Ի՞նչ Պատահեցաւ Այս Շաբաթ Հայոց Պատմութեան Մէջ

ՍՈՒՄԿԱՅԻԹԻ ՋԱՐԴԸ (28 ՓԵՏՐՈՒԱՐ, 1988)

Վերջին աւելի քան երեք տասնամեակներու ատրպէյճանական հակահայ բռնութեան սկիզբը, անկասկած, տեղի ունեցած է Փետրուար 1988ին, երբ Պաքուէն 30 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող Սումկայիթ ճարտարուեստական քաղաքին մէջ, որ ունէր 17.000 հայ բնակչութիւն (224.000 ընդհանուր բնակչութեամբ), տեղի ունեցած է տեղացի հայերու ջարդ ու զանգուածային տեղահանութիւն։

Հայութեան դէմ իրագործուած այս եղեռնի նպատակն էր կանխել արցախեան շարժումը, արիւնալի գործողութիւններու հեռանկարով հայերը ահաբեկել ու կանխել արցախեան ազատագրական պայքարի տարածումը։ Փետրուարի 26-ին,  դէպքերէն օր մը առաջ, Միխայիլ Գորբաչով հայ մտաւորականներու՝ Սիլվա Կապուտիկեանի եւ Զօրի Բալայեանի հետ հանդիպման ժամանակ, «մտավախութիւն» յայտնած էր Պաքուի մէջ ապրող աւելի քան 200.000 հայերու ապահովութեան մասին, զայն ուղղակի կապելով Լեռնային Ղարաբաղի Հայաստանին վերամիաւորելու Արցախի հայութեան պահանջին։

Սումկայիթի մէջ կիրքերը բորբոքելու համար օգտագործած են ստայօդ լուրեր, թէ իբրեւ Հայաստանի մէջ ատրպէյճանցիներու զանգուածային սպանութիւններ կ՚ըլլան եւ անոնց ունեցուածքը կը թալանուի։

Ոճրագործութիւնը նախօրօք ծրագրուած էր, ինչպէս ցոյց կու տայ հայերու բնակարաններու ցուցակներու օգտագործումը ջարդարարներուն կողմէ, նախապէս մշակուած դերաբաշխումը (սպանութիւն եւ ջարդ իրականացնողներ, թալանողներ, ունեցուածք ոչնչացնողներ, ոճիրի հետքերը ջնջողներ), մետաղաձողերու եւ այլ գործիքներու պատրաստութիւնը արտադրամասերու մէջ՝ ոճիրը իրականացնելու համար, թմրեցուցիչներու եւ ոգելից խմիչքներու բաժանումը։ Միւս կողմէ, հայերու հեռաձայնային կապը խզուած էր, ներքին գործոց եւ շտապ օգնութեան սպասարկութիւնները դիտումնաւոր կերպով չէր գործած, պայմանական եւ ազդանշանային համակարգեր գործի դրուած են հայերու տեղերը բացայայտելու համար, եւ այլն։

27-29 Փետրուարին ընթացող սպանդը զարհուրելի արդիւնք ունեցած է։ Արդարեւ, խորհրդային պաշտօնական տուեալներով 32 մեռեալ (26 հայ, 6 ատրպէյճանցի) արձանագրուած է. ատրպէյճանցի մեռելներուն պատճառը հայերու կողմէ անհատական ինքնապաշտպանութեան դիմելն էր։ Փոխարէնը՝ անպաշտօն տուեալները հարիւրաւոր սպաննուածներու մասին վկայած են, ներառեալ՝ անոնք որոնք ողջ-ողջ այրուած են, հազարաւոր վիրաւորներ, հարիւրաւոր բռնաբարուածներ, 18.000 փախստականներ, հարիւրաւոր թալանուած ու աւերուած բնակարաններ, տասնեակներով կողոպտուած խանութներ, արհեստանոցներ եւ այլ հաստատութիւններ, տասնեակներով հրկիզուած ինքնաշարժներ, եւ այլն։

Թէեւ 29 Փետրուարին խորհրդային զօրքեր մտած են Սումկայիթ, միայն երեկոյեան անոնք վճռական գործողութիւններու դիմած են՝ կանխելով նորանոր ջարդեր, երբ զէնք կիրառելու հրաման ստացած են։

Միայն 94 հոգի պատասխանատուութեան ենթարկուած է, որոնցմէ միայն մէկ հոգի մահուան դատապարտուած է։ Մնացածներուն պարագային, «խուլիկանական դրդապատճառներ» վկայակոչուած են անոնց դէմ սպանութեան, բռնաբարութեան, ջարդի եւ այլ մեղադրանքներ ներկայացնելու համար։ Խորհրդային իշխանութիւնները յատուկ նպատակով ոճիրները քանի մը մասերու բաժնած են՝ տարբեր քաղաքներու մէջ կատարելով դատավարութիւնները, փոխանակ բոլոր ոճիրները ընդհանուր գործի մը մէջ ներկայացնելու։ Դատավարութիւններուն ընթացքին, կոպիտ խախտումներ արձանագրուած են, իսկ Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք, յանցապարտներու դատերը կրճատուած են եւ անոնց մեծ մասը՝ ազատ արձակուած։ Ոճրագործութիւնը պաշտօնապէս դատապարտուած չէ, ոչ ալ զոհերու հարազատներուն ցաւակցութիւն յայտնուած է, իսկ քաղաքային եւ իրաւապահ համակարգի պաշտօնեաները անպատիժ մնացած են։

Սումկայիթի ոճրագործութիւնը Յուլիս 1988ին դատապարտուած է Եւրոպական Խորհրդարանին եւ Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտին կողմէ։

2005ին, 28 Փետրուարը Սումկայիթի ջարդերու ոգեկոչման օր հռչակուած է Հայաստանի մէջ։ 1988ին, Ծիծեռնակաբերդի յուշարձանին մօտ կանգնած է Սումկայիթի զոհերու յիշատակին նուիրուած խաչքար մը, իսկ Ստեփանակերտի մէջ կառուցուած է զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշարձան մը։