Առաջնորդարանէն

ԴՈԿՏ. ՓՕԼ ՀԱՅՏՈՍԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԸ

Երկուշաբթի, 28 Փետրուարին, Թեմիս բարեջան առաջնորդ՝ Անուշաւան Արք. Դանիէլեան, ընդունեց Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի նախագահ Վեր. Դոկտ. Փօլ Հայտոսեանի այցելութիւնը Ազգային Առաջնորդարանին մէջ։ Մերձաւոր Արեւելքի Աստուածաբանական Դպրոցէն եւ Փրինսթընի աստուածաբանական դպրոցէն երկու շրջանաւարտները անցեալի քաղցր պահեր վերյիշեցին եւ Լիբանանի եւ հայ համայնքի ներկայ կացութիւնը քննարկեցին։

Այս առիթով, “Crossroads”ի համար կատարեցինք հարցազրոյց մը, որուն անգլերէն ամբողջական բնագիրը կարելի է կարդալ այստեղ։

Դոկտ. Հայտոսեան, պատասխանելով մեր հարցումին՝ համալսարանի ներկայ վիճակին մասին, յայտնեց, թէ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի նախօրեակին, ուսանողութեան թիւը 650 էր, իսկ այժմ Հայկազեան համալսարանը շուրջ 600 ուսանող ունի չորս ճիւղերու մէջ, 170 հոգինոց ուսուցչական եւ վարչական անձնակազմով։ Համալսարանը ցարդ տարբեր բնագաւառներու պսակաւոր արուեստից (bachelor) եւ մագիստրոսական (master) աստիճաններ տուած է գրեթէ 4500 աշակերտներու։

Անդրադառնալով ներկայ տագնապի ներգործութեան համալսարանին վրայ, դոկտ. Հայտոսեան յայտնեց, թէ բազմակողմանի է. «Առաջինը՝ ուսանողներուն վրայ, որոնց ծնողները կամ ընտանիքները ո՛չ միայն դրամատան իրենց խնայողութիւնները օգտագործելու առիթը կորսնցուցած են, այլեւ կրթաթոշակ վճարելու կարողութիւնը մեծապէս նուազած է։ Երկրորդը՝ երիտասարդներու հանգստաւէտութեան մակարդակը, յոյսի զգացողութիւնը եւ, հետեւաբար, ապագայի ծրագրումի զգացողութիւնը հիմնովին նուազած է»։

Անձնակազմն ալ խոր հետեւանքներ կրած է։ Աշխատավարձը իր գնողական արժէքին մինչեւ 90 առ հարիւրը կորսնցուցած է, մինչ փոխադրութեան ծախսը մեծցած է եւ ապրուստի մակարդակը նուազած՝ ելեկտրական երկարատեւ ընդհատումներու, հիմնական անհրաժեշտութեան տարբեր ապրանքներու չգոյութեան, եւ այլ պատճառներով։

Անդրադառնալէ ետք պսակաձեւ ժահրի բերած դժուարութիւններուն եւ երկրի անյոյս վիճակի բերումով ուսումնական աշխատանքի վրայ կեդրոնանալու անկարելիութեան, դոկտ. Հայտոսեան շեշտեց. «Համալսարանի վարչութիւնը բազմաթիւ մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւէ։ Հիմնականին՝ համալսարանի կրթաթոշակ գանձելու անկարողութիւնը եւ տեղական կարգ մը աղբիւրներու դրամական օժանդակութեան կորուստը։ Աւելի՛ն. համալսարանը դրամատնային իր խնայողութիւնները գործածելու անկարող է, քանի որ այդ գումարներուն մէկ մասը լիբանանեան դրամատուներու մէջ էր, ինչ որ յաւելեալ ճնշումս ստեղծած է, տրուած ըլլալով սահմանափակ եկամուտը եւ համաշխարհրային նուիրատուութիւնները՝ աշխարհի այլ կողմերու տնտեսական հարցերու պատճառով»։

Հայկազեան համալսարանի վարկին եւ ուսումնական մակարդակին վերաբերեալ հարցումի մը պատասխանելով, դոկտ. Հայտոսեան նշեց, թէ Լիբանանի մէջ այսօր աւելի քան 45 համալսարաններ կամ գոլէճներ կան, որոնց շուրջ մէկ երրորդը Լիբանանի համալսարաններու ընկերակցութեան անդամ են։ Ամենահին համալսարանները կը ջանան բարձր չափանիշեր պահել։ 1955ին հիմնուած Հայկազեան համալսարանը այդպիսի լուրջ համալսարաններու շարքին է։

Այդ լրջութիւնը չափելու համար, ըսաւ մեր հիւրը, երկու չափանիշներ կան՝ շրջանաւարտներու  գործունէութիւնը աշխատանքային շուկայի մէջ, եւ յետ-աւարտական ուսման անոնց մակարդակը։ Երկու պարագաներուն ալ, Հայկազեան համալսարանի շրջանաւարտները լաւագոյն դրսեւորուած են իրենք զիրենք։ «Որպէս լրացում», ըսաւ դոկտ. Հայտոսեան, «հպարտ ենք ըսելու, թէ Հայկազեան համալասարանը շատ բարձր համարում ունի Լիբանանի պաշտօնական շրջանակներու, նախարարութիւններու եւ կառավարական, բայց նաեւ՝ ընկերային շրջանակներու մէջ։ Հիմնականին՝ համալսարանը շատ լաւ համալսարան մը կը նկատուի, յատկապէս լուրջ կրթութեան վրայ իր կեդրոնացումով։ Իսկ երկրորդ՝ սնուցիչ միջավայր մը կը խրախուսէ, զոր կը համարենք ընտանեկան մթնոլորտ մը»։

Համալսարանի շրջանաւարտներու ներդրումը Լիբանանի կեանքին մէջ բազմակողմանի է։ Համալսարանի ուսանողական փորձառութիւնը կը ներկայացնէ ամենատարբեր նախընթաց ունեցող անձեր, որոնք կը սորվին գոյակցիլ փոխադարձ հասկացողութեամբ ու խաղաղութեամբ, «ինչ որ ընկերութեան մէջ յետոյ կը թարգմանուի շատ դրական կերպով»։ Միւս կողմէ, «մեր շրջանաւարտները մեծ թիւով կ՚աշխատին Լիբանանի զանազան տեսակի դպրոցներու մէջ իբրեւ ուսուցիչներ եւ վարչական պատասխանատուներ, բայց նաեւ համալսարաններու եւ կառավարական նախարարութիւններու մէջ, ինչպէս եւ մասնաւոր բաժնին ու դրամատնային բաժնին մէջ»։

Եզրափակելով, դոկտ. Հայտոսեան շեշտեց պատշատ կրթութեան կարեւորութիւնը, որ «միայն ուսում չէ, կրթութիւնը նաեւ ուսանողներու ընկերային փոխազդեցութիւնն է, մտածելու համայնքի մը կազմաւորումը, ուր մարդիկ վճռական դեր կը խաղան, բայց նաեւ կը հասկնան ուրիշներ, որոնք կրնան խումբով աշխատիլ, իրարմէ սորվիլ եւ գրադարանի, դասարանի, բակին կամ այլուր նստած ուրիշներու բարօրութեան սատարել»։ Այս մեկնակէով, «ով որ կ՚աշխատի կրթութեան մէջ եւ կ՚ուզէ ընկերութեան բարօրութեան նպաստել, պէտք է յոյսի բարձր աստիճան մը պահէ։ Մեր յոյսը երկրի պայմաններուն վրայ չէ։ Մեր յոյսը դաստիարակելու մեր ծրագրի վրայ է եւ մեր զգացած առաքելութեան վրայ՝ քրիստոնէական իմաստով, ընկերային, ազգային իմաստով։ Պէտք է սատարենք մեր ընկերութիւններու բարօրութեան եւ ապագային, յատկապէս՝ երիտասարդներու կեանքին։ Ասիկա կ՚ըսենք թէ՛ Լիբանանի եւ թէ՛ աշխարհի ամէն երկրի համար»։