Մեր դպրոցներէն

ՀՕՄ-Ի «ԶԱՒԱՐԵԱՆ» ԴՊՐՈՑ (ՏԻԹՐՈՅԹ)

Տիթրոյթի (Միշիկըն) ՀՕՄի «Զաւարեան» շաբաթօրեայ դպրոցի այս տարուան վերամուտը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, Հոկտեմբեր 3֊ին։ Նախորդ տարուան վերջին ամիսներուն, համավարակի պայմանները պարտադրած էին առցանց դասաւանդութեան ձեւը որդեգրել որպէս ելք, ինչ որ շարունակուեցաւ վերամուտին։

Առաջին ամիսներուն վեց աշակերտներ յաճախեցին դպրոց, հետեւելով երրորդ կարգի դասերուն։

Երկրորդ կիսամեային վերաբացուեցան առաջին եւ երկրորդ դասարաններն ալ, որոնք համալրուեցան նոր աշակերտներով։

Վերամուտը զուգադիպեցաւ արցախեան պատերազմին, այդ պատճառով մեր դասապահերուն առանցքային թեման Արցախն էր իր բանակով ու համայն հայ ժողովուրդի կամաւորներով եւ օժանդակութեան տարբեր երեսներով։

Ամանորին, երրորդ կարգը տօնական օրերուն առնչուող գեղեցիկ մաղթանքներով ու ասոյթներով հարստացուց իր դասաժամը։

Ուսուցիչներ եւ աշակերտներ կը յուսան գէթ գարունը ընդունիլ պաստառներէն դուրս՝ անձամբ  հանդիպելով։