհրդանիշ են հզօրութեան, խորհրդաւորութեան, ինչպէս նաեւ մարտահրաւէրներ են զօրակոչի ենթարկելու մեր կարողութիւնները՝ մագլցելու մեր երազներու բարձունքները, եւ զանոնք իրագործելու, յաղթահարելով մեր ե՛ւ ներքին ե՛ւ արտաքին տագնապներն ու դժուարութիւնները։ Վստահաբար, իւրաքանչիւր անհատ ապաւինելով իր անձնական կարողութեանց, տաղանդներուն ու կարելիութեանց, կը փորձէ յաղթել փոքր կամ մեծ արգելքներ։ Եւ արդարեւ, սկիզբը որքան ալ անհաճոյ կը թուին մեր դէմ ցցուած պատուարները, ինչպիսին են բարձրագոյն ուսում ստանալ, յաջող գործ ապահովել, ընտանեկան երջանիկ բոյն կազմել, տոկուն յարաբերութիւններ մշակել, առողջութիւն պահպանել, եւ նման այլ պատահարներ, սակայն երբ յաջողինք զանոնք լուծել, երանական ուրախութիւն մը կը պատէ մեր ողջ էութիւնը։ Այս բոլորով հանդերձ,գիտենք սակայն որ այնպիսի բարձունքներ կան մագլցելու, ուր հրամայական կարիքը կը զգացուի աստուածային օժանդակութեան, ըլլան անոնք խոր յուսախաբութիւններ, հարազատներու կորուստ, ահաւոր աղէտներ եւ անդառնալի այլ դժբախտութիւններ։
Նախախնամութեան օժանդակութեան դիմելու այս ըմբռնումը որոշ անհատներ կը մեկնաբանեն որպէս ստորակայութեան բարդոյթ կամ անհասունութեան ապացոյց։ Դարերու փորձառութեան ընդմէջէն եկող ճշմարտութիւնը, սակայն, այն է, որ այս մօտեցումը ո՛չ թէ երեխայական տկարութեան նշան է, այլ տոկուն գիտակցութիւն է այն իրողութեան, որ Արարիչն Աստուած՝ երկնաւոր մեր Հայրը, նոյնիսկ մեր անկեալ բնութեան մէջ կը սիրէ մեզ, եւ կը գործակցի մեր հետ, որպէսզի մեր դիւրաբեկ բնութեամբ կարենանք յաղթահարել ամէնօրեայ կեանքի մարտահրաւէրները։
Արդարեւ, փիլիսոփայական ո՛չ մէկ դպրոց կրնայ իր բոլոլ բացատրութիւններով վեհացնել մարդը այնքան, որքան կրօնները։ Արդարեւ, երբ կը կարդանք Սուրբ Գրքին մէջ, թէ Աստուած աչքի բիբի նման կը պահէ իր ժողովուրդը, կ՚անդրադառնանք մարդ արարածի լիիրաւ արժէքին (տե՛ս Բ Օր 32․1)։
Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի խոստումը, թէ «Աստուծոյ հետ ամէն ինչ կարելի է» (Մր 10.27), ներշնչումի հոյակապ աղբիւր է անդրադառնալու, թէ ինչպէս կ՚ընդարձակուի, կ՚անհունանայ մարդկային սահմանափակ կարելիութեանց ծիրը։ Սա լաւագոյն եւ տոկուն գրաւականն է այն հաստատումին, թէ Աստուած, իր անճառ սէրէն մղուած, կ՚ուզէ վերահաստատել մեր դիմադրականութիւնը, մեր արժանապատուութիւնը, որպէսզի կարողանանք դիմադրել մեր դէմ յարուցուած ամէն տեսակի մարտահրաւէրներու։ Որպէսզի զօրացած՝ նախամարդու վստահուած սկզբնական զօրութեամբ, Աստուծոյ անաղարտ պատկերը, անդրանցնելով սոսկ մարդկային մեր բնութիւնը, որպէս Աստուածամարդ մեր Փրկչին հետ կարենանք յայտարարել, «ո՞ւր է, Մա՛հ, յաղթութիւնդ. ո՞ւր է, Մահ քու խայթոցդ»։
Խորհդածութեան երկրորդ կէտը կ՚ընդգրկէ մեծ Սուրբի երազի իրականացումէն բխող իրողութիւն մը, այն է, որ անիկա փափաքեցաւ մարդկութեան բերել այն թանկագին յիշողութիւնը, որ ամէնքս ալ կը պատկանինք Աստուծոյ ընտանիքին, փրկուած աստուածապարգեւ Տապանով։ Արդարեւ, վայելել երազներու իրականացումը յօգուտ մեր անձնական կամ անմիջական շրջապատին համար, միշտ ալ հաճելի է։ Սակայն, անոնք կը դառնան իսկական օրհնութիւն, երբ եսասիրաբար զանոնք չենք վերապահեր միայն մեզի, այլ կը բաժնենք այլոց հետ։ Սուրբերը կամ հերոսները, անկախ իրենց պատկանելիութենէն, տիպարներ կը դառնան եւ համայնական սերունդներ կը ներշնչեն անոր համար որ կ՚անդրանցնին իրենց Ես-ի սեղմ շրջանակը, եւ ըստ այնմ կ՚երազեն ու կը գործեն յանուն ամէնքին։ Ուստի, անոնք կոչ կ՚ընեն մեզի այսօր, որպէսզի ամէն ոք իր երազներու իրականացման տիրանայ ո՛չ միայն իր անձնական, այլ ընդհանրական մարդկութեան շահերուն, յառաջացման եւ բարւոքման համար։
Սուրբ Յակոբի տօնի այս պատգամով գօտեպնդուած, երբ իւրաքանճիւր անհատ իր կարողութեան սահմաններուն մէջ իրագործէ անանձնական երազներ իր դրացիին ու համայնքին համար, վստահաբար որ այդ ուղին մեզ կ՚առաջնորդէ գտնելու կորուսեալ դրախտը, փառաւորելով Ամենասուրբ Երրորդութիւնը, այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից։ Ամէն։