Աստուածաշնչական Ընթերցումներ

ԿԻՐԱԿԻ, 10 ԱՊՐԻԼ ԾԱՂԿԱԶԱՐԴ—ՔՐԻՍՏՈՍԻ ՅԱՂԹԱԿԱՆ ՄՈՒՏՔԸ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ

ԿԻՐԱԿԻ, 10 ԱՊՐԻԼ
ԾԱՂԿԱԶԱՐԴՔՐԻՍՏՈՍԻ ՅԱՂԹԱԿԱՆ ՄՈՒՏՔԸ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ

 

ՃՇ. ԸՆԹԵՐՑՈՒՄ

Երգ 1.1-2.3, Զաք 9.9-15

 

ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 20:29-21:17

Երբ Յիսուս եւ իր աշակերտները Երիքովէն դուրս կ’ելլէին, մեծ բազմութիւն մը հետեւեցաւ իրեն: Ճամբու եզերքին նստած երկու կոյրեր, երբ լսեցին որ Յիսուս կ’անցնի, սկսան աղաղակել.

– Ողորմէ՛ մեզի, Յիսո՜ւս, Դաւիթի՛ Որդի:

 

Ժողովուրդը սաստեց զանոնք որ լռեն, բայց անոնք աւելի բարձր ձայնով շարունակեցին աղաղակել.

– Ողորմէ՛ մեզի, Տէ՜ր, Դաւիթի՛ Որդի:

 

Յիսուս կանգ առաւ, իր մօտ կանչեց կոյրերը եւ հարցուց.

– Ի՞նչ կ’ուզէք որ ընեմ ձեզի:

 

Անոնք պատասխանեցին.

– Տէ՛ր, թող մեր աչքերը բացուին:

 

Յիսուս գթաց եւ անոնց աչքերուն դպաւ: Կոյրերը անմիջապէս սկսան տեսնել եւ հետեւեցան Յիսուսի:

 

Երբ Երուսաղէմի մօտեցան եւ հասան Բեթփագէ, Ձիթենեաց լեռան կողին, Յիսուս իր աշակերտներէն երկուքը ղրկեց՝ անոնց պատուիրելով.

– Գացէք սա դիմացի գիւղը եւ անմիջապէս հոն կապուած էշ մը պիտի գտնէք իր աւանակին հետ. քակեցէք եւ ինծի բերէք: Եւ եթէ մէկը առարկէ, ըսէք. «Տէրը պէտք ունի», եւ անմիջապէս թոյլ պիտի տայ ձեզի:

 

Ասիկա պատահեցաւ, որպէսզի իրականանայ ինչ որ Տէրը ըսած էր մարգարէին բերնով.-

«Երուսաղէմի ըսէք.-

Ահա թագաւորդ քեզի կու գայ.

անիկա հեզ է, նստած՝ իշու մը աւանակին վրայ»:

 

Աշակերտները գացին եւ կատարեցին ինչ որ Յիսուս պատուիրեց իրենց: Բերին էշն ու աւանակը եւ իրենց վերարկուները անոնց վրայ դրին: Ապա Յիսուս նստաւ աւանակին վրայ: Ժողովուրդէն շատեր իրենց վերարկուները կը փռէին ճամբուն վրայ, ուրիշներ ծառերէն ոստեր կը կտրէին եւ կը տարածէին ճամբուն վրայ: Եւ ամբողջ բազմութիւնը, որ թափօրին մէջ Յիսուսի առջեւէն կ’երթար կամ կը հետեւէր իրեն, կ’աղաղակէր.-

«Օրհնութի՜ւն Դաւիթի Որդիին,

օրհնեալ է ան՝ որ կու գայ Տիրոջ անունով:

Օրհնութի՜ւն Բարձրեալին»:

 

Երբ Յիսուս Երուսաղէմ մտաւ, ամբողջ քաղաքը դղրդեցաւ:

– Ո՞վ է ասիկա,- կը հարցնէին քաղաքի բնակիչները:

 

Եւ ամբոխը կը պատասխանէր.

– Ասիկա Յիսուս մարգարէն է, Գալիլեայի Նազարէթ քաղաքէն:

Ապա Յիսուս տաճար մտաւ եւ դուրս վռնտեց բոլոր անոնք, որոնք տաճարի շրջափակին մէջ առուծախ կ’ընէին. լումայափոխներուն սեղանները եւ աղաւնեվաճառներուն աթոռները շրջեց եւ ըսաւ անոնց.

 

– Սուրբ գիրքերուն մէջ գրուած է. «Իմ տունս աղօթքի տուն պիտի կոչուի», մինչ դուք զայն աւազակներու որջի վերածած էք:

 

Տաճարին մէջ Յիսուսի մօտեցան կոյրեր ու կաղեր, եւ անիկա բժշկեց զանոնք: Երբ աւագ քահանաները եւ Օրէնքի ուսուցիչները տեսան Յիսուսի կատարած հրաշքները եւ լսեցին աղաղակը մանուկներուն, որոնք տաճարին մէջ կը գոչէին. «Օրհնութի՜ւն Դաւիթի Որդիին», բարկացան եւ Յիսուսի ըսին.

 

– Կը լսե՞ս ինչ կ’ըսեն ատոնք:

 

Յիսուս պատասխանեց.

 

– Այո՛, չէ՞ք կարդացած Սուրբ գիրքին սա խօսքը, թէ «Մանուկներու եւ կաթնկեր երեխաներու բերնով գովեստ հիւսեցիր»:

 

Ապա Յիսուս զանոնք ձգելով քաղաքէն դուրս ելաւ՝ դէպի Բեթանիա, եւ հոն գիշերեց:

 

ՆԱՄԱԿ ՓԻԼԻՊՊԵՑԻՆԵՐՈՒՆ 4:4-7

Միշտ ուրախ եղէք Տիրոջմով. դարձեալ կ’ըսեմ՝ ուրախ եղէք: Բոլորին հանդէպ ազնիւ եղէք: Շուտով Տէրը կու գայ: Ոեւէ բան թող չմտահոգէ ձեզ. այլ միշտ ձեր աղօթքներուն եւ աղաչանքներուն մէջ գոհաբանութեամբ Աստուծմէ խնդրեցէք ինչ բանի որ կարիքը կը զգաք, եւ այն ատեն Աստուծոյ խաղաղութիւնը, որ միտքով կարելի չէ հասկնալ, խաղաղ պիտի պահէ ձեր սիրտերն ու միտքերը, որոնք Քրիստոս Յիսուսի միացած են: