Հաւանաբար ձեզի ծանօթ չէ, որ յարութիւն, օriens («Արեւելք»՝ լատիներէն) եւ օrigin («ծագում»՝ անգլերէն) բառերը նոյն աղբիւրէն կու գան։ Հինգ հազար տարուան երկայնքին, անսովոր երեւոյթ մը չէ, որ տուեալ բառի մը ժառանգորդները դժուար ճանաչելի դառնան, իսկ իմաստները՝ բոլորովին տարբեր։
Թերեւս գուշակեցիք, որ այդ հասարակաց աղբիւրը հնդեւրոպական մայր լեզուն է (նախահնդեւրոպական լեզու)։ Այդ լեզուի *[h]er արմատը՝ «շարժիլ, յուզել, բարձրացնել» իմաստով, ունէր *r-n ածանցը, որ երբեմն սկզբնական ձայնաւոր մը առած է։ Հայերէն արն արմատը դարձած է առն (ն-էն առաջ r ձայնը կը դառնայ ռ), եւ ապա՝ սաստկացուցիչ յ մասնիկը, որ գրաբարի մէջ y կը հնչէր, եւ ներկայիս հ կը հնչուի։ Հետեւաբար, յառն արմատէն ծագած է յառնեմ («յարութիւն առնել, վերածնիլ») բայը (յառնել՝ աշխարհաբարի մէջ) եւ յարութիւն բառը, ինչպէս եւ Զատիկի օրով գործածուելիք ողջոյնը, ուր յարեաւ բառը յառնել բայի անցեալ ժամանակն է. Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց («Քրիստոս յարութիւն առաւ մեռելներէն»)։
Կ՚արժէ յիշել, որ հակառակ խօսակցական լեզուի մէջ գործածութեան, Շնորհաւոր Սուրբ Զատիկ անգլերէն “Happy Easter”ին համապատասխան ձեւը ՉԷ։
Նոյն նախահնդեւրոպական *[h]er ծագումը, իր կարգին, լատիներէն oriri («ծագիլ») բայը տուած է, որմէ ունինք originem գոյականը («սկիզբ, աղբիւր. տոհմ, ծնունդ») եւ orientem («ծագող արեւ, արեւելք») ներկայ դերբայը։ Ֆրանսերէնի ճամբով, երկու բառերը մտած են անգլերէնի մէջ origin եւ orient ձեւերով։
Ի դէպ, orientի հայերէն համապատասխան բառը արմատ չէ, այլ բարդ բառ՝ արեւելք։ Սակայն, թէեւ արեւը կը ծագի արեւելքէն, արեւուն ամէնօրեայ «ծնիլ»ն ու «մեռնիլ»ը կապ չունի յարութիւն բառի ստուգաբանութեան հետ։
Ասիկա ուրիշ օրուան խօսակցութեան նիւթ է։