Սեբաստացի Մուրատ եղած է 20րդ դարու հայ ազատամարտի առասպելական անուններէն մէկը, որ իր ողջութեան արդէն հռչակ կը վայելէր ու սերունդէ սերունդ մնացած է յիշողութեան մէջ։
Բուն անունով՝ Մուրատ Խրիմեան, ծնած է Սեբաստիոյ Կովտուն գիւղը, 1874ին։ Հովիւ եղած ատեն, պատահական թուրքեր յարձակած են իր վրայ՝ զինք սպաննելու եւ հօտը գողնալու համար։ Ան սպաննած է թուրքերէն մէկը, միւսները փախուստի մատնելով։ Չկարենալով զինք ձերբակալել, ոստիկանութիւնը փոխարէնը՝ հայրը բանտարկած է։ Մուրատ ստիպուած է յանձնուիլ ու քանի մը ամիս բանտը անցընել։ Ազատ արձակուելով անչափահասութեան պատճառով, հեռացած է Սեբաստիայէն ու անցած՝ Պոլիս, ուր բեռնակրութիւն ըրած եւ գիշերները դպրոց յաճախած է՝ տարրական ուսման եւ գրագիտութեան տիրանալու համար։
Անդամակցած է Հնչակեան կուսակցութեան, բայց 1890ին Խորէն Աշըգեան պատրիարքին դէմ տեղի ունեցած ցոյցին մասնակցած ըլլալու մեղադրանքով՝ Մուրատ դարձեալ ձերբակալուած է։ Շնորհիւ եւրոպական միջամտութեան, Պոլիսէն աքսորուած է իր ընկերներով, անցնելով Եգիպտոս ու Յունաստան։ Այնուհետեւ, մեկնած է Թիֆլիս ու անդամագրուած՝ Հ. Յ. Դաշնակցութեան, ուղարկուելով Կարս՝ Երկիր անցնելու դուռը։
1903ին, Մուրատ մտած է Երկիր իբրեւ պարզ զինուոր՝ Թորգոմի առաջին խումբին մէջ։ Հրայր Դժոխքի եւ Գէորգ Չաւուշի կողքին, Սեբաստացի Մուրատ ստացած է իր «մկրտութիւնը» Մշոյ եւ Սասնոյ մէջ, յատկանշական ֆիզիքական ուժով եւ հերոսական նկարագրով։ Խմբապետ կարգուելով, իրեն առաջարկուած է Սասնոյ երկրորդ ապստամբութեան ընդհանուր հրամանատարութիւնը 1904ին․ բայց ան մերժած է, պնդելով, որ «Անդրանիկն է այդ առաջնորդը եւ եթէ անգամ նա մեռած լինի, իր դիակը մեր դրօշակին հետ պէտք է տարուի մեր առջեւէն.- դէպի կռիւ ու ազատութիւն»։
Մուրատի քաջագործութիւնները զինք հռչակաւոր դարձուցած են, ու անոնք շարունակուած են 1904ի ամրան, երբ ֆետայիներու նշանաւոր ժողովէն ետք Աղթամարի կղզիին մէջ, ճեղքած է թրքական պաշարման շղթան, նաւ մը գրաւած եւ իրեն հետեւող ժողովուրդն ու ֆետայիները Պարսկաստան հասցուցած։ Ինչպէս գրած է Ս. Թադէի վանքի պատերուն, «անցանք մենք ընդ հուր եւ ընդ ջուր, իսկ ես կ’աւելցնեմ նաեւ ընդ արիւն եւ նորէն կ’երթանք դէպի հուր եւ արիւն»։
Գլխաւոր մասնակիցներէն եղած է հայ-թաթարական կռիւներուն 1905ին, ղեկավարելով հերոսական մարտեր Զանգեզուրի եւ Նախիջեւանի ճակատներուն վրայ ու դառնալով Ղափանի (Կապան) հայութեան պահապան բազուկը։ 1906ին վերադարձած է Սասուն, մասնակցելով 1907ի հերոսական կռիւներուն։ Ապստամբութեան աւարտին, մեկնած է արտասահման, մասնակցելով Հ. Յ. Դաշնակցութեան 4րդ Ընդհանուր Ժողովին (Վիեննա, 1907)։ Ժողովի որոշումով, Պարսկաստանի սահմանադրական յեղափոխութեան մասնակցելէ ետք, երբ տեղի ունեցած է Օսմանեան Սահմանադրութեան հռչակումը (1908), Սեբաստացի Մուրատ վերադարձած է իր ծննդավայրը։ Սակայն, Սահմանադրութեան իրականութեան չհաւատալով, շարունակած է ժողովուրդը զինելու եւ երիտասարդները պատրաստելու գործը։ 1910ին ամուսնացած է ուսուցչուհի Ագապիի հետ, Դանիէլ Վարուժանի կնքահայրութեամբ, որ անոր նուիրած է իր լաւագոյն քերթուածներէն մէկը՝ «Բեգաս»ը։
Առաջին Աշխարհամարտի նախօրեակին, Մուրատ ըմբոստացած է հայերու զինուորագրումին՝ իր զինակիցներով քաշուելով լեռները, որպէսզի պատրուակ չտայ թուրքերուն։ Երբ տարագրութիւնն ու ջարդը համատարած դարձած են, անցած է հարիւրաւոր գաղթական ժողովուրդի եւ զինեալ երիտասարդութեան գլուխը, դժուարին ճամբորդութիւն մը կատարելով Սեբաստիայէն դէպի Պաթում։ Այդ ոդիսականին պատմականը գրի առած է գրագիտուհի Զապէլ Եսայեան՝ «Մուրատի ճամբորդութիւնը Սվազէն Պաթում» գիրքին մէջ։
Կովկասի մէջ, Մուրատ ամբողջութեամբ նուիրուած է կամաւորական շարժման։ Արեւմտահայաստան մտնող ռուսական զօրքերուն ու հայ կամաւորներուն հետ, Սեբաստացի Մուրատ եւ Կայծակ Առաքել պատմական տարողութեամբ փրկարար գործ կատարած են, ձեռնարկելով ցիրուցան եղած եւ քրտական ցեղախումբեր ինկած հայ բեկորներու ազգահաւաքին՝ «Մէկ հայ, մէկ ոսկի» կարգախօսով։
Ռուսական զօրքի նահանջէն ետք, Մուրատ եւ Սեպուհ, որոնք Սասնոյ կռիւներու օրերէն անբաժան դարձած էին, փութացին հոն, ուր հայութեան վտանգ կը սպառնար, 1918ին յայտնուելով Պաքու, ուր մասնակցած են քաղաքի հայութեան ինքնապաշտպանութեան ընդդէմ օսմանեան եւ ատրպէյճանական զօրքերու յարձակման։
Հերոսական այդ կռիւներուն ընթացքին, երբ կը խոյանար թրքական յարձակող խումբի մը վրայ, 4 Օգոստոս, 1918ին, Սեբաստացի Մուրատ հերոսի մահով ինկած է ռազմի դաշտին վրայ, 44 տարեկան հասակին։ Անոր մարմինը երկու օր ետք վերագտնուած է եւ աւելի ուշ՝ թաղուած Թիֆլիսի Խոջիվանքի գերեզմանատան մէջ։