Առաջնորդ Սրբազան Հօր պատգամը

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ ԵՐԷԿ ՉԷ ՄԻԱՅՆ, ԱՅԼ ՆԱԵՒ ԱՅՍՕՐ

Նոյեմբեր 9ի անփառունակ տեղատուութիւնը կը շարունակուի դժբախտաբար օրէ օր, նախ՝ Արցախի 7+ շրջանները յանձնելով եւ պարտութիւնը վերագրելով անցեալի «կոռումպացուած» իշխանութեան, այսօր՝ Սիւնիքի խորհրդային քարտէսի տրամաբանութեան արդարացումով, իսկ վա՞ղը…:

Ժողովրդընտիր վարչապետը, որ արժանացաւ թաւշեայ յեղափոխութեան հեղինակը ըլլալու, յետ թաւշեայ դաշնագրին, զոր կոչեց «պատուով եւ յաղթական» դաշնագիր, մուտք գործելով Սիւնեաց աշխարհ կաշառակեր ովսաննաներով, որուն մէկ մանրամասնութիւնը չար բախտէն նկարահանուած է, այժմ թաւշեայ դիւանագիտութեամբ կը պատրաստէ թաւշեայ բարգաւաճ Հայաստան մը,  տեղեակ ըլլալով կամ ոչ, որ արիւնարբու բորենին մշտապէս ծարաւ է նորանոր զոհերու արեան, եւ որ մամոնային ընձեռած այնքան ճարտար սադրանքներով, համոզիչ կամ ոչ, աշխարհին կ՚ապացուցէ որ ոճրագործը զոհն է, իսկ բուն զոհը՝ ոճրագործ:

Գեղջուկ քահանայ մը՝ գիտակցութեան հրաւէր կարդալով ճակատագրական այս թաւալգլոր անկումի դերակատարին, մերժելով ձեռնուիլ եկեղեցի մուտք գործող բարեպաշտ վարչապետին, ցոյց կուտայ անոր՝ եկեղեցւոյ ելքը:

Թէ ինչ կ՚ըլլայ այս համեստ հոգեւորականի արարքին հետեւանքը, այդ կը թողունք ապագային: Այս տողերուն նպատակը արդարացնել չէ վերոյիշեալ քահանան, զոր ո՛չ ճանչցած եմ եւ ո՛չ ալ կը կարծեմ որ պատեհ առիթը կ՚ունենամ հանդիպելու իրեն, այլ առհասարակ բոլորի մտքերուն մէջ թարմացնել է Պատմութիւնը, որ միայն անցեալ չէ, այլ նաեւ ներկայ:

Չորրորդ դարու ապրած բարեպաշտ ինքնակալ մը, Թէոդոս կայսր, որ Կոստանդնուպոլսոյ Տիեզերական երկրորդ ժողովի գումարման մղիչ ոյժն էր, եւ որուն անունը Հայ Եկեղեցւոյ Սուրբ Սեղանին վրայ մատուցուած իւրաքանչիւր պատարագի ընթացքին կը յիշատակուի Կոստանդիանոս եւ Տրդատ թագաւորներու հետ, Թեսաղոնիկէի մէջ իր հրամանով յեղափոխութիւն մը ճզմելու նպատակաւ բազմահազար անմեղներու արեան պատճառ դառնալէ ետք, երբ կ՚ուզէ մասնակցիլ Ծննդեան սուրբ օրուան տօնախմբութեան, Միլանի եպիսկոպոսը՝ Ամբրոսիոս, կ՚արգիլէ իր մուտքը եկեղեցի, մինչեւ որ զղջումով ապաշխարութեան շրջան մը չանցընէ: Ինքնակալը, որ ամէն արդարացում ունէր իր կամքը բանեցնելու, խոնարհաբար պալատ կ՚երթայ, եւ ապաշխարութեան շրջան անցընելէ ետք, Զատկուան տօնին ցնծութեամբ կը դիմաւորուի Ամբրոսիոս եպիսկոպոսին եւ ժողովուրդին կողմէ:

Այդ օրուընէ սկսեալ ծանօթ ասացուածք դարձած է այն խօսքը, թէ՝ «երբ Ամբրոսիոս եպիսկոպոսներ ըլլան, Թէոդոս կայսրեր կ՛ըլլան, եւ երբ Թէոդոս կայսրեր ըլլան, Ամբրոսիոս եպիսկոպոսներ կ՛ըլլան»:

Քրիստոնէութեան ճանապարհը ինքնաքննադատութիւն է եւ ո՛չ ինքնարդարացում, ինչպէս այլապէս ըսած է չորրորդ դարու Հայրապետ՝ Կիւրեղ Երուսաղէմացի. «Եղի՛ր քու անձիդ դատաւորը, եւ ո՛չ թէ փաստաբանը»:

ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *