ԿԻՐԱԿԻ, 18 ԱՊՐԻԼ ԿԱՆԱՉ ԿԻՐԱԿԻ
ԿԻՐԱԿԻ, 18 ԱՊՐԻԼ
ԿԱՆԱՉ ԿԻՐԱԿԻ
Ընթերցումներուն մասին. Երկուշաբթի, 19 Ապրիլէն մինչեւ Հոգեգալուստ (23 Մայիս), իւրաքանչիւր օր չորս աւետարանները հետեւեալ կարգով կը կարդացուին. 1) Առաւօտեան՝ Ղուկաս, 2) Կէսօրին՝ Յովհաննէս, 3) Երեկոյեան՝ Մատթէոս, 4) Երեկոյեան աւարտին՝ Մարկոս։ Հոգեգալուստին, չորս աւետարանները կը կարդացուին մինչեւ խաչելութեան պատումը։
ՃՇ. ԸՆԹԵՐՑՈՒՄ
Ղկ 6:12-45, Գր 9:23-31, Մտ 8:18-9:8, Մր 3:6-12
ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 2:23-3:12
Զատիկի տօնին, մինչ Յիսուս Երուսաղէմ կը գտնուէր, շատեր հաւատացին իրեն, երբ տեսան անոր գործած հրաշքները: Սակայն Յիսուս ինքզինք չէր վստահեր անոնց, որովհետեւ բոլորն ալ կը ճանչնար եւ պէտք չունէր ոեւէ մէկուն մասին ուրիշին վկայութեան, քանի ինք գիտէր թէ ի՛նչ կայ մարդոց սիրտին մէջ:
Նիկոդեմոս անունով Փարիսեցի մարդ մը կար, Հրեայ իշխան մը, որ գիշերով Յիսուսի քով եկաւ եւ ըսաւ անոր.
– Վարդապե՛տ, գիտենք որ դուն Աստուծոյ կողմէ ղրկուած ուսուցիչ մըն ես, որովհետեւ ո՛չ ոք կրնայ գործել քու կատարած հրաշքներդ, եթէ Աստուած անոր հետ չըլլայ:
Յիսուս պատասխանեց անոր.
– Լաւ գիտցիր, որ եթէ մէկը վերստին չծնի՝ չի կրնար տեսնել Աստուծոյ արքայութիւնը:
Նիկոդեմոս հարցուց անոր.
– Ծեր մարդ մր ինչպէ՞ս կրնայ ծնիլ: Կարելի՞ բան է որ ան կրկին մտնէ իր մօր որովայնը եւ ծնի:
Յիսուս պատասխանեց.
– Հաստատ գիտցիր, որ եթէ մէկը ջուրէն եւ Հոգիէն չծնի՝ չի կրնար Աստուծոյ արքայութիւնը մտնել, որովհետեւ մարմինէն ծնածը մարմին է, իսկ հոգիէն ծնածը՝ հոգի: Դուն մի՛ զարմանար, որ քեզի ըսի՝ թէ պէտք է վերստին ծնիք: Հովը ո՛ւր որ ուզէ՝ կը փչէ. դուն անոր ձայնը կը լսես, բայց չես գիտեր թէ ուրկէ՛ կու գայ եւ ո՛ւր կ’երթայ: Նոյնպէս են բոլոր անոնք, որոնք Հոգիէն կը ծնին:
Նիկոդեմոս հարցուց.
– Ինչպէ՞ս կրնայ պատահիլ ատիկա:
Յիսուս պատասխանեց.
– Դուն որ Իսրայէլի ժողովուրդին վրայ ուսուցիչ կարգուած ես, ատիկա չե՞ս գիտեր: Լաւ գիտցիր, թէ ինչ որ գիտենք՝ կը խօսինք եւ ինչ որ տեսանք՝ անոր մասին կը վկայենք, բայց մեր վկայութիւնը չէք ընդունիր: Եթէ երկրաւոր բաներու մասին խօսեցայ ձեզի եւ չէք հաւատ
***
1 ՊԵՏՐՈՍ 2:1-10
Հետեւաբար, մէկդի՛ ձգեցէք ամէն տեսակի չար մտածում ու նենգութիւն, կեղծաւորութիւն ու նախանձ եւ ամէն տեսակի չարախօսութիւն: Որպէս հաւատքի նորածին մանուկներ, Աստուծոյ խօսքին անխարդախ կաթին փափաքեցէք, որպէսզի անով աճիք եւ փրկութեան հասնիք: «Անգամ մը որ Տիրոջ խօսքին համը առնէք, պիտի տեսնէք թէ քաղցր է ան»:
Մօտեցէ՛ք անոր, Քրիստոսի, որովհետեւ ի՛նքն է այն կենդանի վէմը, որ թէպէտ մարդոցմէ մերժուած, բայց Աստուծմէ ընտրուած պատուական վէմն է: Այսպիսով դո՛ւք ալ, որպէս կենդանի քարեր, Քրիստոսի վէմին վրայ կը կառուցուիք՝ իբրեւ հոգեւոր տաճար. իւրաքանչիւրդ կը դառնաք անարատ քահանաներ եւ Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ հոգեւոր ընդունելի պատարագ կը մատուցանէք Աստուծոյ: Որովհետեւ մարգարէութեան մէջ գրուած է.-
«Ահա ես Սիոնի մէջ կը դնեմ ընտրուած վէմ մը, պատուական անկիւնաքարը մը. անոր հաւատացողը յուսախաբ պիտի չըլլայ»:
Քանի դուք հաւատացիք Քրիստոսի, անիկա ձեզի համար պատուական վէմը եղաւ. մինչդեռ չհաւատացողներուն համար, անիկա «Այն քարն է, որ թէպէտ շինողները մերժեցին գործածել, բայց ինք անկիւնաքարը եղաւ», կամ՝ «Այն քարն է, որ գլորումի եւ գայթակղութեան առիթ» պիտի ըլլայ անոնց համար, որոնք Աստուծոյ խօսքը անհամոզիչ գտնելով կը գայթակղին, ինչպէս որ Աստուած նախատեսած էր:
Գալով ձեզի, դուք ընտրուած ցեղ մըն էք, թագաւորելու կոչուած քահանաներ, սուրբ ազգ մը, Աստուծոյ սեփական ժողովուրդը. եւ ձեր պարտականութիւնն է քարոզել զօրութիւնը անոր՝ որ ձեզ խաւարէն իր սքանչելի լոյսին կանչեց: Որովհետեւ հիմա Աստուծոյ ժողովուրդն էք, մինչ նախապէս չէիք. հիմա իր ողորմութիւնը կը վայելէք, մինչ նախապէս զրկուած էինք անկէ: