Ճ. ՄԱՅՔԼ ՅԱԿՈԲԵԱՆ (ծնունդ՝ 20 Հոկտեմբեր, 1913)
Մեծ Եղեռնի վերապրող Ճ. Մայքլ (Յակոբ Միքայէլ) Յակոբեան իր կեանքը նուիրած է ցեղասպանութեան տեսողական փաստագրումին եւ շատ մը ծանօթ հայկական փաստագրական ժապաւէններու բեմադրիչը եղած է։
Ծնած է Խարբերդ, 20 Հոկտեմբեր, 1913ին։ Հրաշքով վերապրած է Եղեռնը, ինչպէս եւ իր ընտանիքը։ 1922ին մեկնած են Միացեալ Նահանգներ։ Նախ հաստատուած են Պոսթըն, իսկ 1927ին փոխադրուած՝ Ֆրէզնօ։
Յակոբեան նախ յաճախած է Գալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանը Ֆրէզնոյի մէջ, եւ ապա շրջանաւարտ եղած է Գալիֆորնիոյ համալսարանի Պըրքլիի ճիւղէն, ուր նաեւ ստացած է իր մագիստրոսական տիտղոսը քաղաքական գիտութիւններու մէջ։ Երկրորդ մագիստրոսական մը եւ դոկտորական տիտղոսներ ստացած է Հարվըրտ համալսարանէն՝ կառավարման եւ միջազգային յարաբերութիւններու մարզին մէջ։ Ամերիկեան բանակին մէջ ծառայելէ ետք Բ. Աշխարհամարտի ընթացքին, դասաւանդած է Հնդկաստանի, Լիբանանի եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ։
Անդրադառնալով, որ դասարանային գործածութեան համար լաւ շարժանկարներ կը պակսէին, Յակոբեան եզրակացուած է, որ ինք կրնար այդ բացը լեցնել։ Հարաւային Գալիֆորնիոյ մէջ շարժապատկերի երկու տարուան դասեր առնելէ ետք, փաստագրական ֆիլմերու ասպարէզը մտած է իբրեւ գրող, բեմադրիչ եւ արտադրող։ 1952ին հիմնած է Atlantis Productions ընկերութիւնը եւ սկսած է արտադրել դաստիարակչական ժապաւէններ։ Առաջին նման ժապաւէնները Հնդկաստանի, Նիկերիոյ, Միջին Արեւելքի եւ բնիկ ամերիկացիներու մասին էր։ Գրած, բեմադրած ու արտադրած աւելի քան 70 փաստանկար, արժանանալով աւելի քան 160 մրցանակի։
1961ին ամուսնացած է Անթուանէթ Հոպտընի հետ եւ երկու տարի ետք հաստատուած են Գալիֆորնիոյ Թաուզընտ Օքս քաղաքը։ Իր աշխատանքին շնորհիւ, 1990ին հաստատուած է քոյր քաղաքի յարաբերութիւնը Թաուզընտ Օքսի եւ Սպիտակի միջեւ՝ 1988ի աղէտալի երկրաշարժին քանդուած քաղաքը։
Արդէն 1965ին, Յակոբեան արտադրած էր «Ո՞ւր է իմ ժողովուրդս» ժապաւէնը՝ Մեծ Եղեռնի 50ամեակին։ Աւեի ուշ, սկսած է վերապրողներու նկարահանումը, աւելի քան 40 տարուան ընթացքին շուրջ 400 տեսակցութիւններ արձանագրելով վերապրողներու եւ ականատեսներու հետ։ Պատրաստած է 17 փաստագրական ժապաւէններ հայ մշակոյթի եւ պատմութեան մասին։ 1976ին, հեռատեսիլի երկու «Էմմի» մրցանակի թեկնածու եղած է՝ «Մոռցուած ցեղասպանութիւն» փաստանկարի բեմագրին ու արտադրութեան համար, որ Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած առաջին երկարատեւ ժապաւէնն էր։ 1979ին հիմնած է «Հայկական շարժանկարներու հիմնարկութիւնը»։
Իր վերջին գործը «Վկաները» եռագրութիւնն էր, որ բաղկացած է «Ձայներ լիճէն» (2000), «Գերմանիա եւ գաղտնի ցեղասպանութիւնը» (2003) եւ «Գետը հոսեցաւ կարմիր ջուրերով» (2009) ժապաւէններէն։ Վերջինը ներկայացուած է 95րդ տարեդարձէն քանի մը օր առաջ։
Ապրիլ 2010ին, Ճ. Մայքլ Յակոբեան համաձայնագիր մը ստորագրած է Հարաւային Գալիֆորնիոյ համալսարանի «Շոա» հիմնարկութեան հետ՝ վերապրողներու վկայութիւններու պահպանման համար, որոնք ներկայիս զետեղուած են համացանցի վրայ։ Այդ համաձայնագիրը ստորագրելէ ետք, 10 Դեկտեմբեր, 2010ին, վաստակաւոր բեմադրիչը մահացած է իր Թաուզընտ Օքսի տան մէջ, 97 տարեկանին։