Մեր դպրոցներէն

«ՍԻԱՄԱՆԹՕ» ԼՍԱՐԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒ ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑԸ ԵՐԱԺՇՏՈՒԹԵԱՆ ԴԱՍԱՏՈՒ՝ ՊՐՆ․ ՌԱՖՖԻ ՌՇՏՈՒՆԻԻ ՀԵՏ

Ե՞րբ երաժիշտ դարձաք եւ ի՞նչ էր պատճառը այդ ճամբան ընտրելու:

Դաշնամուրի դասերու յաճախել սկսայ 6 տարեկանիս եւ շարունակեցի երկրորդական վարժարանի տարիներուն: Պատանեկութեանս նաեւ շատ կը սիրէի աւագասրինգ նուագել խումբի մէջ եւ երգել՝ երգչախումբի մէջ։ Միշտ սիրած եմ հայկական երաժշտութիւն լսել. յատկապէս սիրած եմ Արամ Խաչատուրեանի «Թոքաթա»ն, Սպենդիարեանի «Կակաչներ»ը եւ Աւետիսեանի «Էնզէլի»ն։ Նաեւ կը պարէի հայկական դպրոցին եւ Համազգայինի պարախումբին մէջ։

 

– Ինչպէ՞ս երաժշտութեան ուսուցիչ դարձաք եւ ինչո՞ւ։

Երբ անձնական դասեր սկսայ տալ՝ պատանի էի, ու զգացի որ կը սիրէի դասաւանդել։

Ձիրքս զարգացուցի համալսարանին մէջ, կանոնաւոր կերպով կը նուագէի եւ ամբողջովին թաղուեցայ երաժշտութեան աշխարհին մէջ։ Աւարտելէ ետք, հայկական դպրոցի դասաւանդութիւնը ընդունեցի եւ սկսայ եկեղեցւոյ ծառայել երաժշտական տարբեր ուղիներով․ օրինակ՝ Աստուածաշունչի ճամբարին մէջ երգեհոն նուագողներէն եւ երաժշտութեան ուսուցիչներէն մին եղայ։ Կեանքիս մէջ, մեծ մասամբ սիրելով կատարած եմ երաժշտական դասատուի պաշտօնը, մասնաւորաբար երբ կարգը կու գայ մեր հրաշալի հայկական երաժշտութեան։

 

– Ո՞վ է ձեր նախընտրած հայ երաժիշտը / հեղինակը եւ ինչո՞ւ։

Ես պիտի ըսէի, թէ իմ սիրելի հայ երաժիշտները Հայաստանի «Շողակն» եւ «Նայիրեան» համոյթի անդամներն են՝ երաժշտութեան գեղեցիկ եւ հարուստ մեկնաբանութեան պատճառով: Կը սիրեմ վերոյիշեալ երաժիշտները, ինչպէս նաեւ Առնo Պապաճանեանի եւ Լեւոն Մինասեանի ստեղծագործութիւնները:

 

Մենք պարոն Ռաֆֆիին «Հայ երաժշտութեան նախաբանի Ա․ մաս» դասընթացքին հետեւեցանք․ անոր դասաւանդութիւնը սիրեցինք։ Պրն․ Ռաֆֆիին նշանակած պարտականութիւնները շատ օգտակար եղան նիւթը հասկնալու եւ դասապահը շատ աւելի հաճելի դարձուցին։ Շնորհակալութիւն կը յայտնենք իրեն իր տուած ժամանակին եւ հարցազրոյցի պատասխաններուն համար։

 

Հայացուցին՝ Քաթրինա Արուեստեան եւ Նորա Յարութիւնեան

«Սիամանթօ» լսարանի Ա. տարուան հետեւող Սբ․ Ստեփանոս Շաբաթօրեայի աշակերտուհիներ