«ՀԱՅԸ ՄԻԱՅՆ ԶՈՀ ՉԷ ԵՂԱԾ»
Շաբաթ, 20 Մարտի «Սիամանթօ» լսարանի պատմութեան պահուն, բոլորովին նոր էջ բացուեցաւ պատանի աշակերտներուն դիմաց։ Երիտասարդ ուսուցիչ, մտաւորական ու հանրային գործիչ Ռուբէն Ճանպազեան յատուկ պատրաստութիւն ըրած էր ծանօթացնելու «Նեմեսիս» գործողութիւնն ու անոր հեղինակները՝ 15 Մարտին Սողոմոն Թեհլիրեանի կողմէ Թալէաթ փաշայի ահաբեկման 100ամեակը նոր յիշատակուած ըլլալուն։
Հետաքրքրաշարժ այս ներկայացումի աւարտին, աշակերտները ստացան գիրքերու եւ ֆիլմերու ցուցակ մը՝ յետագայ պրպտումի համար, ու հասցէներ, զորս կրնան օր մը այցելել իրենց հետաքրքրութիւնը գոհացնելու եւ յարգանքի տուրք տալու, ինչպէս Սողոմոն Թեհլիրեանի գերեզմանն ու յուշարձանը՝ Ֆրեզնօ։