ՏԻԳՐԱՆ ՄԱՀՏԵՍԵԱՆԻ (4 Հոկտեմբեր, 1933 – 10 Դեկտեմբեր, 2021)
Անուշաւան Արքեպիսկոպոս եւ Ազգային Վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական Ժողովները ցաւով իմացան, որ պրն. Տիգրան Մահտեսեան իր մահկանացուն կնքած է Ուրբաթ, 10 Դեկտեմբերին, Ռէյսինի մէջ (Ուիսքանսըն), 88 տարեկանին։
Հանգուցեալը ծնած էր 4 Հոկտեմբեր, 1933ին, Պէյրութի մէջ։ Զաւակն էր տէր եւ տիկ. Արմենակ եւ Հայկանոյշ Եղիսեան-Մահտեսեանի։ Ուսումը ստացած էր Հայ Ճեմարանին մէջ (հետագային՝ «Նշան Փալանճեան», այժմ՝ «Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան» Ճեմարան)։ Ընտանիքով Ամերիկա գաղթած է 1963ին ու հաստատուած՝ Ռէյսին։ Տիգրան Մահտեսեան գործօն դեր մը ունեցած է տեղւոյն համայնքին մէջ, ուր ծառայած է իբրեւ հայերէնի ուսուցիչ, դպրաց դասի անդամ, սարկաւագ եւ հոգաբարձու Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ։ Նաեւ եղած է տեղւոյն Հ. Յ. Դ.ի «Մարզպետ» կոմիտէութեան եւ Հայ Օգնութեան Միութեան «Սօսէ» մասնաճիւղի անդամ։
Մեր ցաւակցութիւնները կը յայտնենք հանգուցեալի հարազատներուն. կնոջ՝ Նէնսիին, որդիներուն՝ Վահան (Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ներկայ ատենապետ) եւ Սարգիս, եղբօր՝ տէր եւ տիկ. Վարուժան եւ Արմիկ Մահտեսեան, քրոջ՝ տէր եւ տիկ. Ճօ եւ Շաքէ Եահնեան եւ գերդաստանի համայն պարագաներուն։
Թաղումը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, 18 Դեկտեմբերին, Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ։
Աստուած հոգին լուսաւորէ։