Առաջնորդարանէն

ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆԱՑ ՀԱՒԱՔ ՍՐԲՈՑ ՂԵՒՈՆԴԵԱՆՑ ՏՕՆԻՆ ԱՌԹԻՒ

Երեքշաբթի, 9 Փետրուարին, Սրբոց Ղեւոնդեանց տօնին առթիւ, Թեմիս հոգեւորականաց դասը zoomով համագումար ունեցաւ՝ ներկայ կացութեան պատշաճելով։

Արարողութիւն մը տեղի ունեցաւ յետ միջօրէի ժամը 1ին։ Մասնակցող եեկղեցականները յաջորդաբար երգեցին Սրբոց Ղեւոնդեանց յատուկ շարականները, ինչպէս նաեւ աղօթքները։ Այնուհետեւ, Սուրբ Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ ծխական՝ տիկ. Վըրճինիա Տէյվիս, Գալիֆորնիայէն միացաւ որպէս օրուան բանախօս, նիւթ ունենալով Արցախի իր ուխտագնացութիւնը եւ մշակութային հարստութեանց պահապանման ծրագիրը։ Նկատի ունենալով, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Հայրապետ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս 2021 տարին յայտարարած է «Արցախի տարի», Կրօնական Ժողովը յարմարագոյնս նկատած էր տիկ. Տէյվիսը, որ անցեալ Նոյեմբեր 9ի տխրահռչակ զինադադարէն անմիջապէս ետք ուխտագնացութեան գացած էր Արցախ, այցելելու համար Քաշաթաղի Յաղթ գիւղի Սուրբ Մինաս եկեղեցին, զոր ինք վերաշինել տուած էր իր ծնողաց յիշատակին, նաեւ այցելելու համայնքին, նախքան որ հայրենի այս մասունքին յանձնուիլը Ատրպէյճանի։

Յարգելի բանախօսուհին սրտառուչ կերպով նկարագրեց ուխտագնացութիւնը եւ հանդիպումը տեղւոյն կրթական օճախի աշակերտութեան եւ բնակիչներուն։ Ան նաեւ ներկայացուց զինուորական լարուած մթնոլորտը։ Այս ծանր իրավիճակին անդրադառնալէ ետք, անդրադարձաւ տառապանքի ու կորուստի ցաւէն ծնած յուսադրիչ իր ծրագրին մասին, որ է հիմնադրամի մը ստեղծումը, ըստ կարելւոյն միջազգային ներդրումով պահպանելու համար մշակութային մեր ժառանգը Արցախի մէջ։ Իր խօսքը փակելով, ան կոչ ուղղեց հոգեւոր հովիւներուն, որպէսզի զօրաշարժի ենթարկեն իրենց ծուխերը՝ յոյսով լեցուելու եւ գործնական քայլերով պատրաստելու իրապաշտ եւ դրական ապագայ մը։

Բանախօսութեան յաջորդեց օգտաշատ հարց ու պատասխանի բաժին մը, որմէ ետք շարունակուեցաւ օրուան հոգեւոր յայտագիրը։ Թեմիս Առաջնորդ՝ Անուշաւան Արքեպիսկոպոս ներկայ հոգեւորականներուն հաղորդեց Արամ Ա. Կաթողիկոսի հայրական ջերմ ողջոյնը եւ քաջալերիչ գնահատականը անոնց ծառայութեան համար, մանաւանդ համավարակի այս շրջանին։ Սրբազան Հայրը իր երախտագիտութիւնը յայտնեց բոլորին, որ հակառակ առողջապահական, տնտեսական, ընկերային այս աննախընթաց տագնապին, անոնք կրցած են հարկ եղած հոգեմտաւոր սնունդը հայթայթել՝ հակառակ բոլոր դժուարութեանց, ժողովուրդը առաւել եւս մօտեցնելով Աստուծոյ։

Գերպ. Տ. Ղեւոնդ Ծ․ Վրդ․ Բենդէզեան խորհրդածութիւն կատարեց, հիմնուելով Պօղոս Առաքեալի  Թեսաղոնիկեցւոց ուղղուած առաջին նամակի 5.12-15 հատուածին վրայ։ Հայր Սուրբը, գեղեցիկ կերպով վերլուծելէ ետք Առաքեալին պատգամը, իր խօսքը եզրափակեց, ըսելով, թէ հոգեւորականը միշտ պատրաստ պէտք է ըլլայ ակնկալուածէն աւելին կատարել համայնքի յառաջդիմութեան եւ բարգաւաճման համար։

Ապա, հոգեւոր հովիւները բաժնեկցեցին իրենց վերջին շրջանի փորձառութիւնը, մտահոգութիւններն ու ծրագիրները։

Հաւաքը փակուեցաւ ժամը 3ին՝ Առաջնորդական փոխանորդ՝ Գերպ Տ. Սահակ Ծ. Վրդ. Եմիշեանի «Պահպանիչ»ով։