ԽՈՐ ՎԻՐԱՊԷՆ ԼՈՒՍԱՐՁԱԿՈՒՈՂ ՀԱՒԱՏՔԸ
(Առաջնորդ Սրբազան Հօր քարոզը, 3 Ապրիլ)
Մեծ Պահոց հոգեւոր ուխտագնացութեան շրջանի վեցերորդ Կիրակին, որուն խորհուրդը կը լուսաբանէ ընթացքը եւ նպատակը մեր կեանքի ամբողջ ուղեւորութեան՝ մայրական արգանդէն դէպի երկրի արգանդը եւ անդին, Հայաստանեայց Եկեղեցին կը տօնախմբէ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի միւս անգամ գալուստը։ Փրկագործութեան խորհուրդին մէջ նախախնամական նշանակութիւն ունեցող այս տօնին կանխող Շաբաթ օրը Հայ Եկեղեցւոյ հայրերը սահմանած են Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի տօնը՝ Մուտն ի Վիրապ, ուր ան դատապարտուած էր անօթութեան, առանձնութեան, եւ օձերու ու կարիճներու խայթոցներէն պատճառուած ամէնօրեայ տառապանքով մահանալու։
Այս մեծ սուրբին կեանքը՝ մեծարուած Առաքելական բոլոր եկեղեցիներու (իմա՛ համայն Ուղղափառ եւ Կաթողիկէ եկեղեցիներու) կողմէ, բոլոր դարերու Քրիստոնեաներուն կենդանի պատգամ մը ունի։ Մուտն ի Վիրապը որքան ալ անցեալին պատահած դէպք մըն է, միաժամանակ մշտանորոգ աղբիւր մըն է որ կը զօրացնէ մեր հաւատքը՝ խարսխուած Քրիստոսի մէջ։ Այս առթիւ, հետեւեալ մտածումները կը բաժնեմ այս մեծ Սուրբի վարքէն, որպէս ամէնօրեայ հոգեւոր սնունդ։
ա) Գրիգոր անունը կը նշանակէ արթուն։ Այս պարագային, իր անունն իսկ կը մատնանշէ, թէ ան արթուն անձ էր ո՛չ միայն մարմնով ու մտքով, այլ նաեւ հոգիով, տեղեակ ըլլալով Չարի ոռոգայթներուն։ Իրաւ է, որ Գրիգոր մերժելով ենթարկուիլ իր զարմիկին՝ Տրդատ թագաւորի հրամանին, առիթ տուաւ անոր, որ իրազեկ դառնալէ ետք իր ինքնութեան, ան իր հօր վրէժը լուծէ, այնուամենայնիւ, իսկութեան մէջ աւելի մեծ՝ հոգեւոր պատերազմ մը տեղի կ՛ունենար այս առթիւ, ինչպէս Պօղոս Առաքեալ կ՛ըսէ. «Մեր պատերազմը մարդոց հետ չէ, այլ՝ երկինքի տակ գտնուող չար ոգիներուն, իշխանութիւններուն եւ պետութիւններուն, այս խաւար աշխարհի տիրակալներուն դէմ:» (Եփ 6.12)։
Գրիգորին տրուած պատիւը՝ զոհ մատուցանելու Անահիտ աստուածուհիին, բացառիկ առանձնաշնորհում էր, բայց եւ թաքուն ոռոգայթ էր լարուած Խաբեբային կողմէ, զինք շեղեցնելու իր առաքելութենէն։ Այն մեծ փորձութիւնը որ առաջարկուած էր Վարդապետին, թէ՝ «այս բոլորը [երկրի թագաւորութիւնը իր բոլոր փառքվ] քեզի՛ կու տամ, եթէ երկրպագելով՝ պաշտես զիս» (Մտ 4.9), իրեն եւս կը հրամցուէր։ Բայց որովհետեւ արթուն էր մտքով ու հոգիով, ան նախընտրեց խաչի փառքը կրել քան ունայնութեան պսակը։
բ) Տաժանակիր 14 տարբեր տեսակի չարչարանքներէ ետք, Գրիգոր համարեայ «ողջ» կը թաղուի՝ Խոր Վիրապ նետուելով, որպէսզի իր մահկանացուն կնքէ ամենաթշուառ կերպով, բայց եւ այնպէս ոչինչ կրցաւ զինք հեռացնել Աստուծմէ, ինչպէս Պօղոս Առաքեալ կ՛ըսէ. «Ո՞վ կրնայ, ուրեմն, մեզ բաժնել Քրիստոսի սէրէն. նեղութի՞ւնը, անձկութի՞ւնը, հալածա՞նքը, սո՞վը, մերկութի՞ւնը, վտա՞նգը կամ սո՞ւրը» (Հռ 8.39)։ Իր կենդանի օրինակով, Սուրբ Լուսաւորիչ մշտահոս աղբիւր մը դարձաւ ուժականութեան, որպէսզի հաւատարիմ մնանք Աստուծոյ հանդէպ եւ մեր հաւատքը ամուր պահենք Քրիստոսով՝ կեանքի բոլոր պատահաներուն դիմաց։
գ) Սուրբ Գրիգոր աննկարագրելի խոշտանգումներէն ետք, յուսահատութեան, լքուածութեան եւ զրկանքի ահռելի գուբին մէջ, հաւատքով սպառազինուած, վկայ դարձաւ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի ուսուցումին, թէ՝ «ան որ կը ծառայէ ինծի պէտք է հետեւի ինծի» (Յհ 12.26)։ Բանասիրութեան մնայուն նիւթ դարձած է Լուսաւորիչի 13 տարիներու բանտարկութեան շրջանը։ Տեւողութիւնը որքան ալ քննարկման առարկայ ըլլայ, էական հարցը սակայն սուրբին հաւատքի զօրութիւնն է, որով ցմրուր քամելով իրեն հրամցուած դառնութեան բաժակը, կրցաւ Չարին յաղթահարել Քրիստոսով, եւ դուրս գալ մահուան փոսէն՝ լուսաւորելու Հայաստան աշխարհը։ Արդարեւ, երբ հետեւինք Քրիստոսի՝ կը գտնենք մեղքի մէջ կորսուած մեր անձը, եւ կ՛առաջնորդենք ուրիշները որ իրենք եւս գտնեն իրենց կորսուած անձը։ Երբ հետեւինք Քրիստոսի, կը լուսաւորենք մեր խաւարեալ մարմինը, միտքն ու հոգին եւ կ՛ազատագրենք իրենց բոլոր տկար զգացումներէն ու մտածումներէն, եւ կրնանք լուսաւորել ուրիշներ, որոնք կը քալեն տգիտութեան, անորոշութեան եւ յուսահատութեան խաւարին մէջ։
դ) Սուրբ Գրիգոր՝ մշտարթուն ծառան Քրիստոսի, իր խոնարհութեամբ, համբերութեամբ եւ յոյսով դարձաւ բոլոր դարերու հաւատացեալներուն կենդանի կտակարան մը, թէ «նեղութիւնները մեզի համբերութիւն կու տան, համբերութիւնը՝ տոկունութիւն, տոկունութիւնը՝ յոյս, իսկ յոյսը երբեք ամօթով չի ձգեր, որովհետեւ Աստուծոյ սէրը տեղ գտած է մեր սիրտերուն մէջ՝ մեզի տրուած Սուրբ Հոգիին միջոցաւ» (Հռ 5. 4-5)։
Քրիստոսի Խոստովանող բազմաչարչար հայրապետի՝ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի կենդանի օրինակը ունենալով մեր առջեւ, աղօթենք եւ խնդրենք Ամենասուրբէն որ ազատէ մե՛զ եւս մեր մեղքի վիրապէն, եւ արժանացնէ մեզ բոլոր սուրբերուն հետ կամովին եւ ուրախութեամբ փառաւորելու Ամենասուրբ Երրորդութիւնը։ Ամէն։