Ի ՅԻՇԱՏԱԿ

ԱՐՈՒՍԵԱԿ (ԱՅՐԻՍ) ՓԱՓԱԶԵԱՆԻ (4 Յուլիս, 1936-29 Մայիս, 2021)

Մահեր կան, որոնք անփոխարինելիութեան զգացումը կը ստեղծեն, յատկապէս երբ անհատը երկար տասնամեակներ իր անդուլ ծառայութիւնը մատուցած է հանրային կեանքին։ Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս եւ Ազգային Վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական Ժողովները խորին ցաւով տեղեկացան, որ Շաբաթ, 29 Մայիսի վաղ առաւօտեան, Ազգային Առաջնորդարանի ընտանիքի երկարամեայ անդամներէն՝ տիկ. Արուսեակ (Այրիս) Փափազեան, իր մահկանացուն կնքած էր։ Մեր խորազգած ցաւակցութիւնները կը յայտնենք ընտանիքին սգակիր անդամներուն. որդիին եւ տիկնոջ՝ փրոֆ. Մայքլ Պ. եւ Անտրէա Փափազեաններուն, տալոջ՝ Մարկրէթ Փափազեանին, քրոջ աղջիկներուն՝ Ալեքսիս եւ Սառա Ղազարեաններուն, քոյրերուն՝ Էլիզապէթ Փիլիպոսեանին եւ Ռոզլի Նուարդ Սթրոնսկիին ու ամուսնոյն՝ Ուալաս Սթրոնսկիին։ Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները կարելի է կատարել Ազգային Առաջնորդարանի «Փիեռ Փափազեան» գրական հիմնադրամին։

Յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի, 2 Յունիսին, Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ (Ռիճֆիլտ, Նիւ Ճըրզի), որմէ ետք մարմինը ամփոփուեցաւ «Ճորճ Ուաշինկթըն» գերեզմանատան մէջ (Փարամըս, Նիւ Ճըրզի)։ Յուղարկաւորութեան ու թաղման նախագահեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, որուն կողքին էին Գերպ. Տ. Սահակ Ծ. Վրդ. Եմիշեան՝ Առաջնորդական Փոխանորդ ու հոգեւոր հովիւ Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ, Արժ. Տ. Ներսէս Ա. Քհն. Մանուկեան՝ հոգեւոր հովիւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ (Ֆիլատելֆիա), Արժ. Տ. Մեսրոպ Քհն. Լագիսեան՝ հոգեւոր հովիւ Ս. Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ (Նիւ Եորք), Արժ. Տ. Նարեկ Քհն. Թրթռեան՝ հոգեւոր հովիւ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ (Տակլըսթըն, Նիւ Եորք) եւ Արժ. Տ. Վահան Քհն. Գույումճեան՝ արտահաս հովիւ։ Իր դամբանականին մէջ, Անուշաւան Արքեպիսկոպոս պանծացուց հանգուցեալի արժանիքներն ու ծառայութեան ոգին։ Մեր ստացած ցաւակցական արտայայտութիւնները փաստ են անոր լուռ ու համեստ նկարագրի ու գործունէութեան ունեցած մեծ դերին մեր համայնքին մէջ։

Այրիս Արուսեակ Փափազեան ծնած է 4 Յուլիս, 1936ին, Նիւ Եորքի մէջ, Մեռ Եղեռնէն վերապրող մալաթիացի ծնողներէ՝ Գրիգոր Փիլիպոսեան եւ Վերոնիկա Սահակեան-Փիլիպոսեան։ Այրիս երեք դուստրերու միջնեկն էր։ 1945ին, ընտանիքը փոխադրուած է Ֆիլատելֆիա։ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ ծխական եղած է ու տարիներով կիրակնօրեայ վարժարանը դասաւանդած։ Արուսեակ Փափազեան շրջանաւարտ եղած է Թեմփլ համալսարանի լրագրութեան ճիւղէն։ Այնուհետեւ, փոխադրուած է Նիւ Եորք իր ուսումը շարունակելու Գոլումպիա համալսարանին մէջ։ 1959ին, ամուսնացած է Փիեռ Փափազեանի հետ եւ ունեցած զաւակ մը՝ Մայքըլ։ Ի դէպ, անոնց ամուսնութիւնը առաջինը եղած է Նիւ Ճըրզիի նորակառոյց Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ։

Արուսեակ Փափազեանի կեանքը համակ ծառայութիւն ու նուիրում եղած է հայ ազգի ու Եկեղեցւոյ։ 1950ական թուականներէն՝ Ազգային Առաջնորդարանի հիմնադրութեան օրերէն անոր կապուած էր ու աշխատած Թեմիս բոլոր առաջնորդներուն հետ՝ Հրանդ Արք. Խաչատուրեանի, Գարեգին Արք. Սարգիսեանի (յետագային՝ Գարեգին Բ. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ եւ Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս), Մեսրոպ Արք. Աշճեանի, Օշական Արք. Չօլոյեանի եւ Անուշաւան Արք. Դանիէլեանի։ Գրողի ու լրագրողի անոր տաղանդը թէ՛ տեսանելի եւ թէ՛ անտեսանելի մղիչ ուժը եղած է յարաբերական աշխատանքի եւ հրատարակչական բազմաթիւ ծրագիրներու։ Երկար տարիներ աշխատած է իբրեւ հաղորդակցութիւններու եւ հրատարակութիւններու տնօրէն, խմբագրելով “Outreach” պարբերաթերթը եւ “Crossroads” ելեկտրոնային լրատուն։ Յանձնառութեան հեռահաս ոգիով, շարունակած է երկար ժամեր աշխատիլ Առաջնորդարանին մէջ երբ արդէն 80 տարեկանը անց էր եւ «կիսովին» հանգստեան կոչուած՝ պաշտօնապէս։ Երբ հիւանդացած էր 2019ին, տկարացած վիճակին հանդերձ, շարունակած է շատ մը ծրագիրներու իր բաժինը բերել։ Անոր երկարամեայ ծառայութիւնը պարգեւատրուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Մեսրոպ Մաշտոց» եւ «Կիլիկիոյ ասպետ» շքանշաններով, ինչպէս եւ Ազգ. Առաջնորդարանի «Զապէլ թագուհի» մրցանակով։

Արուսեակ Փափազեանի նկարագիրը կարելի է բնորոշել «դիմացկունութիւն» եւ «նախաձեռնութիւն» բառերով։ Ան յաղթահարած է դժուարին պայմաններ եւ բուռն կերպով պայքարած, մինչեւ իսկ հիւանդութեան ընթացքին։ Նախաձեռնարկ ոգիին մէկ արտայայտութիւնը դրսեւորուած է անոր ասպարէզի սկիզբը, երբ գրաշարութեան ու հրատարակչական ձեւաւորման ընկերութիւն մը բացած է տան նկուղին մէջ, որ յետագային փոխադրուած է իր սեփական գրասենեակը, ուր միասնաբար աշխատած է ամուսինին հետ մինչեւ վերջինիս մահը (1995)։

Երրորդ բնորոշ բառը «սրտակցութիւն»ն է։ Ան խորհրդատու եւ ուղեցոյց եղած է բոլոր անհրաժեշտ պարագաներուն իր հանդարտ ու խոհուն նկարագրով։

Արուսեակ Փափազեանի մասնակցութիւնը մեր համայնքային կեանքին մէջ չէր մնացած Առաջնորդարանի ծիրէն ներս։ Երկար տարիներ Նիւ Ճըրզիի «Յովնանեան» վարժարանի հոգաբարձութեան անդամ էր եւ որոշ ժամանակ՝ անոր կառավարիչը։ Նաեւ երկար տարիներ ՀԲԸՄի «Արարատ» անգլիատառ գրական եռամսեայի խմբագրական կազմի անդամ էր ան։ 1970ական թուականներուն, հրատարակած է “The Literary Tabloid” պարբերաթերթը Փիեռ Փափազեանի հետ, որուն աջակցած է “Phoenix” պարբերաթերթի հրատարակութեան ընթացքին։

Արուսեակ Փափազեան մոլի ընթերցող մըն էր, որ կը գնահատէր ու կը հասկնար գրաւոր խօսքի ուժը եւ զայն վարպետօրէն կը կիրարկէր։ Հիւանդութեան շրջանին, իր միտքը լիովին գործուն էր։ Յոյս ունէր ամբողջացնելու Արեւելեան Թեմի պատմութիւնը, քանի որ ան էր Թեմիս յիշողութիւնը։ Դժբախտաբար, այդ գործը անաւարտ մնացած է, բայց անոր իրագործումները տուրք մը պիտի ըլլան անոր կեանքին իբրեւ Աստուծոյ, Եկեղեցւոյ եւ հայ ազգի բարի ու հաւատարիմ ծառայ։ Կը յուսանք, որ մօտիկ ապագային այս գործը պիտի ամբողջանայ իբրեւ երկու դար կամրջող մտաւորական կնոջ մը ժառանգը։

Թող Աստուած հանգուցեալի հոգին լուսաւորէ եւ յաւերժական հանգիստ պարգեւէ։