Կաթողիկոսարանէն

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉԻ ՏՕՆԻՆ

Շաբաթ, 2 Ապրիլին, Դպրեվանքի սաներ եւ ուխտաւորներ առաւօտեան կանուխ ժամերուն երթ կատարեցին Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքէն Անթիլիասի Մայրավանք, որմէ ետք մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ։ Յաջորդաբար, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս «Կիլիկիա» թանգարանէն դուրս բերաւ մեր եկեղեցւոյ հոգեւոր հարստութիւններէն սրբազան մասունքներ, իսկ երեկոյեան Մայրավանքին մէջ տեղի ունեցաւ հսկումի արարողութիւն, նախագահութեամբ Վեհափառ Հայրապետին, որուն աւարտին ան իր խօսքը ուղղեց ուխտաւոր հայորդիներուն, որոնք աղօթական վիճակի մէջ կը գիշերեն Տաճարին մէջ։

Կիրակի, 3 Ապրիլին, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի, Վեհարանի դահլիճէն սկիզբ առաւ հայրապետական թափօրը, որ սրբազան մասունքներու արկղով մուտք գործեց Մայր Տաճար: Ս. Պատարագ մատուցեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց Մայր Տաճարի լուսարարապետ Գերշ. Տ. Կոմիտաս Արք. Օհանեան։

Ս. Պատարագի աւարտին, Վեհափառ Հայրապետին գլխաւորութեամբ տեղի ունեցաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի Աջով աւանդական թափօր: Սուրբի Աջին կողքին, հաւատացեալ ժողովուրդը օրհնուեցաւ նաեւ Եկեղեցւոյ մեծագոյն սուրբերէն՝ Ս. Սեղբեստրոս եւ Ս. Նիկողայոս հայրապետներու աջերով, ինչպէս նաեւ այլ սրբազան մասունքներով: Թափօրի աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը, միաբան հայրերու ընկերակցութեամբ, բարձրացաւ խորան եւ Լուսաւորչի սրբազան Աջով կատարեց ջրօրհնէքի արարողութիւն։ Ապա, Մայր Տաճարի խորանին վրայ զետեղուեցան Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայրապետի, Ս. Սեղբեստրոս եւ Ս. Նիկողայոս Հայրապետներու աջերը, որոնք միաբան հայրերու հսկողութեան ներքեւ հոն մնացին մինչեւ ուշ երեկոյ։