Լուրեր

ՆՈՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՄԸ ՍՏԵՂԾԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ

Կարգ մը մարդիկ արդէն օգտագործած են Annus Horribilis («Ահաւոր տարի») լատիներէն խօսքը որպէս 2020 թուականի ընդհանուր բնորոշում, եւ մենք` հայերս, բազմաթիւ յաւելեալ պատճառներ ունինք զայն գործածելու։ Պէտք չկայ զանոնք թուարկելու կամ տարուան հաշուեկշիռ մը կատարելու, որոնք մեր հաւաքական մտքին մէջ կուտակուած յուսախաբութեան զգացումին նոր շերտեր միայն կրնան աւելցնել։

Փոխարէնը, հետեւելով մեր վերապրողի բնազդին, որ մեզ առաջնորդած է մեր ամբողջ պատմութեան ընթացքին, պէտք է անգամ մը եւս համախմբենք մեր ուժերը եւ անդրադառնանք, Ուինսթըն Չըրչիլի խօսքերով, որ «յաջողութիւնը վերջնական չէ, ձախողութիւնը ճակատագրական չէ, այլ յարատեւելու քաջութիւնն է հաշուի առնուողը»։

Ժամանակն է նոր Հայաստան մը եւ նոր հայ ազգ մը հիմնելու։ Ատիկա իրագործելու համար, մեր հայրենիքի ապագայ տեսիլքին վրայ պէտք է կեդրոնացնենք մեր վերականգնումի ճիգերը։ Այդ տեսիլքին գոյութիւնն է, որ կ՚երաշխաւորէ աշխարհասփիւռ հայութեան գոյութիւնը՝ որպէս հաւաքականութիւն։

Կը նշանակէ նպատակներ ճշդել Հայաստանի վերածնունդին համար՝ Հայրենիքի ու Սփիւռքի հայութեան համատեղ ջանքերով, իրենց իմացութիւնն ու պաշարը քով-քովի բերելով՝ գալիք սերունդներուն ապահով ու խաղաղ երկիր մը ստեղծելու։

Ասիկա պէտք է ըլլայ մեր հրամայականը՝ ի սէր բոլոր անոնց, որոնք զոհուեցան մեր հայրենիքի գոյատեւումը պահպանելու համար։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *