ԿԱՐՕ ԼՈՒԿԱՍ (մահ՝ 8 Յուլիս, 2010)
Իրանահայ մեծատաղանդ գիտնական՝ Կարօ Լուկաս (Ղուկասեան), կը համարուի Իրանի ռոպոթներու գիտութեան հայրը։
Ծնած է 4 Սեպտեմբեր, 1949ին, Նոր Ջուղայի մէջ (Սպահան) մէջ, ուր ընտանիքը ամառները կ՚անցընէր։ Աւարտած է Թեհրանի ազգային Քուշէշ Մարիամեան դպրոցը, իսկ 1973ին, Թեհրանի համալսարանի ճարտարագիտական ճիւղէն մագիստրոսական տիտղոսը՝ ելեկտրոնային գիտութիւններու եւ համակարգչային արհեստագիտութեան մէջ։ 1976ին, դոկտորական աւարտաճառ պաշտպանած է Գալիֆորնիոյ համալսարանի Պերքլիի մասնաճիւղին մէջ։ Վերադառնալով Իրան, նոյն տարին գործի անցած է իբրեւ դասախօս Թեհրանի համալսարանին մէջ, ուր աշխատած է յաջորդ աւելի քան երեք տասնամեակներուն։ Միաժամանակ, նաեւ դասաւանդած է միջազգային ծանօթ համալսարաններու եւ գիտական հաստատութիւններու մէջ (Միացեալ Նահանգներ, Իտալիա, Լիպիա, Գերմանիա, Չինաստան)։
1986-88 թուականներուն ղեկավարած է Թեհրանի համալսարանի ելեկտրական ճարտարագիտութեան բաժանմունքը։ Հիմնած ու 1993-97 թուականներուն եղած է Հիմնարար Գիտութիւններու Հետազօտական Կեդրոնի տնօրէնը, որ Իրանի առաջատար գիտական կազմակերպութիւններէն մէկը կը նկատուի: 1997ին դասաւանդած է Երեւանի բնագիտութեան հիմնարկին, իսկ 2007ին՝ Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանին մէջ։ Կարօ Լուկաս ղեկավարած է հազարաւոր մագիստրոսական ու դոկտորական աւարտաճառեր եւ մեծ յարգանք վայելած է Իրանի ճարտարագիտական ուսանողներու եւ փորձագէտներու, ինչպէս նաեւ պետական պատասխանատուներու մէջ։
Կ. Լուկաս հսկայական ներդրում ունեցած է Իրանի եւ միջազգային գիտական ասպարէզին մէջ։ Հեղինակած կամ համահեղինակած է մօտ 1200 գիտահետազօտական յօդուածներ եւ զեկուցումներ, ունեցած է 190 դասախօսական ելոյթներ միջազգային գիտաժողովներու մէջ, մասնակցած է 20 միջազգային գիտական պարբերականներու խմբագրական կազմին, եղած է շուրջ 100 միջազգային գիտաժողովներու կազմակերպչական յանձնախումբերուն մէջ, խմբագրած է 8 հատորներ եւ համահեղինակ եղած՝ 39 գիտական խմբագրուած հաւաքածոներու:
2006 թուականին Կարօ Լուկաս ճանչցուած է Իրանի ճարտարագիտական ասպարէզի իբրեւ Մնայուն Դէմք (Eternal Figure) եւ պարգեւատրուած է նախագահին կողմէ։
Մահացած է 8 Յուլիս, 2010ին, Թեհրանի մէջ, անյաջող վիրաբուժական գործողութեան մը ընթացքին։