Featured, Առաջնորդարանէն

ԴՈԿՏ. ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ ԱՌՑԱՆՑ ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ՊԻՏԻ ՏԱՅ ԻՐ ՆՈՐԱՏԻՊ ԳԻՐՔԻՆ ՄԱՍԻՆ  

Ազգային Առաջնորդարանի դիւանապետ՝ դոկտ. Վարդան Մատթէոսեան, Ուրբաթ, 28 Յունուարին, երեկոյեան ժամը 10:00ին, առցանց դասախօսութիւն մը պիտի տայ՝ “What’s in a Name: Language, the Politics of the Armenian Genocide, and ‘Medz Yeghern’” նիւթով։ Դասախօսութիւնը մաս կը կազմէ Գալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի (Ֆրէզնօ) հայագիտական ծրագրի 2022ի գարնան դասախօսութիւններու շարքին։ Հետաքրքրուողները կրնան արձանագրուիլ այստեղ։ https://fresnostate.zoom.us/meeting/register/tZMlcu-vqzwvE925cAhz7qUlZihpriO7usOQ

Դասախօսութեան նիւթը հիմնուած է դոկտ. Մատթէոսեանի վերջերս հրատարակած անգլերէն հատորին վրայ՝ “The Politics of Naming the Armenian Genocide: Language, History, and ‘Medz Yeghern‘”, որ կ՚անդրադառնայ «Մեծ Եղեռն» անունի ծագումին եւ գիտութեան ու քաղաքականութեան մէջ անոր անտեսումին եւ խեղաթիւրումին։