Առաջնորդարանէն, Մեր ծուխերէն

ՍՐԲԱՊԱՏԿԵՐԻ ՕԾՈՒՄ ՖԻԼԱՏԵԼՖԻԱՅԻ ՄԷՋ

Ձախէն աջ՝ Տոքթ. եւ տիկ. Ժագ եւ Ռոզէթ Խուրի եւ իրենց դուստրը՝ Տալիթա, Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, տոքթ. եւ տիկ. Միշէլ եւ Սոնիա Նալպանտեան եւ իրենց դուստրը՝ Լորիկ, եւ թոռնուհին՝ Ատենէ

Կիրակի, 12 Դեկտեմբերին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, պատարագեց ու քարոզեց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, Ֆիլատելֆիա։ Սրբազան Հայրը մեկնելով օրուան Աւետարանի ընթերցումէն, յայտնեց, թէ անխտիր բոլորս հրաւիրեալներ ենք Աստուծոյ  յաւերժական կոչունքին, ըստ այնմ՝ գնահատենք այս պատիւը (քարոզի լման բնագիրը տեսնել այլուր) ։

Յաւարտ Սուրբ Պատարագի, Սրբազան Հայրը օծեց Ս. Ներսէս Շնորհալի Հայրապետին սրբապատկերը, բարերարութեամբ տէր եւ տիկ. Միւռօ եւ Քրիստին Ունճեանի, տոքթ․ Միշէլ ու Սոնիա  Նալպանտեան եւ տոքթ․ Ժագ ու Ռօզէթ Խուրի ամոլներուն։ Սրբազան Հայրը գնահատեց եկեղեցւոյ հովիւ՝ Արժպ. Տ. Ներսէս Ա. Քհն. Մանուկեանի նախանձախնդրութիւնը եւ նուիրատուներու քաջալերանքը  ի պայծառութիւն եկեղեցւոյ, եւ հրաւիրեց որ հաւատացեալներու կեանքին մէջ միշտ ներկայ ըլլան մեր եկեղեցւոյ սուրբ հայրերը, մանաւանդ Ս. Ներսէս Շնորհալի Հայրապետը, որուն «Հաւատով խոստովանիմ» աղօթքը  առօրեայի 24 ժամերու ընկերակիցն է մեր հաւատքին, տուայտանքներուն եւ բոլոր բարի ցանկութեանց։