ՄԿՐՏԻՉ ԽԵՐԱՆԵԱՆ (մահ՝ 27 Յունիս, 1970)
Վանի հերոսամարտին վերապրած ու խորհրդահայ գրականութեան իրենց մասնակցութիւնը բերած բազմաթիւ մեծ ու փոքր անուններու շարքին կը պատկանի Մկրտիչ Խերանեանը՝ «Նարեկ»ի առաջին արեւելահայերէն թարգմանութեան հեղինակը։
Խերանեան ծնած է Վան, 10 Օգոստոս, 1899ին։ Սկզբնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրի ծխական, ապա՝ Վարագայ ժառանգաւորաց եւ «Հայկազեան» կեդրոնական վարժարաններուն մէջ։ Վանի ինքնապաշտպանութենէն ետք. ապագայ գրագէտը իր ընտանիքով գաղթած է Արեւելեան Հայաստան, ուր մտած եւ շրջանաւարտ եղած է Ս. Էջմիածնի Գէորգեան ճեմարանէն։
Ամուսնացած է իր նոյն մականունը կրող Արաքսիա Խերանեանի հետ։ Ունեցած են չորս զաւակ։ Մինչեւ 1932 ընտանիքը ապրած է Էջմիածնի (այժմ՝ Վաղարշապատ), ապա՝ Երեւանի մէջ։ Մկրտիչ Խերանեան հայոզ լեզուի ու գրականութեան ուսուցիչ եղած է Էջմիածնի շրջանի եւ Երեւանի տարբեր միջնակարգ դպրոցներու մէջ։
Խերանեան բանաստեղծութիւններ գրած է պատանի տարիքէն եւ ամբողջ կեանքը նուիրած է գրականութեան։ 1938ին հրատարակած է բանաստեղծութիւններու առաջին ժողովածուն՝ «Խնդութիւն» վերնագրով։ 1939ին անդամակցած է Հայաստանի Գրողներու Միութեան։ Սակայն, ան զերծ չէ մնացած ստալինեան վարչակարգի բռնութենէն։ 1941ին, մտաւորականները կը ձերբակալուէին որպէս կասկածելի անձնաւորութիւններ։ Խերանեան ձերբակալուած է Նոյեմբեր 1941ին եւ շարք մը մտաւորականներու հետ առանց դատի աքսորուած՝ Ղազախստանի Ակմոլինսկի մարզ։ Չորս տարի դաժան պայմաններու մէջ հոն մնալէ ետք, պատերազմի աւարտին ազատ արձակուած եւ վերադարձած է Երեւան, ուր շարունակած է ուսուցչութեամբ զբաղիլ մինչեւ 1950։
Հրատարակած է բազմաթիւ հատորներ՝ բանաստեղծութիւններ, մանկական բանաստեղծութիւններ ու հէքեաթներ, վիպերգեր («Մոկաց Միրզա», «Սասնայ տուն», «Հազարան բլբուլ»), վիպակներ, «Երկար-երկար մի ճանապարհ» ինքնակենսագրական վէպը (1965)։ Խերանեան բեղուն թարգմանիչ եղած է։ Ամենէն ծանօթ թարգմանական գործն է Գրիգոր Նարեկացիի «Մատեան ողբերգութեան» առաջին արեւելահայերէնի վերածումը (1960)։ Աշխարհաբարի վերածած է նաեւ Հոմերոսի «Իլիական»ը եւ ռուսերէնէ թարգմանած է Նիզամիի, Պուշկինի, Լերմոնտովի եւ այլոց գործերը։
Հետաքրքրական է գրագէտի որդիին՝ Հենրիկ Խերանեանի վկայութիւնը իր հօր մասին. «Իր կեանքի վերջին տարիներին նրա մէջ շատ ուժեղ էր հայրենիքի՝ Վանի, կարօտը։ Մահից երկու տարի առաջ գրիչ չառաւ ձեռքը, լրիւ զբաղուեց իր մանկական յիշողութիւններով։ Մենք ապրում էինք Բութանիայի 12-րդ փողոցում, որը կրում էր Այվազովսկու անունը, եւ բակում ինքն իր ձեռքով պատրաստեց Վանայ լիճը բետոնից, այն նոյն ձեւով, ինչպիսին քարտէսում կար։ Երեք մետր երկարութեամբ, ներկեց կապոյտ գոյնով, ջուրը լցրեց ու զգաց, որ ինքը Վանում է, Վանայ լճի կողքին։ Բացի դրանից իր չախոյով (դանակ) որեւէ այլ գործիք չօգտագործելով, պատրաստեց մակէտներ՝ իրենց Վանի տունը բակով, Շուշան գիւղը իր շրջապատով, որտեղ պապս աշխատել էր վարդապետ, նաեւ որտեղ ուսանել էր՝ Վարագավանքում, ու մատով ցոյց էր տալիս եւ ասում. «Այս լուսամուտի մօտ իմ նստարանն էր»։ Երկու տարի նա տրամադրեց իր հայրենիքին, իրեն շրջապատեց Վանայ հարազատ անկիւններով եւ 1970 թուականին աւարտեց իր կեանքը»։
Մկրտիչ Խերանեան մահացած է 27 Յունիս, 1970ին, Երեւանի մէջ։ Անտիպ ու տպագիր գործերէն շատեր հրատարակուած են յետմահու։ 2010ին, Հայաստանի Ազգային Գրադարանը յետմահու Խերանեանին շնորհած է Յակոբ Մեղապարտի անուան յուշամետալը՝ հայ գրականութեան մատուցած ծառայութիւններուն, գրական վաստակի եւ թարգմանական գործունէութեան համար։