Առաջնորդ Սրբազան Հօր Քարոզը

ԱՅՐ ԵՒ ԿՆՈՋ ՄԻԱՒՈՐՄԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ

(Առաջնորդ Սրբազան քարոզը, 19 Սեպտեմբեր, 2021)

Այսօր, Խաչի Վերացման երկրորդ Կիրակին, կը զուգադիպի Վարագայ Խաչի բարեկենդանին։ Աւետարանի ընթերցումը առնուած է Մարկոսի Աւետարանէն 10.1-12: Կարգ մը Փարիսեցիներ Յիսուսին կը հարցնեն. «Մեր Օրէնքին համաձայն մէկը իրաւունք ունի՞ իր կինը արձակելու»։ Յիսուս կը պատասխանէ իրենց հարցնելով՝ «Մովսէս ի՞նչ օրէնք սահմանեց ձեզի», եւ ստանալէ ետք պատասխանը, կ՚աւելցնէ՝ «Մովսէս ձեր խստասրտութեան պատճառով այդ օրէնքը սահմանեց: Սակայն, սկիզբէն, արարածներու ստեղծագործութեան ժամանակ, Աստուած «արու եւ էգ ստեղծեց մարդիկը,եւ երկուքը մէկ մարմին պիտի ըլլան»։

Այս ընթերցումը այն հատուածներէն մէկն է, ուր հրաշքի ակնարկութիւն չկայ, այլ միայն ուսուցում՝ ամուսնալուծման մասին։ Քարոզի մը սահմաններուն մէջ, հաստատօրէն  չենք կրնար սպառիչ կերպով խօսիլ այնքան խորք ունեցող նիւթի մը մասին, որուն մէջ կան ֆիզիքական, զգացական, իմացական, հոգեկան, ընկերային, նիւթական եւ այլ ազդակներ։ Յամենայն դէպս, պիտի փորձեմ կարգ մը մտածումներ բաժնել՝ այս հետաքրքրական երկխօսութենէն քաղուած։

ա․ Առաջինը՝ այս խօսակցութեան ձեւին մասին է, որ բաւականին հետաքրքրական է, ինչպէս կարգ մը այլ պարագաներու եւս կը տեսնենք։ Փարիսեցիները կը մօտենային Յիսուսին, ո՛չ թէ լսելու եւ սորվելու, այլ զԻնք թակարդելու մտայնութեամբ։ Օրէնքը ծանօթ էր նոյնիսկ պարզ ժողովուրդին։ Հետեւաբար, իրենց մարտահրաւէրը խոցելի էր եւ, ըստ այնմ, Յիսուս կը հրաւիրէ որ իրե՛նք պատասխանեն իրենց հարցումին։ Այնուհետեւ, քօղազերծելէ ետք անոնց նենգամտութիւնն ու ծանծաղ արդարացումը, թէ Մովսէս օրինադրած է, մեր Տէրը ուղղակի կ՚անցնի այս հրատապ հարցին էութեան, որ կը պատկանի բոլոր սերունդներուն։

բ․ Այս ընթերցումը շատ հետաքրքրական կերպով երկիցս կը կատարուի՝ Այլակերպութեան ու Վերափոխման տօներուն միջեւ (Մտ 19.3-12), եւ Խաչվերացը Վարագայ Խաչին միացնող Կիրակին։ Այնպէս կը հաւատամ, որ այս կրկնութիւնը արդիւնք է ո՛չ թէ այլ ընթերցումներու չգոյութեան, այլ որովհետեւ Եկեղեցւոյ Հայրերը կ՚ուզէին շեշտել ամուսնութեան կարեւոր դերը որպէս հիմք ընկերութեան։

գ․ Մեր Տիրոջ հաստատումը, թէ «սկիզբէն, արարածներու ստեղծագործութեան ժամանակ», Աստուած «արու եւ էգ ստեղծեց մարդիկը», աստուածային սահմանումն է ամուսնութեան որպէս միաւորում երկու սեռերու։ Այս մէկը կրնայ վիճայարոյց թուիլ, այնուամենայնիւ, անառարկելի է նոյնիսկ անոնց կողմէ, որոնք կը փորձեն հերքել այս ճշմարտութիւնը։ Արդարեւ, առարկայական ըլլալու համար, նոյնիսկ անոնք, որոնք կը ջատագովեն նոյնասեռ անձերու կենակցութիւնը, չեն կրնար չընդունիլ, որ սերնդագործութիւնը կարելի է իրականացնել միայն այր եւ կնոջ ամուսնութեամբ։

դ․ Տէրունական պատգամը, թէ՝ «երկուքը մէկ մարմին պիտի ըլլան» խիստ կարեւոր է հասկնալու համար այս միաւորումը, որ կը շեշտէ ո՛չ թէ նկարագիրներու, անհատականութեանց եւ աշխարհահայեացքներու կորուստը, ընդհակառակը «Ես»ի եւ «դուն»ի նորահրաշ միախառնումը՝ «Մենք»ի մէջ, ուր առաքինութիւններ ու արժէքներ, ցաւեր եւ ուրախութիւններ, երազներ ու տենջեր կը բաժնեկցուին։ Ուր թափանցիկութիւնըկը տիրէ, տեղի չտալով խառնաշփոթութեան ու անորոշութեան, եւ գերակայութեան ու ստորակայութեան բոլոր բարդոյթները կը հալին ներդաշնակութեան մթնոլորտին մէջ։

Եթէ երկուութեան արմատները ուզենք գտնել, անոնք բաւականին խոր են։ Միաւորութիւնը զոր Աստուած ստեղծեց, առողջ հիմերու վրայ հաստատուած էր՝ իրարմով մէկ զգալ, զօրանալ ու դիմագրաւել բոլոր մարտահրաւէրները եւ ո՛չ թէ ինքնարդարացումի համար մէկզմէկ մեղադրել, ինչպէս ըրաւ Ադամ Եւային, իսկ Եւան՝ օձին։ Բոլոր սխալներուն, մեղքերուն դարմանը զանոնք ճանչնալն է եւ վստահիլ՝ Աստուծոյ անհուն սէրին եւ ողորմութեամբ լի Շնորհքին։ Որքան որ աստուածային Սէրը մեր ամուսնութեան, ինչպէս նաեւ բոլոր պարագաներուն գործադրենք, ինչպէս Պօղոս Առաքեալ կը սորվեցնէ Կորնթացիներու ուղղած իր նամակին մէջ (1 Կր 13. 4-7), այնքան այս միաւորութիւնը պիտի ըլլայ ո՛չ միայն տեսական եւ կամ երեւակայածին, այլ ձգողական ոյժին նման անսասան հիմքը՝ առողջ, երջանիկ ընտանիքի մը, նաեւ բարգաւաճ ընկերութեան մը։

Այս հասկացողութեամբ, երախտագէտ ըլլանք մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսին, կեանքի վերաբերեալ Իր կենսական ուսուցումներուն համար, որոնք մեզ կ՚առաջնորդեն իրաւ եւ յաւերժական կեանք, փառաբանելով Ամենասուրբ Երրորդութիւնը։ Ամէն։