Ի՞նչ Պատահեցաւ Այս Շաբաթ Հայոց Պատմութեան Մէջ

ՍՕՍԷ ՄԱՅՐԻԿ (մահ՝ 9 Փետրուար, 1953)

Հայոց ազատագրական շարժման ժամանակ, զանազան հայուհիներ տարբեր ձեւերով իրենց նպաստը բերած են ֆետայական շարժումին։ Անոնց շարքին, Սօսէ Մայրիկը դարձած է խորհրդանիշը այդ հերոսական պայքարին։

Ծնած է Սասնոյ շրջանի Թեղուտ գիւղը, 1868ին։ Տասներեք տարեկան հասակին, ամուսնացած է Սերոբ Վարդանեանի հետ, որ կ՚ապրէր մօտակայ Սոխուրդ գիւղը։ Երկու տարի ետք ծնած է անոնց անդրանիկ զաւակը՝ Յակոբ։ Աւելի ուշ, երկրորդ զաւակ մը ունեցած են։

1890ական թուականներուն, ապագայ Սերոբ Աղբիւրը շատերու նման ստիպուած էր պանդխտութեան դիմել՝ իր ընտանիքին ապրուստը ապահովելու համար, իր կինն ու փոքր զաւակը ձգելով ետին։ Պոլսոյ մէջ, Հ. Յ. Դաշնակցութեան անդամակցած է եւ, գիւղ վերադառնալով 1895ին, սկսած է քարոզել յեղափոխական նշանախօսքը՝ «Տղաք, մնացէք առանց հացի, բայց մի՛ մնաք առանց զէնքի»։ Ֆետայիները սկզբունքով չէին ամուսնանար, բայց եթէ ամուսնացած էին՝ իրենց ընտանիքէն հեռու կը մնային։ Սակայն, յաջորդական չորս տարիներուն, Սօսէն ու իր զաւակները բաժնեկից եղած են Սերոբ Աղբիւրի աստանդական կեանքին, ու քաջ հայուհին իր ամուսինին կողքին կռուած է թրքական ու քրտական անարդարութեան դէմ։ Սերոբի ֆետայիները անոր տուած են «Մայրիկ» մակդիրը, որով ան պատմութեան անցած է։

Երեք տարի Տարօնի շրջանը գործելէ ետք, 1898ին Սերոբ վերադարձած է Սասուն, եւ Կելիկուզանի գիւղը իր խումբին թաքստոցն էր 1899ի վերջերուն, երբ հայ դաւաճան մը ո՛չ միայն թունաւորած է ազատամարտիկը, այլ զինք մատնած իշխանութիւններուն։ Թուրք եւ քիւրտ զօրքեր անմիջապէս շրջապատած են հայ քաջերը։ Սերոբ այնքան տկարացած էր թոյնին պատճառով, որ չէր կրնար ոտքի ելլել։ Սերոբի եղբայրներ Զաքարի ու Մխոյի եւ իր զաւկին՝ Յակոբի հետ, Սօսէ աւելի քան 8 ժամ անհաւասար մարտ մղած է պաշարողներուն դէմ։ Նոյեմբեր 1, 1899ին, Աղբիւր Սերոբը, իր եղբայրներն ու աւագ որդին սպաննուած են եւ թուրքերը քաջ ֆետային գլխատած ու գլուխը տարած են որպէս աւար։ Քիւրտերը գերի տարած են Սերոբի կրտսեր որդին, որ անհետացած է։ Սօսէ Մայրիկ, ծանրօրէն վիրաւորուած, ձերբակալուած է թուրքերուն կողմէ եւ բուժուելէ ետք՝ բանտարկուած Պիթլիսի մէջ։ Սակայն, աւելի ուշ ազատ արձակուած է։

1904ի Սասնոյ ապստամբութենէն ետք, Սօսէ Մայրիկ տեղափոխուած է Վան։ Մասնակցած է Ապրիլ-Մայիս 1915ի Վանի հերոսամարտին, եւ երբ հայ կամաւորները ստիպուած են նահանջել ռուս զօրքերուն հետ, ան նաեւ մեկնած ու հաստատուած է Երեւան, ուր ապրած է մինչեւ Հայաստանի խորհրդայնացումը։

Այնուհետեւ մեկնած է արտասահման։ Կարճ ժամանակ Պոլիս մնալէ ետք, հաստատուած է Աղեքսանդրիա (Եգիպտոս), ուր ապրած է մինչեւ կեանքին վերջը՝ Հայկ Խանամիրեանի ընտանիքին հետ։

Ընտանեկան ողբերգութեան ու անձնազոհութեան անոր կեանքը իր վախճանին հասած է 9 Փետրուար, 1953ին, Աղեքսանդրիոյ մէջ։ Առաջին Հանրապետութեան 80ամեակին առիթով, 1998ին, Սօսէ Մայրիկի աճիւնները փոխադրուած են Հայաստան, ուր վերստին թաղուած են Երեւանի Եռաբլուրի գերեզմանատան մէջ։

2000ական թուականներուն, Հայ Օգնութեան Միութիւնը հաստատած է «Սօսէ» մանկապարտէզներու ցանցը Արցախի մէջ։